“Անկախ պետականութենէն աւելի բարձր արժէք չկայ” Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

07 de febrero de 2018

Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւններուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ եւ ըսաւ.

«Յարգելի՛ խորհրդարան,

2018 թուականը մեր երկրի կեանքին մէջ հարուստ է բացառիկ իրադարձութիւններով: Բայց անոնց կարգին, վստահ եմ, գլխաւորը, առանցքայինը անկախ պետականութեան վերականգնման 100-ամեակն է` մեր ժողովուրդի մտածողութեան մէջ առասպելաբանութեան վերածուած 28 Մայիսը:

Այո՛, մենք խորհրդարանական կառավարման անցնելու եզրափակիչ փուլին մէջ ենք` անկէ բխող քաղաքական բազմաթիւ առաջնահերթութիւններով. հանրապետութեան նախագահ, վարչապետ պէտք է ընտրենք, նոր կառավարութիւն ձեւաւորենք, երկիրը որակական, արմատական բարեփոխումներով զարգացնելու նոր ուղիներ փնտռենք:

Այո՛, երկրին մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական, հոգեւոր-մշակութային խնդիրները, արտաքին մարտահրաւէրները ամէնօրեայ սեւեռուն ուշադրութիւն կը պահանջեն:

Այո՛, մենք չլուծուած շատ հարցեր ունինք, կենցաղն ալ իր հոգերը կը  թելադրէ:

Բայց այս ամբողջին մէջ մենք պարտաւոր ենք գիտակցիլ, որ հիմքերու  հիմքը անկախ պետականութիւնն է, իսկ 100-ամեայ անկախութեան համապետական, համազգային արժեւորումը` ապագային լաւագոյնս իրացուելու առիթ է:

Ես համաձայն չեմ, որ բացառիկ այդ տարեթիւը սահմանափակուի քանի մը օրուան տօնակատարութեամբ:

Ամբողջ տարին այդ նշանի տակ պէտք է անցնի:

Հայաստանի Հանրապետութեան լիարժէք քաղաքացի դաստիարակելու, նոր սերունդին մէջ պետականութեան գիտակցութիւն սերմանելու, մեր մեծերուն` Արամ Մանուկեանի, Նժդեհի, Դրոյի, Սիլիկեանի, Անդրանիկի, Վրացեանի, Շանթի, Աղբալեանի, Թեհլիրեանի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Տէրեանի, Թումանեանի` հայկականութեան, ազգային բարձր բարոյականութեան, նուիրումի, անձնազոհութեան օրինակը վարքականոն դարձնելու առումով 2018-ի իւրաքանչիւր օրը 28 Մայիսով շնչաւորելու անհրաժեշտութիւն կայ:

Այո՛, վարչապետի գլխաւորութեամբ կառավարական յանձնախումբ ստեղծուած է: Այո՛, պատշաճ նշելու ծրագիրներ կան, բայց շրջանակը պէտք է ընդլայնուի` բոլոր քաղաքական ուժերը, Հայ առաքելական եկեղեցին, կառավարութիւնը ամբողջ կազմով, Երեւանի քաղաքապետարանը, մարզերը, համազգային կառոյցները, լրատուամիջոցները ամէնօրեայ գործունէութիւն պէտք է ծաւալեն:

Ճիշդ է, Մայիս 28-ը կերտելու մէջ էական դերակատարութիւն ունեցած է  Դաշնակցութիւնը, բայց անիկա համայն հայութեան դարաւոր իղձերու  մարմնացումն էր, բոլոր հայերուն անկախ պետականութեան մեծ սկիզբը: Եւ Դաշնակցութիւնը նաեւ այս առումով բոլորինն է:

Յարգելի՛ խորհրդարան, յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Անկախ պետականութենէն աւելի բարձր արժէք չկայ: Այդ մեծ սկիզբը յաւերժական դարձնելու պարտքն ու պատասխանատուութիւնը մերն է ու յաջորդ սերունդներունը:

Այդ յաւերժութիւնը երաշխաւորելու համար անհրաժեշտ է 2018-ի բոլոր  օրերը լեցնել Մայիս 28-ի բովանդակութեամբ եւ խորհուրդով»: