Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ

“Ա­րա­բա­կան Աշ­խար­հի քրիս­տո­նեայ եւ իս­լամ հո­գե­ւոր պե­տե­րուն մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան նոր կա­ռոյ­ցը մենք ջեր­մօ­րէն կ­՛ող­ջու­նենք”

05 de marzo de 2018

Aram IՎիեն­նա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած միջ-կրօ­նա­կան մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րին իր տուած դա­սա­խօ­սու­թեան սկիզ­բը, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նեց Ա­րա­բա­կան Աշ­խար­հի մէջ քրիս­տո­նեայ եւ իս­լամ հո­գե­ւոր պե­տե­րուն մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան կա­ռոյց մը ստեղ­ծե­լու ո­րո­շու­մը` շեշ­տե­լով, որ նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն հրա­մա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է ո՛չ միայն Ա­րա­բա­կան Աշ­խար­հին, այ­լեւ՝ աշ­խար­հի բո­լոր շրջան­նե­րուն մէջ: Ա­պա՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը եօ­թը կէ­տե­րու մէջ պար­զեց այն հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րը, ո­րոնք ու­ղե­ցոյց պէտք է դառ­նան քրիս­տո­նեայ-իս­լամ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար:

Ար­դա­րեւ, միաս­տո­ւա­ծեան եր­կու կրօն­նե­րու մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հա­սա­րա­կաց սկզբունք­ներն ու ար­ժէք­նե­րը իբ­րեւ գոր­ծակ­ցու­թեան հիմք ու­նե­նա­լով՝ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս ընդգ­ծեց քա­ղա­քա­կան ու կրօ­նա­կան-գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան կա­ռոյց­նե­րէն եւ ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն հե­ռու մնա­լու, փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւ­նը ամ­րաց­նե­լու, փո­խա­դարձ ճա­նա­չու­մը եւ յար­գան­քը ամ­րապն­դե­լու, իբ­րեւ հա­մա­հա­ւա­սար քա­ղա­քա­ցի­ներ նոյն ի­րա­ւունք­ներն ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րը ու­նե­նա­լու, բո­լոր տե­սա­կի բռնու­թիւն­նե­րը դա­տա­պար­տե­լու, ար­դա­րու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած խա­ղա­ղու­թեան հա­մար աշ­խա­տե­լու եւ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը յար­գե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Ն­շեալ կէ­տե­րուն մա­սին ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը լայն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւաւ:

Յայտ­նենք, որ վե­րոն­շեալ կա­ռոյ­ցը յա­ռա­ջաց­նե­լու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րո­ւած էին անց­նող եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին: Այս­պէս, հա­մա­գու­մա­րին կազ­մա­կեր­պիչ կեդ­րո­նին նա­խա­գա­հը` դոկտ. ­Ֆէյ­սալ ­Պըն ­Մոամ­մար այ­ցե­լու­թիւն տո­ւած էր Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին, եւ եր­կու ա­ռիթ­նե­րով ա­նոնք հան­դի­պած էին ­Ժը­նե­ւի ու Ա­թէն­քի մէջ:

Ն­շենք, որ հա­մա­գու­մա­րը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Վիեն­նա­յի մէջ իր կեդ­րո­նա­տե­ղին ու­նե­ցող ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Ապ­տալ­լա Բ. թա­գա­ւո­րին ա­նու­նը կրող միջ-կրօ­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան կեդ­րո­նին կող­մէ, ա­նոր ներ­կայ գտնո­ւած էին քրիս­տո­նեայ, իս­լամ, հրեայ եւ այլ կրօն­նե­րու պատ­կա­նող հո­գե­ւոր պե­տեր ու միջ-կրօ­նա­կան հար­ցե­րու փոր­ձա­գէտ­ներ եւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան դա­սա­խօս­ներ` շուրջ 300 հո­գի: ­Լի­բա­նա­նէն ներ­կայ էին ­Ռա­յի ­Պատ­րիար­քը եւ հան­րա­պե­տու­թեան միւֆ­թին` Ապ­տել ­Լա­թիֆ Տը­րիա­նը: Իսկ ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներ­կայ էին ­Տիե­զե­րա­կան ­Պատ­րիար­քը ու Ա­ղեք­սանդ­րիոյ ­Պատ­րիար­քը. նաեւ՝ ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Վա­տի­կա­նի եւ ­Քեն­թըր­պը­րիի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: Իս­լա­մա­կան Աշ­խար­հէն ներ­կայ էին շարք մը պե­տա­կան ու կրօ­նա­կան բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք ի­րենց կար­գին խօսք ա­ռին եւ ող­ջու­նե­ցին նոյն ծրա­գի­րին ստեղ­ծու­մը:

Վե­րոն­շեալ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հետ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ: ­Հա­մա­գու­մա­րի աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ռըն­թեր Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս նաեւ շարք մը հար­ցազրոյց­ներ ու­նե­ցաւ միջ-կրօ­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, յատ­կա­պէս Աւստ­րիոյ «­Պի.­Պի.­Սի»ին եւ ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յան­նե­րուն հետ:
Ե­ռօ­րեայ հա­մա­գու­մա­րի ա­ւար­տին, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը այ­ցե­լեց հա­յաս­տա­նեան ու լի­բա­նա­նեան դես­պա­նա­տու­նե­րը, ա­պա՝ մեկ­նե­ցաւ ­Ժը­նեւ: