Noticias en idioma armenio
Այս անունով ծանօթ էր ան. մեր ընկերը, մեծանուն յեղափոխականը, որ երեք օր առաջ օտար հողին յանձնուեցաւ Փարիզի մէջ:
Հատ մըն ալ կ’աւելնայ նոյն հողին վրայ «հայոց մեծաց» գերեզմաններէն. հոն՝ ուր հին օրերէն կը հանգչի Կիլիկիոյ տարաբախտ ու հայրենասէր թագաւորներէն Լեւոն Զ-ը (Սէն Տընի). իսկ Փէռլաշէզի մէջ՝ Ազգային Սահմանադրութեան հիմնադիրներէն՝ գրագէտ ու ազգային անմահ գործիչ՝ Գրիգոր Օտեանը, [...]
Ազրպէյճանի մէջ մեծապէս տարածուած է հայատեացութեան երեւոյթը, իսկ եւրոպական երկիրները բաւարար չափով տեղեկութիւն չունին այդ մասին: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, նշեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Քորիերէ տելլա Սերա» թերթին հետ հարցազրոյցին ընթացքին:
«Օրինակ, Եւրոպայի լիկայի եզրափակիչին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ տարի գարնան Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ, այն ժամանակ «Արսենալ»-ի, իսկ ներկայիս «Ռոմա» ակումբի խաղացող Հենրիխ Մխիթարեանը [...]
Արեւմտեան Աւստրալիոյ նահանգի խորհրդարանի երեսփոխան Փիթըր Քաթսամպանիսը հերթական նիստի ժամանակ բարձրացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Քաթսամպանիս ըսած է, որ «երբեք պէտք չէ մոռնալ Հայոց ցեղասպանութեան վայրագութիւններուն եւ սարսափներուն մասին, ասորիներու եւ պոնտացի յոյներու ցեղասպանութեան մասին», կը տեղեկացնէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը:
Ան նաեւ նշած է պատերազմի հերոս, աւստրալացի Ճորճ Տէյվին Թրելորի մասին, որ անընդհատ աշխատած է [...]
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2019 թուականը գնահատած է իբրեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ «փախցուած առիթներու տարի»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Ալիեւ երէկ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Միրոսլաւ Լայչաքի հետ Պաքուի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է, որ տագնապը մեծ խնդիր է ամբողջ շրջանին համար, իսկ այս տարին ինք կը գնահատէ իբրեւ փախցուած առիթներու տարի` [...]
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու գրաւոր պատասխանած է Թուրքիոյ խորհրդարանի ծրագրաւորման եւ պիւտճէական յանձնախումբին մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պիւտճէի քննարկումներուն ժամանակ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն երեսփոխան Կարօ Փայլանի` «Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ պատրաստ է առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու, այս նիւթով Հայաստանին պատասխանա՞ծ էք» հարցումին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու [...]
26 նոյեմբերին, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ:
«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ չորս ժամ տեւած նիստի աւարտին հրապարակուած է արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւն, որմէ յստակ դարձած է, որ նիստին քննարկուած է նաեւ տարբեր երկիրներու օրէնսդիր մարմիններուն կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումներու նիւթը:
Յայտարարութեան` Ցեղասպանութեան նիւթին վերաբերող հատուածին մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի.
«Խստօրէն դատապարտուած են 1915-ի իրադարձութիւններուն [...]
Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ Պուէնոս Այրեսի «Արամ Մանուկեան» Կոմիտէի կազմակերպութեամբ, անցեալ Կիրակի Նոյեմբեր 30ին, «Խրիմեան» Վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 129ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը՝ աւելի քան 200 ներկաներով:
Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի հոգեւոր Հայր Սուրբ՝ Արեն Շահինեանը, ՀՄԸՄի, ՀՕՄի, Համազգայինի, Պատանեկան Միւթեան եւ ՀՅԴ տարբեր մարմիներու ներկայացուցիչներ:
Նախքան հանդիսութեան սկսիլը, «Մանուկեան» [...]
ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ.- Նոյեմբեր 21ին, Թուրքիոյ ուրացման արշաւին ազդու կերպով հակադարձելու նպատակով, ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ (Դ., Նիւ Ճըրզի) եւ Թետ Քրուզ (Հ., Թեքսաս) տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան Ծերակոյտին բեմէն, առաջարկելով միաձայնութեամբ հաստատել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը, սակայն, այս անգամ ծերակուտական Տէյվի Փըրտու (Հ., Ճորճիա) կասեցուց բանաձեւը քուէարկութեան դնելու փորձը։
«Այս բանաձեւը կը յստակացնէ փաստ մը, որ տարիներէ [...]
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան շէնքին առջեւ 22 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը պահանջող նախաձեռնող խումբի մամլոյ ասուլիսը:
«Առաւօտ»-էն Գոհար Յակոբեան կը գրէ, թէ 16-րդ օրն է, որ կը շարունակուի դաշնակցական երիտասարդներու նստացոյցը, եւ անոնք քնապարկերով կը շարունակեն գիշերել նախարարութեան շէնքին մօտ: Ջերմաստիճանը` -3: Քանի մը օր առաջ երիտասարդներուն բերած վառարանը ոստիկանութիւնը [...]
Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներուն հետ կապերու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլին Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանի հեռարձակուող «Փոզներ» յայտագիրէն այլ հարցերու կողքին անդրադարձաւ արցախեան հիմնահարցին:
Փոզներ անդրադարձաւ վերջերս Զաթուլինի` Արցախի բարեկամներու խորհրդաժողովի ծիրին մէջ Արցախ այցելութեան, որուն պատճառով ազրպէյճանական արտաքին գործոց նախարարութիւնը խիստ քննադատութեան ենթարկած էր զինք: Զաթուլին յիշեցուց, որ Փոզներ եւս [...]
Թուրքիոյ խորհրդարանի ծրագրաւորման եւ պիւտճէական յանձնախումբին մէջ երեքշաբթի օր հաստատուած պիւտճէին մէջ Հետազօտութիւններու եւ անվտանգութեան գծով աշխատանքներու գլխաւոր վարչութեան պիւտճէն 2019 թուականին 11,2 միլիոնին փոխարէն 2020 թուականին համար նուազեցուած է 5,9 միլիոն լիրայի: «Երկիր» կը տեղեկացնէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիեթ» կայքը:
«Ճումհուրիեթ»-ի լրագրող Հուսէյն Հայաթսեւեր կը նշէ, որ Թուրքիան «ցեղասպանութեան թեզերուն» դէմ պայքարը [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ ներկայացուած օրէնքին նախագիծը, որով կ՛առաջարկուի ամսական նուազագոյն աշխատավարձը 55 հազար դրամէն վերածել 68 հազար դրամի:
Խորհրդարանի 19 Նոյեմբերի նիստին պատգամաւորներ Վարազդատ Կարապետեանի, Բաբկեն Թունեանի եւ Նարեկ Զէյնալեանի առաջարկած «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» եւ «Պետական պաշտօններ եւ պետական ծառայութեան պաշտօններ զբաղեցնող անձանց [...]
????????????????????????????????????
20 նոյեմբերին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանն ու ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցան 2020-ին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն նախագահի հաւանական թեկնածու, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ:
Այս հանդիպումով եզրափակուեցաւ Արցախի նախագահի 5 հաւանական թեկնածուներու հետ ՀՅԴ [...]
չորեքշաբթի, 20 նոյեմբերին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի, տեսակցութիւն ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայրերուն եւ Վենետիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Միլանոյի մէջ ան այցելեց Միլանոյի Հայ առաքելական Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, հանդիպում ունեցաւ Միլանոյի քաղաքապետին եւ տեղւոյն համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Վենետիկի մէջ Մխիթարեան միաբանութեան վանահայրերուն եւ Վենետիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին [...]