«Ասպարէզ»Ի երկարամեայ խմբագիր Աբօ Պողիկեան կը հեռանայ պաշտօնէն

06 de agosto de 2019

«Ասպա­րէզ» օ­րա­թերթի երկա­րա­մեայ խմբա­գիր Ա­բօ Պո­ղի­կեան, որ ներկա­յիս թերթին տնտե­սա­կան հարցե­րու տնօ­րէնն է, 1 Սեպտեմբե­րին պի­տի հե­ռա­նայ իր պաշտօ­նէն, Հա­յաստան հաստա­տուե­լու նպա­տա­կով։
Ա­նոր՝ «Ասպա­րէզ»ի մէջ պաշտօ­նա­վա­րութիւնը տասնա­մեակնե­րու վրայ կ՛երկա­րի։ 1985ին ան դարձաւ թերթին հա­յե­րէն բա­ժի­նի խմբա­գի­րը, զգա­լիօ­րէն ընդարձա­կե­լով թերթին լրա­տուա­կան ծաւա­լը եւ ընթերցողնե­րու թիւը։ 1990ին ան հաստա­տուե­ցաւ Հա­յաստան, ուր հի­մը դրաւ ՀՅԴի մամլոյ եւ տե­ղե­կա­տուա­կան կեդրո­նին, ո­րուն նպա­տակն էր ա­մէ­նօ­րեայ լուրեր հա­ղորդել նո­րանկախ Հա­յաստա­նէն, ինչպէս նաեւ Արցա­խի ա­զա­տագրա­կան պայքա­րի ճա­կատնե­րէն։ Կեդրո­նը նաեւ ստանձնած էր Հա­սա­տա­նէն եւ Արցա­խէն լրա­տուութիւն կա­տա­րե­լու հա­մար ժա­մա­նող օ­տար լրագրողնե­րուն թարգմա­նա­կան, փո­խադրութեան եւ այլ ծա­ռա­յութիւններ մա­տուցե­լու պարտա­կա­նութիւնը։
Պո­ղի­կեան նաեւ դարձաւ Հա­յաստա­նի ՀՅԴի պաշտօ­նա­թերթին՝ «Երկիր»ին հիմնա­դիր խմբա­գի­րը։ Ան նաեւ մաս կազմած է «Երկիր Մե­դիա» պատկերսփիւռի կա­յա­նի վարչութեան։
Միա­ցեալ Նա­հանգներ վե­րա­դառնա­լով, Պո­ղի­կեան 2008ին վերստանձնեց «Ասպա­րէզ»ի խմբա­գի­րի պաշտօ­նը։
Ա­նոր պաշտօ­նա­վա­րութեան ընթացքին սկսան լոյս տեսնե­լու թերթին Հինգշաբթի օ­րուան գունաւոր եւ ընդարձա­կուած թիւե­րը, ո­րոնք ձրիա­բար կը բաժնուին Կլենտէյլի, Պըրպենքի եւ Լա Քրե­սենթա­յի հա­մայնքնե­րուն մէջ։ Նոյն ժա­մա­նակ, թերթը վե­րա­ծուե­ցաւ հայ հա­մայնքը եւ հայրե­նի­քը յուզող կա­րեւո­րա­գոյն հարցե­րուն շուրջ տարբեր կարծիքնե­րու արտա­յայտման բե­մի, ի մի բե­րե­լով հա­մայնքի մտաւո­րա­կաննե­րը, գրողնե­րը եւ գործիչնե­րը։
Պո­ղի­կեա­նի
ա­ռաջնորդութեամբ, յատկանշա­կան ոստում արձա­նագրեց նաեւ թերթին հա­մա­ցանցա­յին կայքին հա­յե­րէն բա­ժի­նը, թերթը հա­սա­նե­լի դարձնե­լով աշխարհի տա­րածքին։ Նաեւ, օ­րա­թերթին կա­րեւո­րա­գոյն լուրե­րուն թուայնա­ցած տարբե­րա­կը սկսաւ հա­յե­րէ­նով ա­ռա­քուե­լու ընթերցողնե­րուն։
«Մե­ծա­պէս ե­րախտա­պարտ ենք Ա­բո­յին կողմէ «Ասպա­րէզ»ին ցուցա­բե­րած անսա­սան նուի­րումին, ո­րուն արդիւնքը տե­սա­նե­լի է Ա­րեւմտեան Միա­ցեալ Նա­հանգնե­րու եւ ա­մոբղջ աշխարհին հասնող այս թերթին ապրած բարգաւաճման մէջ», կը յայտնէ թերթին գործունէութիւնը տնօ­րի­նող Հայկա­կան լրա­տուա­կան ցանցի ա­տե­նա­պետ Աւե­տիք Իզմիրլեան՝ աւելցնե­լով. «Յա­ջո­ղութիւն կը մաղթենք իր ա­պա­գայ ծրա­գիրնե­րուն մէջ, վստահ ըլլա­լով, որ ան պի­տի շա­րունա­կէ հա­յութեան արդար իղձե­րուն եւ Հայկա­կան Հարցի պաշտպան մնալ, ուր որ երթայ եւ ինչ նա­խա­ձեռնութեան ալ դի­մէ»։
ՀՅԴ Ա­րեւմտեան Ա­մե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէն եւս իր բա­րե­մաղթութիւննե­րը կը փո­խանցէ Ա­բօ Պո­ղի­կեա­նին, իր մեկնումի սե­մին։
«Ե­րախտա­պարտ ենք Ա­բո­յին, որ յա­տուկ ջանք թա­փեց «Ասպա­րէզ» օ­րա­թերթը վե­րա­ծե­լու իւրա­յա­տուկ հարթա­կի մը, որ հա­մայնքը հա­մախմբեց Դաշնակցութեան տեսլա­կա­նին եւ նպա­տակնե­րուն շուրջ, ո­րոնց վերջնա­կան թի­րա­խը կը մնայ սպա­սարկել հայ ժո­ղո­վուրդին», կը յայտնէ ՀՅԴի Ա­րեւմտեան Ա­մե­րի­կա­յի Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէի հա­մաա­տե­նա­պետ՝ տոքթ. Քարմէն Օ­հա­նեան՝ աւելցնե­լով. «Ա­բո­յին յա­ջո­ղութիւն կը մաղթենք իր ա­պա­գայ նա­խա­ձեռնութեանց մէջ եւ վստահ ենք, որ օ­րա­թերթը պի­տի շա­րունա­կէ ընդարձա­կուիլ եւ բարգաւա­ճիլ շնորհիւ իր տեսլա­կա­նին եւ նուի­րումին»։