«Անհրաժեշտ Է Պետականօրէն Նշել Իրաւական Հռչակագիրներուն 100-ամեակները»

28 de mayo de 2019

Մա­յիս 24-ին Հա­յաստա­նի Գի­տութիւննե­րու ազգա­յին ա­կա­դե­միա­յին (ԳԱԱ) մէջ տե­ղի ունե­ցաւ Դաշնակցութեան եւ ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկին նա­խա­ձեռնած «Միա­ցեալ Հա­յաստա­նի անկա­խութեան` 28 մա­յիս 1919-ի հռչա­կա­գի­րը. պատմութիւն եւ արդիա­կա­նութիւն» խո­րագրեալ գի­տա­ժո­ղո­վը, որ նուի­րուած է անկախ, միա­ցեալ Հա­յաստա­նի հռչակման 100-ա­մեա­կին: Գի­տա­ժո­ղո­վին ընթացքին քննարկուե­ցաւ հռչա­կա­գի­րին պատմա­կան կա­րեւո­րութիւնը, վեր առնուե­ցան ա­նոր քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կութիւնը, հե­ռանկարնե­րը եւ այլն:
ՀՅԴ Բիւրո­յի ողջոյնի խօսքը արտա­սա­նեց ՀՅԴ Բիւրո­յի անդամ Կի­րօ Մա­նո­յեան, որ հիմնա­կա­նօ­րէն անդրա­դարձաւ այդ հռչա­կա­գի­րի քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կութեան, ո՛չ միայն այդ օ­րե­րուն, այլ նաեւ` մեր հայրե­նի­քի այսօ­րուան եւ վա­ղուան հա­մար, մեր ժո­ղո­վուրդի ի­րաւունքնե­րու ձեռքբերման` պատմա­կան արդա­րութեան վե­րա­կանգնման տե­սանկիւնէն:
«Հա­մա­ձայն հայ ժո­ղո­վուրդի միա­հա­մուռ կամքին եւ ցանկութեան», Հա­յաստա­նի կա­ռա­վա­րութիւնը «Հա­յաստա­նի բա­ժան-բա­ժան մա­սե­րը մշտնջե­նա­պէս միա­ցած» յայտա­րա­րեց: Իր այդ յայտա­րա­րութեամբ, Հա­յաստա­նի կա­ռա­վա­րութիւնը կը հե­տեւէր 1919 թուա­կա­նի փետրուա­րին Ե­րեւա­նի մէջ կա­յա­ցած Ա­րեւմտա­հայ Բ. հա­մա­գումա­րի յայտա­րա­րութեան` առ այն, «որ ան Հա­յաստա­նը միա­ցեալ ու անկախ կը ճանչնայ: Կա­ռա­վա­րութեան յայտա­րա­րութիւնը նաեւ ի­րաւա­կան ձեւա­կերպում եւ հիմք կու տայ 1918 թուա­կա­նի օ­գոստոս 1-ին, Հա­յաստա­նի օ­րէնսդիր մարմի­նի` խորհուրդի նա­խա­գահ Աւե­տիք Սա­հա­կեա­նի յայտա­րա­րութեան, «որ երկրի սահմաննե­րը քա­րա­ցած չեն կրնար մնալ միշտ, ես կը հաւա­տամ, որ մեր երկրի սահմաննե­րը կ՛ընդարձա­կուին կեանքի երկա­թէ ուժով, մեր արդար եւ անվի­ճե­լի ի­րաւունքնե­րու պաշտպա­նութեամբ` գրաւուած հո­ղա­մա­սե­րուն վե­րա­բե­րեալ»:
«1919 թուա­կա­նի մա­յիս 28-ի հռչա­կա­գի­րը ի­րո­ղա­կան մի­ջազգա­յին ճա­նա­չում ստա­ցաւ 1920 թուա­կա­նի օ­գոստոս 10-ին ստո­րագրուած Սեւրի պայմա­նա­գի­րով, իսկ մի­ջազգա­յին ի­րաւունքի հի­ման վրայ յստակ սահմա­նագծում ստա­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու նա­խա­գահ Ուիլսը­նի 1920 թուա­կա­նի նո­յեմբեր 22-ի` Հա­յաստան-Թուրքիա սահմա­նին մա­սին ի­րաւա­րար վճի­ռով:
Այս ի­րաւա­կան հռչա­կա­գիրնե­րը կը հանդի­սա­նան ի­րաւա­կան այն վէ­մը, որ նաեւ այսօր կը ճշգրտէ Հա­յաստան-Թուրքիա ի­րաւա­կան սահմա­նը: Ա­հա, մօտ ե­րե­սուն տա­րի է, որ Թուրքիան Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութե­նէն կը պա­հանջէ հրա­ժա­րիլ այդ ի­րաւունքէն: Այն փաստը, որ վե­րանկա­խա­ցումէն ի վեր Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը տա­րածքա­յին պա­հանջ չէ ներկա­յա­ցուցած Թուրքիոյ, չի նշա­նա­կեր, որ հրա­ժա­րած է այդ ի­րաւունքէն: Սա­կայն, անհրա­ժեշտ է փո­խել Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան այդ պա­հուածքը եւ ձեռնարկել քայլե­րու, ո­րոնք կ՛ամրագրեն, որ Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը չէ հրա­ժա­րած այդ ի­րաւունքէն: Յատկա­պէս այս տե­սանկիւնէն, անհրա­ժեշտ է պե­տա­կա­նօ­րէն նշել այս ի­րաւա­կան հռչա­կա­գիրնե­րուն 100-ա­մեակնե­րը` սկսե­լով Միա­ցեալ Հա­յաստա­նի անկա­խութեան յայտա­րա­րութե­նէն», շեշտեց ան:
Կի­րօ Մա­նո­յեան դի­տել տուաւ, որ այսօ­րուան ներքա­ղա­քա­կան ի­րա­դարձութիւննե­րը չեն կրնար պատճառ դառնալ, որ մենք իբրեւ պե­տութիւն ա­նուշադրութեան մատնենք այս կա­րեւոր քա­ղա­քա­կան գի­ծը: «Տա­կաւին ժա­մա­նակ կայ եւ կ՛ակնկա­լենք, որ Հա­յաստա­նի իշխա­նութիւննե­րը այդ ուղղութեամբ քայլե­րու պի­տի ձեռնարկեն ե­թէ ոչ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն, առնուազն յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթնե­րուն: Իսկ ե­թէ ո­րեւէ մէ­կը կա­րի­քը ունի պատմա­կան հիմնաւո­րումնե­րու, վստահ եմ` այս գի­տա­ժո­ղո­վի նիւթե­րը բաւա­րար կ՛ըլլան բո­լո­րը զի­նե­լու անհրա­ժեշտ փաստե­րով», ընդգծեց Կի­րօ Մա­նո­յեան:
Անկէ ետք ներկա­յա­ցուե­ցան զե­կուցումներ, կա­տա­րուե­ցան քննարկումներ: