Ալիեւ 2019 թուականը գնահատած է իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ «փախցուած առիթներու տարի»
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2019 թուականը գնահատած է իբրեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ «փախցուած առիթներու տարի»: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Ալիեւ երէկ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Միրոսլաւ Լայչաքի հետ Պաքուի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է, որ տագնապը մեծ խնդիր է ամբողջ շրջանին համար, իսկ այս տարին ինք կը գնահատէ իբրեւ փախցուած առիթներու տարի` ատոր համար մեղադրելով Հայաստանը:
«Հայաստանը կը խախտէ միջազգային արժեչափերը եւ չի կատարեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը», նշած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանի նախագահը յիշեցուցած է, որ այս տարի տագնապի լուծման նպատակով տեղի ունեցած են հանդիպումներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ, իսկ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները բանակցած են քանի մը փուլով:
«Արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մօտ օրէն` Սլովաքիոյ մէջ: Յոյսով եմ` յաջորդ տարին աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ տագնապին լուծման համար», ըսած է Ալիեւ:
Ան աւելցուցած է, թէ տագնապի լուծման համար «գործնական քայլերը կարելի են»: