Ատրպէյճանի դիրքորոշումը վտանգ է խաղաղութեան համար. Նաղդալեան

08 de octubre de 2019

Ե­ՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հա­յաստա­նի արտա­քին գործոց նա­խա­րա­րութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդա­լեան արձա­գանգեց Ատրպէյճա­նի նա­խա­գահ Իլհամ Ա­լիեւի ե­լոյթին՝ դի­տել տա­լով, որ ա­նոր խօսքին մէջ ո­րեւէ նո­րութիւն չկայ։
«Ադրբե­ջա­նի որդեգրած ա­ռաւե­լա­պաշտա­կան դիրքո­րո­շումը, ո­րը մշտա­կան եւ հիմնա­կան վտանգ է հանդի­սա­նում խա­ղաղ գործընթա­ցի հա­մար, շա­րունա­կում է անփո­փոխ մնալ՝ չնա­յած կողմե­րի մի­ջեւ ձեռք բե­րուած վերջին պայմա­նաւո­րուա­ծութիւննե­րին, ո­րոնք ենթադրում էին ժո­ղո­վուրդնե­րին խա­ղա­ղութեան նա­խա­պատրաստում: Հէնց այդ ժո­ղո­վուրդնե­րին խա­ղա­ղութեան նա­խա­պատրաստե­լու յանձնա­ռութիւնն ա­ռաւել գործնա­կան հարթութիւն բե­րե­լու նպա­տա­կին էր ուղղուած ՀՀ վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նի կողմից ա­ռա­ջարկուած բա­նա­ձեւը, հա­մա­ձայն ո­րի՝ հանգուցա­լուծումը պէտք է ընդունե­լի լի­նի Հա­յաստա­նի, Արցա­խի եւ Ադրբե­ջա­նի ժո­ղո­վուրդնե­րի հա­մար: Այս բա­նա­ձեւն ուղղուած է բո­լոր կողմե­րի հա­մար փոխզի­ջումնե­րի գա­ղա­փարն ընդունե­լի դարձնե­լուն, խա­ղա­ղութեա­նը նպաստող մի­ջա­վայրի ձեւաւորման գործում հա­սա­րա­կութիւննե­րին ներգրաւմա­նը, ինչպէս նաեւ ի­րենց ժո­ղո­վուրդնե­րի առջեւ ղե­կա­վարնե­րի պա­տասխա­նա­տուութեան եւ հա­շուե­տուո­ղա­կա­նութեան ամրագրմա­նը», նշեց ան:
Նաղդա­լեան դի­տել տուաւ, որ, պա­տասխա­նե­լով հայկա­կան կողմին այս ա­ռա­ջարկին, Ատրպէյճա­նի նա­խա­գա­հը ո­րեւէ յղում չկա­տա­րեց տա­րա­ծաշրջա­նի ժո­ղո­վուրդնե­րու հա­մար խա­ղաղ լուծման անհրա­ժեշտութեան, այլ նոյնիսկ կասկա­ծի տակ դրաւ սե­փա­կան պատմա­կան հայրե­նի­քին մէջ ապրող Արցա­խի ժո­ղո­վուրդին գո­յութեան փաստը:
Ըստ բանբե­րին՝ Ղա­րա­բա­ղի տագնա­պին մէջ իր ա­ռաւե­լա­պաշտա­կան մօ­տեցման հիմնաւորման հա­մար Ատրպէյճան մնա­յուն կերպով ի գործ դրած է Արցա­խի եւ ընդհանրա­պէս հայ ժո­ղո­վուրդի ա­պա­մարդկայնացման հռե­տո­րա­բա­նութիւն:
«Այդ ա­պա­մարդկայնացման դրսեւո­րումնե­րից են Ադրբե­ջա­նի նա­խա­գա­հի կողմից Ռա­միլ Սաֆա­րո­վի նե­րումը եւ հե­րո­սա­ցումը, Արցա­խի դէմ Ադրբե­ջա­նի ապրի­լեան ագրե­սիա­յի ժա­մա­նակ խա­ղաղ բնակչութեան եւ զինծա­ռա­յողնե­րի հանդէպ ի­րա­կա­նա­ցուած վայրա­գութիւննե­րը, Արցա­խի՝ Ադրբե­ջա­նի օ­կուպա­ցիա­յի տակ գտնուող տա­րածքնե­րի հա­յա­թա­փումը եւ Ադրբե­ջա­նի տա­րածքում հայկա­կան պատմա­կան ներկա­յութեան եւ հետքի վե­րա­ցումը», նշեց Նաղդա­լեան։
Ան լուսարձա­կի տակ ա­ռաւ այն ե­րեւոյթը, որ Ատրպէյճա­նի ա­ռաւե­լա­պաշտա­կան մօ­տե­ցումնե­րը եւ Արցա­խի ժո­ղո­վուրդին ա­պա­մարդկայնա­ցումը անվտանգութեան գո­յա­բա­նա­կան սպառնա­լիք կը հանդի­սա­նան Արցա­խի ժո­ղո­վուրդին հա­մար: «Դրան արդիւնաւէտ դի­մա­կա­յե­լը հա­մա­հայկա­կան խնդիր է, ինչը լաւա­գոյնս ձեւա­կերպուած է Ստե­փա­նա­կերտում Օ­գոստո­սի 5ին Արցա­խի ժո­ղովրդի առջեւ Հա­յաստա­նի իշխա­նութիւննե­րի ստանձնած յանձնա­ռութեամբ: Հա­յաստա­նը վստահ է, որ խնդրի խա­ղաղ կարգաւո­րումը եւ տա­րա­ծաշրջա­նում ժո­ղովրդա­վա­րութեան յաղթա­նակն այլընտրանք չունեն եւ այդ տե­սա­կէ­տից կա­րեւո­րում է ժո­ղո­վուրդնե­րին խա­ղա­ղութեան նա­խա­պատրաստե­լու յանձնա­ռութեան ի­րա­կա­նա­ցումը», եզրա­փա­կեց Աննա Նաղդա­լեան: