Յարութ Սասունեան - "­­Քա­լի­ֆոր­նիա ­­Քու­րիըր"

Ա­լիեւ­նե­րու ըն­տա­նի­քը կը կո­ղոպ­տէ Ատր­պէյ­ճա­նը

19 de mayo de 2017

Familia AlievԱտր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր նաւ­թա­յին եւ կա­զա­յին բազ­մա­մի­լիառ ե­կա­մուտ­նե­րը կը բաշ­խէ հե­տե­ւեալ չորս ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝ կա­շա­ռա­տուու­թիւն, Ա­լիե­ւի ըն­տա­նի­քին եւ ա­նոր բա­րե­կամ­նե­րուն կող­մէ գո­ղօն (թա­լան), ռազ­մա­կան գնում­ներ եւ նա­խա­հա­շի­ւա­յին այլ հար­ցեր: ­­Զար­մա­նա­լի չէ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ժո­ղո­վուր­դին ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կ­­՛ապ­րի ծայ­րա­յեղ աղ­քա­տու­թեան մէջ` հա­կա­ռակ Ա­լիե­ւի միա­պե­տու­թեան վաս­տա­կած նաւ­թա­յին մի­լիա­ռա­ւոր տո­լար­նե­րուն:

Ան­ցեալ շա­բաթ լու­սա­բա­նե­ցինք Ատր­պէյ­ճա­նի կա­շա­ռա­տո­ւու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, իսկ այս շա­բաթ կը ներ­կա­յաց­նենք օ­րի­նակ­ներ, թէ ինչ­պէ՛ս կո­ղոպ­տո­ւած (թա­լա­նո­ւած) է Ատր­պէյ­ճա­նի հարս­տու­թեան մեծ մա­սը՝ Ա­լիե­ւի ըն­տա­նի­քին եւ իշ­խող յան­ցա­գործ խում­բի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ:

Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ­­Միա­ցեալ ­­Նա­հանգ­նե­րու պե­տա­կան բա­ժան­մուն­քի զե­կոյ­ցը անդ­րա­դար­ձած է Ատր­պէյ­ճա­նի ինք­նա­կալ վար­չա­կար­գի «հա­մա­տա­րած փտախ­տին»: «Թ­րանս­փէ­րըն­սի Ին­թըր­նե­շը­նըլ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, 2016ի կա­շա­ռա­կե­րու­թեան մա­սին իր հա­մաշ­խար­հա­յին զե­կոյ­ցին մէջ, Ատր­պէյ­ճա­նը դա­սած է ա­մէ­նէն փտախ­տա­ւոր եր­կիր­նե­րու շար­քին. 176 եր­կիր­նե­րու ցան­կին մէջ ա­նի­կա կը գրա­ւէ 123րդ ­տե­ղը:

Ան­ցեալ ա­միս, լրագ­րող ­­Տաֆ­նէ ­­Քա­րո­ւա­նա ­­Կա­լի­ցիա իր կայ­քին մէջ բա­ցա­յայ­տած է, որ Մալ­թա­յի Pilatus դրա­մա­տան ե­րեք ա­մէ­նէն մեծ յա­ճա­խորդ­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նէն են, ա­ռա­ջի­նը՝ ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րար ­­Քա­մա­լէտ­տին ­­Հէյ­տա­րովն է, ո­րուն կը յա­ջոր­դեն նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի ե­րի­տա­սարդ որ­դին՝ ­­Հէյ­տար Ա­լիե­ւը եւ դուստ­րը՝ ­­Լէյ­լա Ա­լիե­ւան:

Կա­լի­ցիա կը յայտ­նէ, որ «­­Հէյ­տար Ա­լիեւ [նա­խա­գա­հի որ­դին] նախ փոր­ձած է դրա­մատ­նա­յին հա­շիւ բա­նալ ­­Վա­լե­թա­յի դրա­մա­տան մէջ [­­Մալ­թա], սա­կայն մեր­ժում ստա­ցած է այն հի­մուն­քով, որ ան ա­մէ­նէն փտախ­տա­ւոր եր­կիր­նե­րէն մէ­կուն քա­ղա­քա­կա­նա­պէս խո­ցե­լի մար­դոց­մէ մէկն է, եւ առ­կայ են դրա­մի լո­ւաց­ման լուրջ վտանգ­ներ (ռիս­քեր)»: ­­Կա­լի­ցիա նաեւ բա­ցա­յայ­տած է, որ «Pilatus դրա­մա­տան ա­ւանդ­նե­րու 60 տո­կո­սը կը պատ­կա­նի Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կա­նա­պէս խո­ցե­լի մար­դոց»: ­­Հե­տե­ւա­բար, կրնանք վստա­հօ­րէն են­թադ­րել, որ այդ ե­րեք ատրպէյ­ճան­ցի­նե­րու կող­մէ պահ դրո­ւած գու­մար­նե­րը կը կազ­մեն մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­ներ…

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ Pilatus դրա­մա­տան սե­փա­կա­նա­տէ­րը ի­րան­ցի է, ­­Սէ­յիտ Ա­լի ­­Սատր Հա­շե­մի­նի­ճատ ա­նու­նով, ո­րուն «ան­ցեալ ­­Հինգ­շաբ­թի [2017, Ապ­րիլ 20] տե­սախ­ցիկ­նե­րը որ­սա­ցած էին իր դրա­մա­տան տա­րած­քին մէջ, դրա­մա­տան վտանգ­նե­րու (ռիս­քե­րու) կա­ռա­վա­րիչ Ան­թո­նե­լա ­­Կաու­չիի ու­ղեկ­ցու­թեամբ փաս­տա­թուղ­թե­րու պա­յու­սակ­ներ դուրս բե­րե­լու պա­հուն»:

Ցա­ւօք, մալ­թա­կան դրա­մա­տու­նը միա­կը չէ, ուր Ա­լիեւ­նե­րը եւ ա­նոնց յան­ցա­գործ խում­բը թաք­ցու­ցած են ահ­ռե­լի գու­մար­ներ: ­­Կան Ա­լիե­ւ­նե­րու եւ ա­նոնց միջ­նորդ­նե­րու կող­մէ ստեղ­ծո­ւած ստո­ւե­րա­յին բազ­մա­թիւ ըն­կե­րու­թիւն­ներ՝ մե­ծա­ծա­ւալ կան­խիկ գու­մար­նե­րու լո­ւաց­ման նպա­տա­կով, ո­րոնց կա­պը Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ դժո­ւար է հաս­տա­տել:

Ա­լիեւ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ այն­քան շատ դրա­մատն­տե­սա­կան գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ կան, որ դժուար է ա­ռանձ­նաց­նել ա­նոնց­մէ մէ­կը, սա­կայն ա­մէ­նէն մեծ գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կ­­՛առն­չո­ւի նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի ե­րեք զա­ւակ­նե­րուն կող­մէ Տու­պա­յի մէջ ան­շարժ շքեղ գոյ­քի գնում­նե­րուն հետ,- ըստ «Ո­ւա­շինկ­թըն ­­Փոսթ»ի: Հէյ­տար Ա­լիեւ, Ա­լիե­ւի այդ օ­րե­րու 11ա­մեայ որ­դին, 2009ին գնած էր ի­նը ծո­վափ­նեայ ա­ռանձ­նա­տու­ներ՝ 44 մի­լիոն տո­լար գու­մա­րով…: Ա­նոր եր­կու քոյ­րե­րը՝ ­­Լէյ­լա եւ Ար­զու Ա­լիե­ւա­նե­րը, գնած էին քա­նի մը ա­ռանձ­նա­տու­ներ եւս, լրա­ցու­ցիչ 31 մի­լիոն տո­լա­րով: Այս ու­նե­ցո­ւած­քին հա­մար վճա­րո­ւած էր «կան­խիկ»: Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քի այդ զա­ւակ­նե­րը ուր­կէ՞ ձեռք բե­րած են 75 մի­լիոն տո­լար, հա­շո­ւի առ­նե­լով, որ ա­նոնք ե­կա­մուտ չու­նին, իսկ ա­նոնց հօր՝ նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի տա­րե­կան պաշ­տօ­նա­կան ե­կա­մու­տը ըն­դա­մէ­նը կը կազ­մէ 228.000 տո­լար…

«Ո­ւա­շինկ­թըն ­­Փոսթ»ի յօ­դո­ւա­ծը, բա­ցա­յայ­տե­լով այս գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, պար­զա­բա­նած է, որ «գու­մար­նե­րը երկ­րէն դուրս տե­ղա­փո­խե­լու ա­ճա­պա­րան­քը, ան­տե­սե­լով շա­հի չա­փե­րը, բնո­րոշ է նաւթ ար­դիւ­նա­բե­րող բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու, ուր ան­պար­կեշտ ընտ­րա­նին կը ձգտի ա­պա­հո­վել իր հարս­տու­թեան ա­պա­հո­վու­թիւ­նը՝ քա­ղա­քա­կան քա­մի­նե­րու փո­փո­խու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին»:
Կազ­մա­կեր­պո­ւած յան­ցան­քի եւ կա­շա­ռա­կե­րու­թեան լու­սա­բան­ման նա­խա­գի­ծի (OCCRP) կայ­քը կը նե­րա­ռէ քա­նի մը տաս­նեակ յօ­դո­ւած­ներ՝ Ատրպէյ­ճա­նի մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած կա­շա­ռա­կե­րու­թեան հսկա­յա­կան օ­րի­նակ­նե­րու մա­սին: 2012ին OCCRP իր «­­Տա­րո­ւան ­­Մարդ»ը ընտ­րեց նա­խա­գահ Ա­լիե­ւը՝ «յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու եւ կա­շառ­քի հետ ա­նոր ու­նե­ցած կա­պե­րուն» հա­մար: OCCRP կը հա­ղոր­դէ, որ ­­Մեհ­րի­պան Ա­լիե­ւան՝ նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի կի­նը, «ստուե­րա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ցան­ցի սե­փա­կա­նա­տէր, տնօ­րէն եւ բաժ­նե­տէր է, ո­րոնք, ինչ­պէս կը հա­ղոր­դո­ւի, ըն­տա­նի­քին կող­մէ կ­­՛օգ­տա­գոր­ծո­ւին մի­լիո­նա­ւոր տո­լար­նե­րու շա­հա­ւէտ գոր­ծարք­ներ կնքե­լու հա­մար»:

Ի­րօք, նա­խա­գահ Ա­լիեւ եւ ա­նոր ըն­տա­նի­քը բազ­մա­թիւ թան­կար­ժէք սե­փա­կա­նու­թիւն­ներ ու­նին ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին:

OCCRP կը տե­ղե­կաց­նէ, որ ­­Ռու­մա­նիոյ մայ­րա­քա­ղաք ­­Պուք­րէ­շի մէջ 7,3 մի­լիոն տո­լա­րով ձեռք բե­րուած շէն­քը վե­րա­ծո­ւած է նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հօր՝ ­­Հէյ­տար Ա­լիե­ւի ա­նո­ւան հիմ­նադ­րա­մի գրա­սե­նեա­կի. ան Ատր­պէյ­ճա­նը ղե­կա­վա­րած է 1993-2003 թո­ւա­կան­նե­րուն: ­­Հիմ­նադ­րա­մը կը ղե­կա­վա­րէ Ա­լիե­ւի ըն­տա­նի­քը: Ըստ OCCRPի՝ այս շէն­քին գնու­մը կը նե­րա­ռէ «ստո­ւե­րա­յին գոր­ծարք­ներ, կա­շա­ռո­ւած պաշ­տօ­նեա­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թեանց հետ կա­պեր, ա­պօ­րի­նի գոր­ծարք­ներ եւ մե­ռած ա­ռաջ­նոր­դի ան­ձի իւ­րօ­րի­նակ պաշ­տա­մունք»: Ա­լիեւ­նե­րը ու­նին նաեւ սե­փա­կան թան­կար­ժէք շէն­քեր եւ տու­ներ ­­Լոն­տո­նի (առ­նո­ւազն 25 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ), Մոս­կո­ւա­յի (տաս­նեակ մի­լիո­նա­ւոր տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ), ­­Տու­պա­յի եւ ­­Չե­խիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ:

Վեր­ջա­պէս, ըստ OCCRPի, նա­խա­գահ Ա­լիե­ւի դուստ­րե­րուն՝ ­­Լէյ­լա­յի եւ Ար­զո­ւի կը պատ­կա­նին ­­Պա­քո­ւի ա­մէ­նէն շքեղ պան­դոկ­նե­րը, ո­րոնց շար­քին՝ Four Seasons, Sheraton, Marriott եւ ու­րիշ­ներ: Ատր­պէյ­ճա­նի ան­շարժ գոյ­քի փոր­ձա­գէտ մը ը­սած է OCCRPի, որ «այդ ըն­տա­նի­քին պատ­կա­նող կամ ա­նոնց հետ սեր­տօ­րէն կա­պո­ւած ­­Պա­քո­ւի բարձ­րա­կարգ պան­դոկ­նե­րը կը գնա­հա­տո­ւին 10 մի­լիառ տո­լար»ով:

OCCRP կ­­՛եզ­րա­կաց­նէ, որ Ա­լիե­ւի թա­գա­ւո­րա­կան տու­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ներգ­րա­ւո­ւած է «բազ­մա­թիւ գաղտ­նի գոր­ծարք­նե­րու մէջ, քա­նի մը մայր ցա­մաք­նե­րու տա­րած­քին…: Ատր­պէյ­ճա­նի Ա­ռա­ջին Ըն­տա­նի­քը՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով ստո­ւե­րա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը եւ միջ­նորդ­նե­րը, իր ձեռ­քին բռնած է Ատրպէյ­ճա­նի տնտե­սու­թեան ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը, ինչ­պէս՝ ոս­կիի հան­քե­րը, զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը, հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ըն­կե­րու­թիւն­ներ եւ դրա­մա­տուն­ներ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ գնե­լով շքեղ կա­ռոյց­ներ Եւ­րո­պա­յի եւ ­­Պար­սից ծո­ցի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ»: