Ազատագրուեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու աճիւնները պարունակող Մարկատէն

13 de noviembre de 2017

MargadenՆո­յեմ­բեր 9ին, սու­րիա­կան բա­նա­կը իր դաշ­նա­կից ու­ժե­րուն հետ միա­սին, ­Տէր ­Զօ­րի նա­հան­գին մէջ «Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան» ա­հա­բե­կիչ­նե­րէն ա­զա­տագ­րեց Ալ­պու­քա­մալ քա­ղա­քը, որ Ի­րա­քի սահ­մա­նա­կից այդ շրջա­նին մէջ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու վեր­ջին յե­նա­կէտն էր: ­Նոյն գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու ա­ճիւն­նե­րը պա­րու­նա­կող ­Մար­կա­տէ շրջա­նը:

Թր­քա­կան «Ա­նա­տո­լու» լրա­տո­ւա­մի­ջո­ցին հա­մա­ձայն՝ սու­րիա­կան բա­նա­կին ա­ջակ­ցած են քիւր­տե­րու ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան միու­թիւն քրտա­կան կու­սակ­ցու­թեան ու­ժե­րը:

Մար­կա­տէի ա­զա­տագ­րու­մով՝ այժմ ա­զա­տագ­րուած է ամ­բողջ ­Հա­սի­չէ նա­հան­գը, ո­րուն մեծ մա­սը քրտա­կան յի­շեալ ու­ժե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ կը գտնո­ւի: