Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Փոխնախարար

Ալեքանտր Ֆոմին կը հերքէ Հայաստանի խոստացուած զէնքերու մատակարարման սառեցման լուրը

06 de agosto de 2018

Fomin_RusiaՌուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքանտր Ֆոմին ոչ հաւաստի որակած է ռուսական լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած այն տեղեկութիւնները, թէ Ռուսիան կրնայ դադրեցնել 100 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրով Հայաստանին զէնքի մատակարարման հոլովոյթը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարը Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Ատիկա ոչ հաւաստի տեղեկութիւն է»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, Ալեքսանտր Ֆոմին պատասխանեց, որ Հայաստան արդարադատութիւն կ՛իրականացնէ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տoնոյեան իր կարգին վստահեցուց, որ Ռուսիոյ հետ 100 միլիոն տոլար վարկային համաձայնագիրի ծիրին մէջ Հայաստանին զէնքի մատակարարման հոլովոյթը չէ դադրած:

«100 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրի ծիրին մէջ զէնքի մատակարարումը ընթացքի մէջ է», ըսաւ ան: Տօնոյեան նաեւ շեշտեց, որ Հայաստան զէնք ձեռք կը բերէ ոչ միայն ՀԱՊԿ-ի անդամ, այլ նաեւ այլ երկիրներէ:

Ռուս ամէնէն ծանօթ մեծահարուստներէն Ալիշեր Ուսմանովին պատկանող «Քոմերսանթ» օրաթերթը 2 օգոստոսին հրապարակած էր «Հայաստան կը հեռանայ հաւաքականէն. Ռուսիա դժգոհ է Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն քայլերէն» խորագիրով յօդուած մը, որուն մէջ, վկայակոչելով Ռուսիոյ պետական կառոյցներէն անանուն աղբիւրներ, գրուած է, թէ վերջին ձերբակալութիւնները Հայաստանի մէջ տարակարծութիւններ յառաջացուցած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մասին` աւելցնելով, որ այդ տարակարծութիւնները կրնան աւելի խորանալ:

Ըստ «Քոմերսանթ»-ի մեկնաբաններուն, Ռուսիա զայրացած է յատկապէս Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին առաջադրուած մեղադրանքէն, որ ըստ Մոսկուայի, լուրջ հարուած է ՀԱՊԿ-ի հեղինակութեան:

Քրեմլինի մէջ նաեւ կը խօսուի այն մասին, թէ հակառակ անոր որ ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան տակաւին մօտաւորապէս մէկուկէս տարուան ժամանակ մնացած է, կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին կարելի է նշանակել այլ երկրին մը ներկայացուցիչը: Բացի ատկէ, ըստ պարբերականին, «մեծ հարցականի տակ է» 100 միլիոն տոլարի վարկով նախատեսուած ռուսական նոր սպառազինութեան (ներառեալ` «Իսքանտեր»-ներու երկրորդ մասին եւ «Սու.30» ռազմական օդանաւերուն) մատակարարումը Հայաստանին:

Նշենք, որ «Քոմերսանթ»-ի գլխաւոր խմբագիրը Պաքու ծնած եւ ծագումով ազրպէյճանցի Ազեր Մուսալիեւն է:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան լրագրողներուն ըսաւ, թէ Հայաստանը պէտք է պահպանէ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը:

Ան նաեւ աւելցուց, որ իրեն հետ ՀԱՊԿ-ի ներկայ ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովի գործով քննարկումներ չեն եղած, ուստի ինք չի կրնար ըսել` ունի՞, արդեօք, Հայաստանը այլ թեկնածու, որ փոխարինէ  Խաչատուրովը: