Ազգային Ժողովին մէջ քննարկուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Հայաստանի Կառավարութեան ծրագիրը

09 de junio de 2018

Pashinian_proyecto aprobadoՀայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ երէկ  քննարկուած եւ ընդունուած է կառավարութեան ծրագիրը: Ներկայացուած ծրագիրը ընդունուած է ձայներու 69 կողմ, 39 դէմ յարաբերակցութեամբ:

Իր ելոյթին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է զանազան հարցերու, ծրագիրներու: «Մեր կարեւորագոյն խնդիրը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպումն է` ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպումը», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ան նշած է, որ ժողովուրդին պէտք է վերադարձնել  իշխանութիւնը: «Ընտրութիւնները հիմա կազմակերպելը մեր քաղաքական խմբակին համար  ամէնէն յարմար պահն է, որովհետեւ թաւշեայ յեղափոխութեան ոգեւորութիւնը կը գտնուի իր գագաթնակէտին, եւ կասկած չկայ, որ մեր քաղաքական խմբակը կրնայ յաղթել բացարձակ մեծամասնութեամբ, եթէ ընտրութիւնները այսօր կազմակերպուին», ըսած է վարչապետը:

Փաշինեանը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ եթէ առաջնորդուին այս տրամաբանութեամբ, ապա կը նշանակէ, որ իշխանութիւնը փոխուած է, բովանդակութիւնը` ոչ, եւ նոր իշխանութեան դիմաց կը մղէ իշխանութիւնը պահելու մոլուցքը:

«Մէկ տարուան ընթացքին պէտք է կազմակերպուին ընտրութիւնները, որոնց  շնորհիւ քաղաքական միւս ուժերը քիչ ժամանակուան մէջ կարենան ընտրական նախապատրաստութիւններ տեսնել: Ասիկա ժողովուրդին կարելիութիւն կու տայ  կատարելու կշռադատուած ընտրութիւն», յայտարարած է վարչապետը:

Կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) պատգամաւորներ, որոնք հարցեր տուած են ներկայացուած ծրագիրին շուրջ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չէ կիսած Հանրապետական պատգամաւորներու այն  տեսակէտը, թէ կառավարութեան ծրագիրը բարեմաղթանքներու եւ ցանկութիւններու ծրագիր է: Խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին  ան ըսած է. «Նշուած է շատ յստակ ժամանակահատուած` 1 տարուան  ընթացքին արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպում»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ չի՞ անհանգստանար, որ գործարարները հարկային դաշտ մտնելէ ետք կրնան հակադարձել վարչապետին, ան  արձագանգած է. «Դուք կը մտածէք, ոեւէ մէկը կրնայ հակադարձ քա՞յլ կատարել: Անոնք կ՛ազատին փտածութեան բոլոր պարտականութիւններէն, ես անոնց շատ մեծ գումարներ նուիրած եմ»: