“Ակօս”. Աթէշեան պարտուեցաւ եւ կառավարութիւնը միջամտեց

20 de marzo de 2017

ateshianԻսթանպուլի Կուսակալութիւնը միջամտեց տեղապահի ընտրութեան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի հոգեւորականները նախապէս ճշդուած օրակարգով 15 Մարտ Չորեքշաբթի ժամը 15.00-ին ժողով գումարեցին պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպելու պաշտօնով տեղապահ ընտրելու համար։ Ինչպէս ծանօթ է 24 եւ 25 Փետրուարին Ս. Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ եւ Պոլ­սոյ թե­մի երեք եպիս­կո­պոս­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ կա­տարուած խորհրդակ­ցա­կան ժո­ղովին հա­մաձայ­նութիւն գո­յացած էր շու­տա­փոյթ կեր­պով տե­ղապահ մը ընտրե­լու շուրջ։ Ընտրու­թեան թուականն ալ ճշդուած էր այդ նոյն ժո­ղովի ըն­թացքին։

Տե­ղապա­հի հա­մար որո­շուած էր երեք եպիս­կո­պոս­նե­րու թեկ­նա­ծու­թիւնը։ Սա­կայն ընտրու­թեան նա­խոր­դող օր «Ակօս»ին տուած յայ­տա­րարու­թիւնով Սա­հակ Եպիս­կո­պոս Մա­շալեան յայտնեց թէ իր թեկ­նա­ծու­թիւնը ետ կ՚առ­նէ ի նպաստ Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Առաջ­նորդ Գա­րեգին Պէք­ճեան Սրբա­զանի։ Կա­յացած օր ու ժա­մուն սկսող ժո­ղովի ար­դիւնքին ժո­ղովա­կան 34 հո­գեւո­րական­նե­րէ 23-ը քուէար­կե­ցին ի նպաստ Գա­րեգին Արք. Պէք­ճեանի։ Իսկ 11 ձայ­ներ ալ զօ­րակ­ցե­ցան Արամ Եպիս­կո­պոսին։

Սա­կայն ընտրութեան աւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ բո­լորո­վին անսպա­սելի զար­գա­ցում մը։ Ընտրու­թեան կա­տարուած դահ­լի­ճէն բա­ւական ջղայ­նոտ կեր­պով դուրս ել­լող Արամ Եպիս­կո­պոս նախ դուրսը սպա­սող­նե­րուն յայտնեց թէ Պէք­ճեան Սրբա­զան ընտրուած է։ Հա­զիւ քա­նի մը վայրկեան անց դուրս ելաւ իր քիչ առաջ մտած սե­նեակէն, ուր ձեռ­քին կը շար­ժէր փաս­տա­թուղթ մը։ Կու­սա­կալու­թեան կնի­քը կրող այդ փաս­տա­թուղթը կը յայտնէ թէ օրի­նական կեր­պով ան­կա­րելի է ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցի մեկ­նարկու­մը։

Կու­սա­կալի Տե­ղակալ Ազիզ Մեր­ճա­նի ստո­րագ­րութիւ­նով գրու­թեան մէջ կ՚ըսուէր հե­տեւեալը՝ «գրա­ւոր եւ տես­լա­կան մա­մու­լի մէջ լոյս տես­նող լրա­տուու­թիւննե­րով յայտնի կը դառ­նայ թէ 15 Մարտ 2017-ին պի­տի կա­յանայ տե­ղապա­հի ընտրու­թիւն։ Այսպէ­սով գործնա­կանա­պէս պի­տի կա­յանայ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան առա­ջին հանգրուանը։ Նա­խապէս 16 Փետ­րուար 2017-ին Պատ­րիար­քա­րանի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ժո­ղովի պա­հուն կա­տարուած ան­ցանկա­լի դէպ­քե­րը նկա­տի առ­նե­լով հա­մայնքա­յին ան­դորրը պա­հելու եւ պա­ռակ­տումնե­րը կան­խե­լու հա­մար կը նշենք որ այժմու պատ­րիար­քա­կան փո­խանոր­դը կը շա­րու­նա­կէ իր պաշ­տօ­նին եւ պատ­րիար­քի ընտրու­թեան հետ առնչուած աւան­դութիւննե­րուն հա­մաձայն այս պայ­մաննե­րուն մէջ ան­կա­րելի է պատ­րիար­քի ընտրու­թեան գոր­ծադրու­թիւնը»։

Այս նոր զար­գա­ցու­մէն ։ետք երեք սրբա­զան­նե­րը եւ հո­գեւո­րակա­նաց դա­սը դար­ձեալ ժո­ղովաս­րահ ան­ցան եւ քննար­կե­ցին այս վեր­ջին զար­գա­ցու­մը։ Ժո­ղովի սրա­հէն պոռչտուքնե­րը կը հաս­նէին դուրս։ Աւե­լի վերջ յայտնի դար­ձաւ որ ըն­թերցուած է Կու­սա­կալու­թե­նէ եկած գրու­թիւնը։ Սա­հակ Եպիս­կո­պոս Մա­շալեան առար­կած է այս մի­ջամ­տութեան դէմ եւ գո­ռացած է ըսե­լով որ «մեր հա­ւատ­քի աշ­խարհին մի­ջամ­տե­լու իրա­ւունք չու­նին։ Ընտրու­թիւնը կա­յացած է եւ Պէք­ճեան Սրբա­զան տե­ղապահ ընտրուած»։ Ապա դառ­նա­լով փո­խանորդ Արամ Սրբա­զանին շա­րու­նա­կեց ըսել՝ «ձե­զի կը վի­ճակի պե­տու­թեան դի­մել եւ ըսել որ ժո­ղովա­կան հայ­րե­րու որո­շու­մը յստակ է եւ Պէք­ճեան Սրբա­զան տե­ղապահ է»։

Դար­ձեալ ըստ լսումնե­րու Աթէ­շեան Սրբա­զան այս դի­տողու­թիւննե­րուն փո­խադար­ձած է ըսե­լով որ՝ «եթէ ժա­մադ­րութիւն տան կ՚եր­թամ»։ Այս ըն­թացքին մէջ է որ ժո­ղովի մաս­նա­կից հո­գեւո­րական­նե­րը հրա­ժեշտ առին Պատ­րիար­քա­րանէն, իսկ երեք սրբա­զան­ներ դար­ձեալ մէկ­տե­ղուե­ցան Արամ Սրբա­զանի սե­նեակին մէջ եւ ան­գամ մը եւս քննար­կե­ցին խնդի­րը։ Այս երկրորդ հան­դի­պու­մէն ետք որե­ւէ յայ­տա­րարու­թիւն մը չի կա­տարուեցաւ եւ եպիս­կո­պոս­նե­րը Պատ­րիար­քա­րանէն ղրկուեցան։ Ել­քին դար­ձեալ տե­ղապահ ընտրուած Գա­րեգին Սրբա­զանն էր որ սպա­սող­նե­րուն բա­ցատ­րութիւններ տուաւ ըսե­լով որ Արամ եւ Սա­հակ Սրբա­զան­նե­րը Կու­սա­կալու­թիւն պի­տի եր­թան ու պի­տի բա­ցատ­րեն տե­ղապա­հի ընտրու­թեան տրա­մաբա­նու­թիւնը։

Նշենք որ այս զար­գա­ցումնե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած նա­խորդ օր 14 Մարտ Երեք­շաբթի կարգ մը թա­ղական խոր­հուրդնե­րու մաս­նակցու­թեամբ ժո­ղով մը գու­մա­րուած էր պատ­րիար­քա­րանի մէջ եւ ըստ լսումնե­րու Արամ Սրբա­զան իրենց յայտնած էր թէ Կա­ռավա­րու­թիւնը պի­տի չար­տօ­նէ յա­ջորդ օրուայ ժո­ղովին։ Սա­կայն ժո­ղովա­կան­նե­րը անդրդուելի մնա­ցած էին իրենց որո­շու­մին մէջ ըսե­լով թէ ան­պայման պի­տի կա­յանայ Կա­թողի­կոսի թե­լադ­րած որո­շու­մը։

Այս զար­գա­ցումնե­րէն ետք զա­նազան­ներ իրենց կար­ծի­քը փո­խան­ցե­ցին ըսե­լով որ կա­րելի չէ ըն­դունիլ այս մի­ջամ­տութիւ­նը։ Պե­տու­թիւնը չի կրնար մի­ջամ­տել եկե­ղեցա­կան կարգ ու կա­նոնին։

arzobispo bekjian1Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի Հո­գաբար­ձութեան ատե­նապե­տը Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու դար­ձեալ մե­ղադ­րեց ժո­ղովուրդը ըսե­լով որ ան­համբեր գտնուած են եւ խնդի­րը դժուարա­ցու­ցած։ «Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի հետ իմ հան­դիպման ժա­մանակ խոր­հուրդ տուած էր որ կա­նոնա­գիր մը պատ­րաստենք ու ապա դի­մենք։ Պե­տու­թիւնը նա­խապա­տուու­թիւններ ու­նի։ Խոս­տա­ցած էր հան­րա­քուէէն ետք ան­ձամբ զբա­ղիլ այս խնդի­րով։ Սա­կայն մենք ան­համբեր գտնուեցանք։ Եղա­ծը շատ եր­կար ժա­մանա­կահա­տուած մը չէր։ Ըն­դա­մէնը երեք ամի­սի մա­սին է խօս­քը։ Ճիշդ չէ թեկ­նա­ծու­նե­րէն մէ­կուն վրայ հա­մաձայ­նիլ եւ միւսնե­րը գոր­ծընթա­ցէն դուրս թո­ղուլ։ Ընտրու­թիւնը պէտք է ար­դար ըլ­լայ։ Ես ոչ Աթէ­շեանի, ոչ ալ Պէք­ճեանի հաշ­ւոյն կը խօ­սիմ։ Այ­սօր Աթէ­շեանը ընտրու­թիւնը կորսնցու­ցած է։ Բայց եթէ այս նոյն ընտրու­թիւնը երեք թեկ­նա­ծու­նե­րով անցնէր ինք էր որ պի­տի շա­հէր։ Եթէ Աթէ­շեան շա­հէր այդ նա­մակը չէր եր­թար։ Պե­տու­թիւնը այս մի­ջամ­տութիւ­նը ընե­լու ժա­մանակ նկա­տի ու­նե­ցած է նաեւ հա­ւանա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րը»։

Հո­գաբար­ձութեան ատե­նապե­տը անդրա­դար­ձաւ նաեւ վեր­ջերս հիմ­նուած Յո­վակիմ Հիմ­նադրա­մի նիւ­թին։ Ան ամ­բողջո­վին սխալ քայլ մը հա­մարեց այդ հիմ­նադրա­մի հաս­տա­տու­մը։ «Պէյ­քո­զի հո­ղատա­րած­քին հա­մար շատ բարձր գու­մա­րով հա­մաձայ­նութիւն մը կնքուած է։ Նախ հա­մաձայ­նուած է 20 տո­կոսի վրայ եւ ապա այդ 20 տո­կոսը զեղ­չուած է 14 տո­կոսի։ Ես այս մա­սին խօ­սեցայ նա­խագա­հին հետ, որ ինքն ալ հաս­տա­տեց թէ շատ բարձր գու­մար մըն է խոս­տա­ցուա­ծը։ Պէտք է շու­տով լու­ծուի Յո­վակիմ հիմ­նադրա­մը։ Ան մեր աւան­դա­կան հիմ­նարկնե­րու օրի­նակով չէ կազ­մուած։ Պէտք է շու­տա­փոյթ կեր­պով դուրս գալ այդ սխալ կար­գադրու­թե­նէն։ Ապա թէ ոչ հա­մայնքն է որ պի­տի տու­ժէ։ Պատ­րիար­քա­րանը պէտք չէ մի­ջամուխ ըլ­լայ դրա­մական խնդիր­նե­րու» ըսաւ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու։

Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան մօտ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչ Թո­րոս Ալ­քան յատ­կա­պէս դժգո­հու­թիւն յայտնեց Կու­սա­կալու­թեան գրու­թեան մէջ 16 Փետ­րուարի ժո­ղովին ուղղեալ մե­ղադ­րանքնե­րուն հա­մար։ «Հա­յերը այդ ժո­ղովին մաս­նակցե­լով ոչ թէ դժգո­հու­թեան պատ­ճառ եղան, այլ ընդհա­կառա­կը խնդրին լուծման հա­մար կամք ներ­կա­յացու­ցին։ Դժգո­հու­թեան պատ­ճա­ռը նոյ­նինքն պատ­րիար­քի բա­ցակա­յու­թիւնն է, այլ ոչ թէ այդ բա­ցակա­յու­թեան վերջ տա­լու հա­մար կա­տարուած ջան­քե­րը»։

Միւս կող­մէ պոլ­սա­հայ երի­տասար­դութեան քա­ղաքա­կան կամ­քը ցո­լաց­նող Նոր Զար­թօնք շար­ժումն ալ հրա­պարա­կած յայ­տա­րարու­թիւնով մե­ղադ­րեց Կու­սա­կալու­թեան մի­ջամ­տութիւ­նը։ Նոր Զար­թօնք յայ­տա­րարու­թեան աւար­տին խնդրին խա­ղաղօ­րէն լուծման հա­մար ան­յա­պաղ կեր­պով հրա­ժար­ման հրա­ւիրեց Արամ Սրբա­զան Աթէշեանը։