Ազրպէյճան եւ Ուքրանիա կ՛արգիլեն Արցախի եւ Տոնպասի արտադրութիւններու ներածումը

10 de febrero de 2017

aliev-bielorrusoԱզրպէյճան եւ Ուքրանիա համաձայնած են արգիլել Արցախի եւ Տոնպասի մէջ արտադրուած ապրանքներուն մուտքը իրենց երկիրները. այս մասին կը գրէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, որուն տեղեկութիւններ փոխանցած է Ազրպէյճանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Ալեքսանտր Միշչենքօ:

Ուքրանիոյ նախագահ Փէոթր Փորոշենքոյի Պաքու այցելութեան ընթացքին, երկու պետութիւններուն ղեկավարները յանձնարարած են Ուքրանիոյ եւ Ազրպէյճանի մաքսային կառոյցներու ղեկավարներուն` հանդիպիլ եւ քննարկել վերոնշեալ տարածքներէն ստացուող ապրանքներուն երկիր մուտքի հարցը:

Մաքսային կառոյցներու ղեկավարները հանդիպած են եւ մշակած ծրագիր մը, ըստ որուն` այդ տարածքներէն ապրանքներ կրնան ներածուիլ միայն այն պարագային, եթէ արտօնուած ըլլան Քիեւի կամ Պաքուի կողմէ, յայտնած է Միշչենքօ: