Ազգային Ժողովը առաջին ընթերցումով ընդունեց ընտրական բարեփոխումներու նախագիծը

07 de septiembre de 2018

parlamentoՀայաստանի կառավարութեան կողմէ հրաւիրուած Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին քննարկուեցաւ ընտրական բարեփոխումներուն վերաբերող հարցը: Թէեւ թէ՛ պետաիրաւական հարցերու յանձնախումբին մէջ, թէ՛ 6 սեպտեմբերի նիստին նախագիծը բուռն քննարկումի նիւթի վերածուեցաւ, եւ քաղաքական ուժերը, մասնաւորաբար «Բարգաւաճ Հայաստան»-ն ու Հանրապետական կուսակցութիւնը, ըստ էութեան, դէմ էին ներկայացուած նախագիծին, այնուամենայնիւ, նախագիծը առաջին ընթերցումով միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ: Անոր թեր  քուէարկեց 66 պատգամաւոր, դէմ եւ ձեռնպահ չկար:

Քուէարկութենէն առաջ վարման կարգով խօսք առաւ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան, որ, դիմելով արդարադատութեան փոխնախարար Արթուր Յովհաննիսեանին, յորդորեց ոչ թէ առաջինէն երկրորդ ընթերցման ժամանակ մասնագիտական վերլուծութիւններ ներկայացնել, այլ նախագիծը Ազգային ժողով բերելէ առաջ պատշաճ մասնագիտական վերլուծման ենթարկել: Ան նշած է, թէ քանի որ Ազգային ժողովի պետաիրաւական յանձնախումբին մէջ կատարուած առաջարկներուն մասին բանաւոր ըսուեցաւ, որ ընդունելի են, առաջին ընթերցման ժամանակ ՀՀԿ-ն կողմ պիտի քուէարկէ, իսկ երբ պատրաստ ըլլայ վերջնական նախագիծը, իրենց տեսակէտը աւելի մանրամասն կը յայտնեն:

Նշենք, որ նախագիծով կ’առաջարկուի Վարչական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ տեղ գտած որոշ ընտրական իրաւախախտումներ դարձնել քրէականօրէն պատժելի` նկատի ունենալով անոնց ծանր հետեւանքները: Բացի ատկէ, կ’առաջարկուի որոշ պատիժներ խստանցել եւ դիտել ոչ թէ միջին ծանրութեան, այլ ծանր յանցագործութիւններ, եւ հակառակը` շարք մը արարքներ դիտել իբրեւ վարչական թեթեւ յանցանքներ, իսկ որոշ արարքներ ալ ապաքրէականացնել` նկատի ունենալով, որ վտանգ չեն ներկայացներ: