Ա­պա­գա­յի նոր տես­լա­կա­նը

14 de noviembre de 2015

 Սի­րե­լի՛ ըն­թեր­ցող, յար­գար­ժա՛ն հայ­րե­նա­կից,

Hranush-HakobyanՈ­րո­շե­ցի գրիչ վերց­նել եւ խօ­սիլ քե­զի հետ Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­ւա­քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու մա­սին. գի­տեմ, որ օ­րո­ւան ծան­րա­բեռ­նո­ւած աշ­խա­տան­քէն, ու­սու­մէն ետք, միեւ­նոյնն է, չես զլա­նար լու­րեր ստա­նա­լու Հայ­րե­նի­քէն:

Գի­տեմ, որ իւ­րա­քան­չիւր լաւ փո­փո­խու­թիւն ու յա­ռա­ջըն­թաց կ’ու­րա­խաց­նէ, իսկ մտա­հո­գիչ եւ տհաճ ե­րե­ւոյ­թը կը տխրեց­նէ քեզ: Գի­տեմ նաեւ, որ քե­զի հա­մար գլխա­ւո­րը Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան հար­ցերն են եւ շատ մտա­հոգ ես, երբ կը տե­ղե­կա­նաս հա­կա­ռա­կոր­դի կող­մէն փխրուն կա­յու­նու­թիւ­նը ա­նընդ­հատ խախ­տե­լու դէպ­քե­րուն մա­սին:

Չեմ կաս­կա­ծիր, որ հո­գիիդ խոր­քէն միշտ ալ հպարտ կը զգաս, որ հայ ծնած ես, որ հայ­կա­կան ծի­նե­րը շատ բան տո­ւած են քե­զի: Միա­ժա­մա­նակ, ոչ միայն դուն, այ­լեւ աշ­խար­հի ո­րե­ւէ երկ­րի մէջ ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը կը մտա­ծեն ա­ւե­լի հզօր ու պաշտ­պա­նո­ւած հայ­րե­նիք, մար­դու ի­րա­ւունք­ներն ու ա­զա­տու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւել ճանչ­ցող եւ ե­րաշ­խա­ւո­րող, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ինս­տի­տուտ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ան­վե­րա­պահ ա­պա­հո­վող պե­տու­թիւն ու­նե­նա­լու մա­սին:

Բ­նա­կա­նա­բար, նաեւ գի­տես, որ ըն­դա­մէ­նը 24 տա­րե­կան է մեր պե­տու­թիւ­նը, ո­րուն կա­յաց­ման ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րը ան­ցան Ս­պի­տա­կի երկ­րա­շար­ժի հե­տե­ւանք­նե­րու յաղ­թա­հար­ման, Ար­ցա­խեան պար­տադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մը յաղ­թե­լու, է­ներ­կե­տիկ ճգնա­ժա­մը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ նոր, ա­զատ ու ան­կախ պե­տու­թեան հիմ­քե­րը կա­ռու­ցե­լու գոր­ծըն­թաց­նե­րով։

Բարդ ու դժո­ւար էր պե­տա­կան շի­նա­րա­րու­թիւ­նը, իշ­խա­նու­թեան ճիւ­ղե­րու կազ­մա­ւո­րու­մը, ա­նոնց գոր­ծա­ռոյթ­նե­րու ճշգրտու­մը եւ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան մար­մին­նե­րու մի­ջեւ ո­րո­շա­կի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան ա­պա­հո­վու­մը: Ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նը, որ կը կո­չո­ւէր Գե­րա­գոյն Խոր­հուրդ, ի­րա­ւամբ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ խիստ անհ­րա­ժեշտ օ­րէնք­նե­րու ըն­դուն­ման, Նա­խա­գա­հի ինս­տի­տու­տի ստեղծ­ման, գե­րա­գոյն իշ­խա­նու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րինս խորհր­դա­րա­նի, կա­ռա­վա­րու­թեան եւ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թեան մի­ջեւ բաժ­նե­լու գոր­ծին մէջ: Սա­կայն, ի­րա­ւա­կան պե­տու­թեան կա­յաց­ման գլխա­ւոր բա­նա­լին Սահ­մա­նադ­րու­թեան գո­յու­թիւնն է, որ, երկ­րի հիմ­նա­կան օ­րէնքն ըլ­լա­լով, ոչ միայն կը կա­նո­նա­կար­գէ մար­դու եւ պե­տու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր ու անհրա­ժեշտ փոխ-­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, կը սահ­մա­նէ հա­սա­րա­կու­թեան եւ պե­տու­թեան կեն­սա­գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րը, այ­լեւ կ’որո­շէ պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան կա­ռուցուածքն ու պե­տա­կան մար­մին­նե­րու հա­մա­կար­գը:

Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ճա­նա­պար­հով ա­ռա­ջին քայ­լե­րը ը­նող, միա­ժա­մա­նակ, պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­վի­ճա­կի, շրջա­փակ­ման մէջ յայտ­նո­ւած եր­կի­րը 1995 թո­ւա­կա­նին ըն­դու­նեց ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը:

Բ­նա­կա­նա­բար, ան չէր կրնար կա­տա­րեալ ըլ­լալ՝ 200 եւ ա­ւե­լի տա­րի­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րու սահ­մա­նադ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մե­մատ: Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, Հ.Հ. Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը սկսաւ գոր­ծել՝ սահ­մա­նե­լով պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան մար­մին­նե­րու գոր­ծա­ռոյթ­ներն ու ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը, ա­նոնց հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան, հա­կակշիռ­նե­րու եւ զսպում­նե­րու ոչ-ամ­բող­ջա­կան հա­մա­կար­գը, ո­րուն թե­րու­թիւն­նե­րը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ի­րենց զգաց­նել տո­ւին:

Նա­խա­գա­հին վե­րա­պա­հո­ւե­ցան մեծ լիա­զօ­րու­թիւն­ներ, ո­րուն ար­դիւն­քով ան կրնար ո­րե­ւէ պա­հու աշ­խա­տան­քէն ա­զա­տել վար­չա­պե­տը, ըն­դու­նիլ կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­ժա­րա­կա­նը կամ ար­ձա­կել ժո­ղո­վուր­դի կող­մէն ընտ­րուած՝  ա­ռաջ­նա­կարգ ման­դատ ու­նե­ցող խորհր­դա­րա­նը եւ այլն:

Սա­կայն մեր  նպա­տա­կը ինք­նիշ­խան, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, սո­ցիա­լա­կան եւ ի­րա­ւա­կան պե­տու­թեան վերջ­նա­կան  կա­ռու­ցումն է եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան մէջ սա­հուն ին­տեգ­րու­մը: Մեր զար­գաց­ման ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը նկա­տի առ­նե­լով՝ մենք քայլ առ քայլ դար­ձանք կարգ մը մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ան­դամ: Որ­դեգ­րե­ցինք ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, մար­դը՝ իբ­րեւ բարձ­րա­գոյն ար­ժէք ճանչ­նա­լու, մար­դու եւ քա­ղա­քա­ցիի ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, շու­կա­յա­կան տնտե­սու­թեան անց­ման սկզբունք­նե­րը՝ ան­դա­մագ­րո­ւե­լով Եւ­րո­խոր­հուր­դին, ըն­դու­նե­լով եւ վա­ւե­րաց­նե­լով Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու եւ Հիմ­նա­րար Ա­զա­տու­թիւն­նե­րու մա­սին Եւ­րո­պա­կան Կոն­վեն­ցիան եւ այլն:

Եւ­րո­խոր­հուր­դի մէջ ստանձ­նե­ցինք  պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն՝ մեր օ­րէնք­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ հիմ­նա­կան օ­րէն­քը հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նե­լու մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րուն: Նա­խա­գա­հա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գէն կի­սա­խորհրդա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման ան­ցում կա­տա­րե­լու նպա­տա­կով 2003 թուա­կա­նին մշա­կո­ւե­ցաւ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու նա­խա­գիծ, որ, սա­կայն, հան­րա­քո­ւէի ար­դիւնք­նե­րով չըն­դու­նո­ւե­ցաւ:

Հ.Հ. Սահ­մա­նադ­րու­թեան շուրջ 10 տա­րո­ւան գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ի յայտ ե­կան մեր օ­րէնսդ­րու­թեան բա­ցե­րը, սխալ­նե­րը, կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի խիստ անձ­նա­կեդ­րոն բնոյ­թը, պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան մար­մին­նե­րու մի­ջեւ լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րու ան­հա­մա­չափ բաշ­խու­մը։ Այդ ա­մէ­նը, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը հիմք հան­դի­սա­ցան նոր սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու հա­մար:

Սի­րե­լի՛ ըն­թեր­ցող,

2005 թո­ւա­կա­նին բա­րե­փո­խո­ւած Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, ան­շուշտ, քայլ մը ա­ռաջ էր, քա­նի որ ընդ­լայ­նո­ւե­ցան մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ա­զա­տու­թիւն­նե­րու շրջա­նա­կը, Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան, վար­չա­պե­տի լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը, ա­ւել­ցան խորհր­դա­րա­նի վե­րահս­կո­ղա­կան գոր­ծա­ռոյթ­նե­րը: Սա­կայն, հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րը ցոյց տո­ւին, որ  կա­ռա­վար­ման այս մո­տե­լը եւս իր մէջ կը կրէ վտան­գա­ւոր «ա­կան­ներ», կը յա­րու­ցէ լուրջ խնդիր­ներ: Այս­պէս, նա­խա­գա­հա­կան բո­լոր ընտ­րու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին ալ (բա­ցա­ռու­թեամբ 1991 թո­ւա­կա­նի) հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պա­ռակ­տո­ւե­ցաւ, լուրջ առ­ճա­կա­տում յա­ռա­ջա­ցաւ յաղ­թող եւ պար­տո­ւող թի­մե­րու մի­ջեւ:

Ըն­դա­մէ­նը 2-3% տար­բե­րու­թեամբ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յաղ­թո­ղը ձեռք կը բե­րէ մեծ լիա­զօ­րու­թիւն­ներ, իսկ պար­տո­ւո­ղը իր հսկա­յա­կան ընտ­րա­զան­գո­ւա­ծով կը մնայ ձեռ­նու­նայն: Հաս­արա­կու­թիւ­նը կը ճեղ­քէ եր­կու հա­տո­ւա­ծի եւ բա­ւա­կան բարդ ու եր­կար կը տե­ւէ զայն բնա­կա­նոն հու­նի մէջ դնե­լու գոր­ծըն­թա­ցը:
Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ոս­կէ կա­նոն­նե­րէն է ընտ­րո­ւած եւ ձե­ւա­ւո­րո­ւած իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու, պաշ­տօ­նա­տար ան­ձանց նկատ­մամբ վե­րահս­կո­ղու­թեան սահ­մա­նու­մը: Սա­կայն ներ­կայ Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ հնա­րա­ւոր է զայն շրջան­ցել: Բե­րեմ օ­րի­նակ մը. այ­սօրուան գոր­ծող Սահ­մա­նադ­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ  նա­խա­գա­հի ինս­տի­տու­տը կրնայ ան­վե­րահս­կե­լի դառ­նալ: Միակ  դէպ­քը, որ հնա­րա­ւոր է նա­խա­գա­հը պաշ­տօ­նանկ ը­նել, հայ­րե­նի­քի դա­ւա­ճա­նու­թեան կամ այլ ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թեան կա­տար­ման հա­մար է, որ գործ­նա­կա­նօ­րէն գրե­թէ անհ­նար է, քան­զի չի գտնո­ւիր նման նա­խա­գահ, որ պե­տա­կան դա­ւա­ճա­նու­թիւն գոր­ծէ։ Իսկ խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման անց­նե­լու պա­րա­գա­յին նա­խա­գա­հը կ’ընտ­րո­ւի խորհր­դա­րա­նի կող­մէն, ա­նոր հիմ­նա­կան լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը կը տրո­ւին վար­չա­պե­տին, որ երկ­րի մէջ կը դառ­նայ գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցող  պաշ­տօ­նա­տար անձ: Սա­կայն ի տար­բե­րու­թիւն այս կա­ռա­վար­ման ձե­ւի,  ա­ռա­ջար­կո­ւող նոր կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի պա­րա­գա­յին ան ան­վե­րահս­կե­լի չէ եւ ան­մի­ջա­կան պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւն կը կրէ խորհր­դա­րա­նի առ­ջեւ: Այս բա­րե­փո­խում­նե­րու ըն­դուն­ման պա­րա­գա­յին ո­րե­ւէ ձա­խո­ղու­թիւն քննարկ­ման ա­ռար­կայ պի­տի դառ­նայ խորհր­դա­րա­նի մէջ եւ  կրնայ վար­չա­պե­տին, կա­ռա­վա­րու­թեան, նա­խա­րա­րին անվս­տա­հու­թիւն յայտ­նե­լու հարց յա­ռա­ջա­նալ։ Այս­պի­սով, կա­ռա­վար­ման այս մո­տե­լի պա­րա­գա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ’ըն­ձե­ռո­ւի բա­ցա­ռե­լու ան­վե­րահսկե­լիու­թիւ­նը, ան­պատ­ժե­լիու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­կան ու սահ­մա­նադ­րա­կան ան­պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւ­նը:

Կ­’ու­զեմ խօ­սիլ նաեւ հնա­րա­ւոր այլ հա­կա­սու­թեան մը մա­սին, որ կրնայ յան­գեց­նել սահ­մա­նադ­րա­կան ճգնա­ժա­մի: Գոր­ծող կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի մէջ, ե­թէ խորհր­դա­րա­նը եւ նա­խա­գա­հը միեւ­նոյն թի­մէն են, ա­պա բնա­կա­նա­բար հա­կա­սու­թիւն չի յա­ռա­ջա­նար այս եր­կու ինս­տի­տուտ­նե­րու մի­ջեւ։ Հ­նա­րա­ւոր է, սա­կայն, այլ ի­րա­վի­ճակ, ուր հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը եւ խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ըլ­լան տար­բեր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ի­րա­րու հա­կոտ­նեայ: Այս պա­րա­գա­յին չի բա­ցա­ռո­ւիր, որ երկ­րի մէջ կրնայ յա­ռա­ջա­նալ ի­րա­վի­ճակ մը, երբ խորհր­դա­րա­նը, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր կող­մէ կազ­մո­ւած կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, ո­րո­շեն չա­պա­հո­վել նա­խա­գա­հի սահ­մա­նադ­րա­կան լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը. օ­րի­նակ, իբ­րեւ գե­րա­գոյն գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րի՝ նա­խա­գա­հը կը պա­հան­ջէ մո­բի­լի­զաց­նել պե­տա­կան ռե­սուրս­նե­րը երկ­րի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար, իսկ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այդ պա­հուն նպա­տա­կա­յար­մար չի գտներ այդ հար­ցը լու­ծել նա­խա­գա­հի յանձ­նա­րա­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան եւ ար­դիւն­քով՝ պե­տու­թեան մէջ կրնայ յա­ռա­ջա­նալ ան­լու­ծե­լի, ա­նե­լա­նե­լի ի­րա­վի­ճակ մը եւ նման պա­րա­գա­յին նոյ­նիսկ երկ­րի պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րուն վտանգ կը սպառ­նայ: Ակն­յայտ է նաեւ, որ հա­կա­դիր բե­ւեռ­նե­րու վրայ գտնո­ւե­լով՝ նա­խա­գա­հը չի կրնար ա­զա­տել վար­չա­պե­տը (վար­չա­պե­տ կը նշա­նա­կո­ւի խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թեան կող­մէ վս­տա­հու­թիւն վա­յե­լող ան­ձը), չի կրնար ար­ձա­կել խորհր­դա­րա­նը, իսկ  խորհր­դա­րանն ալ չի կրնար անվս­տա­հու­թիւն յայտ­նել նա­խա­գա­հին, քա­նի որ ան ընտ­րո­ւած է ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ եւ այլն: Ն­ման ճգնա­ժա­մա­յին վի­ճակ­նե­րու թո­ւար­կու­մը կա­րե­լի է շա­րու­նա­կել:

Ներ­կայ բա­րե­փո­խում­նե­րը հա­շո­ւի ա­ռած են նմա­նա­տիպ բո­լոր դէպ­քե­րը, փա­կու­ղա­յին ի­րա­վի­ճակ­նե­րու բե­րող նոր­մե­րը եւ ա­ռա­ջադ­րո­ւած են  նոր կա­ռու­ցա­կար­գեր, եւ ե­թէ ան­ցում կա­տարուի խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գին, ա­պա նման  հա­կա­սու­թիւն­ներ կը բա­ցա­ռո­ւին:

Կ­’ու­զեմ տե­ղե­կաց­նել, որ 2013 թուա­կա­նէն սկսեալ Սահ­մա­նադ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը ու­սում­նա­սի­րած է հրա­պա­րա­կի վրայ ե­ղած ա­ռա­ջարկ­նե­րը, մի­ջազ­գա­յին փոր­ձը, քննար­կած տար­բե­րակ­ներ, խորհր­դակ­ցած մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի լա­ւա­գոյն գի­տակ­նե­րու հետ, Եւ­րո­խոր­հուր­դին կից գոր­ծող «­Ժո­ղովրդա­վա­րու­թիւն` ի­րա­ւուն­քի մի­ջո­ցով» եւ­րո­պա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի (­Վե­նե­տի­կի Յանձ­նա­ժո­ղով) հետ եւ ա­ռա­ջադ­րած ա­ռա­ւել ամ­փոփ, ա­ռա­ւել կա­տա­րեալ Հ.Հ. սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու նա­խա­գիծ: Վեր­ջինս հարս­տա­ցած է հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի յօ­դո­ւած­նե­րով, ո­րոնց գե­րակշ­ռող մա­սը կը վե­րա­բե­րի մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ ա­զա­տու­թիւն­նե­րուն, կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի փո­փո­խու­թեան, դա­տա­կան իշ­խա­նու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման կար­գին եւ ան­կա­խու­թեան, տա­րած­քա­յին եւ տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րուն։

Ի վեր­ջոյ, ե­թէ այս փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն «ա­յո» ը­սէ ժո­ղո­վուր­դը, ա­նի­կա կը նշա­նա­կէ, որ ա­պա­գա­յին ան պի­տի ընտ­րէ միայն իշ­խա­նու­թեան օ­րէնս­դիր մար­մին՝ խորհր­դա­րան, այն ալ հա­մա­մաս­նա­կան ընտ­րա­կար­գով եւ լայն խորհր­դա­րա­նա­կան վե­րահս­կո­ղա­կան լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով: Խորհր­դա­րա­նը, ընտ­րե­լով վար­չա­պետն ու երկ­րի նա­խա­գա­հը, կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ կը դնէ երկ­րի ար­տա­քին եւ ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հետ կա­պո­ւած բո­լոր  հար­ցե­րու լուծ­ման պա­տաս­խա­նատուու­թիւ­նը, ինչն ալ կը յան­գեց­նէ երկ­բե­ւե­ռու­թեան ջնջման (գոր­ծող Սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ ե՛ւ նա­խա­գա­հը, ե՛ւ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նատ­ւու­թիւն կը կրեն):
Նա­խա­գի­ծը կը նա­խա­տե­սէ խորհըր­դա­րա­նի եւ կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ այն­պի­սի կա­ռու­ցա­կար­գեր, ո­րոնք չեն յան­գեց­ներ առ­ճա­կատ­ման, հա­կա­մար­տու­թեան: Ան­բա­ւա­րար աշ­խա­տան­քի պա­րա­գա­յին, ժո­ղո­վուր­դի դժգո­հու­թիւն­նե­րու ա­կան­ջա­լուր խորհր­դա­րա­նը, կրնայ անվս­տա­հու­թիւն յայտ­նել կա­ռա­վա­րու­թեան, ա­զա­տիլ ո­րե­ւէ ան­կա­րող եւ ժո­ղո­վուր­դի կող­մէն չըն­դու­նո­ւող վար­չա­պե­տէն, հե­տե­ւա­բար եւ կա­ռա­վա­րու­թե­նէ:

Այս փաս­տա­թուղ­թի կա­րե­ւոր ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րէն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան խո­րաց­ման նպաս­տող էա­կան մօ­տե­ցում­նե­րէն մէկն ալ այն է, որ խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­դի­մադ­րու­թեան կը վե­րա­պա­հո­ւին լայն ի­րա­ւունք­ներ, կը տրո­ւի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հի տե­ղա­կա­լի պաշ­տօ­նը, ա­ռանց­քա­յին շատ ո­րո­շում­ներ խորհր­դա­րա­նա­կան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի չ’ըլ­լար կա­յաց­նե­լու, ե­թէ չհա­մա­գոր­ծակ­ցի ընդ­դի­մ­ադ­րու­թեան հետ եւ այլն:

Մէկ այլ կա­րե­ւոր հան­գա­մանք. Երկ­րի մէջ ներ­քին կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման, քա­ղա­քա­կան առ­ճա­կա­տում­նե­րէ խու­սա­փե­լու լա­ւա­գոյն լու­ծում­նե­րէն է, երբ խորհր­դա­րա՛­նը կ’ընտ­րէ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին: Նա­խա­գա­հը պէտք է ըլ­լայ ան­կու­սակ­ցա­կան եւ ի­րա­կա­նաց­նէ ա­նա­չառ ի­րա­ւա­րա­րի՝ ար­բիտ­րի դեր կա­ռա­վա­րու­թեան եւ խորհրդա­րա­նի մի­ջեւ՝ հե­տե­ւե­լով երկ­րի մէջ Սահ­մա­նադ­րու­թեան պահ­պան­ման:

Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից,

Կ­’ու­զէի նաեւ տե­ղե­կաց­նել, որ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու մէջ սփիւռ­քին վե­րա­բե­րող յօ­դո­ւա­ծը լրամշա­կո­ւած եւ ամ­րագ­րո­ւած է, որ Հա­յաս­տա­նը սփիւռ­քի հետ կ’ի­րա­կա­նաց­նէ հա­մա­կող­մա­նի կա­պե­րու ցար­գաց­ման եւ ամ­րապնդ­ման, հա­յա­պահ­պան­ման ուղ­ղո­ւած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն՝ նպաս­տե­լով հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան:  Այս յօ­դո­ւա­ծի մէջ որ­դեգ­րո­ւած է նաեւ պե­տու­թեան կա­րե­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւն մը՝ նպաս­տե­լու այլ պե­տու­թիւն­նե­րու մէջ հա­յոց լե­զո­ւի, հայ պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման, ինչ­պէս նաեւ հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քի զար­գաց­ման:

Ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման կա­րե­ւոր սկզբունք­ներ որ­դեգ­րե­լով՝ մենք կը ձգտինք զար­գաց­նել ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ինս­տի­տուտ­նե­րը, լայնց­նել եւ խո­րաց­նել ժո­ղովր­դաիշ­խա­նու­թիւ­նը՝ ու­ժեղ եւ պաշտ­պա­նո­ւած Հա­յաս­տան կա­ռու­ցե­լու հա­մար:

Ա՛յն Հա­յաս­տա­նը, ո­րուն կը ձգտի ողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը, ինչ­պէս նաեւ դուք՝ սի­րե­լի՛ սփիւռ­քա­հա­յեր, ա՛յն Հա­յաս­տա­նը, որ հա­մայն հա­յու­թեան հայ­րե­նիքն է:

Ս­պա­սենք եւ յու­սանք, որ ժո­ղո­վուր­դը ճիշտ կը կողմ­նո­րո­շո­ւի եւ ա­պա­գա­յին մի­տո­ւած սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րը կ’ըն­դու­նի ու կեան­քի կը կո­չէ, սահ­մա­նադ­րա­կան շի­նա­րա­րու­թիւ­նը կու տայ սպա­սո­ւած ար­դիւնք­նե­րը, եւ բա­րե­փո­խո­ւած Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը կը դառ­նայ գոր­ծող ի­րո­ղու­թիւն:

ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հ.Հ. Սփիւռ­քի նա­խա­րար