«Այստեղ եմ, որովհետեւ կ՛ուզեմ յստակ դարձնել, թէ Արցախը պետութիւն մըն է, ժողովրդավարական պետութիւն մը» կ՛ըսէ Փալոն

08 de octubre de 2019

 

Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու Քոնկրե­սի հայկա­կան հարցե­րու յանձնա­խումբի հա­մա­նա­խա­գահ Ֆրանք Փա­լոն (Դե­մոկրա­տա­կան, Նիւ Ճըրզի) Արցախ հասնե­լէ ետք ընդգծած է Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու հետ Արցա­խի կա­պե­րը ամրապնդե­լու կա­րեւո­րութիւնը: Այս մա­սին կը հա­ղորդէ Ա­մե­րի­կա­յի Հայ դա­տի յանձնա­խումբը:
Փա­լոն Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան Ազգա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ Ղուլեա­նի եւ խորհրդա­րա­նա­կան ղե­կա­վարնե­րու հետ հանդի­պումին ընթացքին յայտա­րա­րած է.«Այստեղ եմ, ո­րովհե­տեւ կ՛ուզեմ յստակ դարձնել, թէ Արցա­խը պե­տութիւն մըն է, ժո­ղովրդա­վա­րա­կան պե­տութիւնը մը, եւ շատ կա­րեւոր է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու եւ Արցա­խի մի­ջեւ կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ շատ հանդի­պումներ ըլլան»:
«Չեմ կարծեր, որ Ազրպէյճա­նին պէտք է զի­նուո­րա­կան օ­ժանդա­կութիւն տրա­մադրենք, ո­րովհե­տեւ ա­մէն ցուցա­նիշ ցոյց կու տայ, թէ ան այդ օ­ժանդա­կութիւնը պի­տի օգտա­գործէ, եւ հաւա­նա­բար Հա­յաստա­նի դէմ», ը­սաւ ան արցախցի օ­րէնսդիրնե­րուն:
Քոնկրե­սա­կա­նը այս տա­րի Ներկա­յա­ցուցիչնե­րու տան ներկա­յա­ցուց թիւ 190 բա­նա­ձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէ վե­րա­կանգնե­լու ԵԱՀԿ-ի միջնորդութեամբ բա­նակցութիւննե­րուն մէջ Արցա­խի դե­րա­կա­տա­րութիւնը: Այժմ 25 քոնկրե­սա­կաններ ստո­րագրած են բա­նա­ձեւին տակ:
«Քոնկրե­սա­կան Փա­լո­նի Արցախ վերջին այցե­լութիւնը ուշադրութիւնը կը կեդրո­նացնէ թիւ 190 բա­նա­ձեւին վրայ», ը­սաւ Ա­մե­րի­կա­յի Հայ դա­տի յանձնա­խումբի գործա­դիր տնօ­րէն Ա­րամ Համբա­րեան: «Կա­րի­քը ունինք յաւե­լեալ բա­նակցութիւննե­րու, յաւե­լեալ այցե­լութիւննե­րու, յաւե­լեալ երկխօ­սութեան եւ յաւե­լեալ դիւա­նա­գի­տութեան, ոչ նուա­զին: Պէտք է մեր դիւա­նա­գէտնե­րուն արտօ­նենք դիւա­նա­գէտներ ըլլալ: Պէտք է թիւ 190 բա­նա­ձեւը որդեգրենք», ը­սաւ ան:
Քոնկրե­սա­կան Ֆրանք Փա­լոն ա­մէ­նէն շատ Արցախ այցե­լած ա­մե­րի­կա­ցի օ­րէնսդիրն է: