Արամ Ա. Կաթողիկոս կը մասնակցի Եկեղեցւոյ միութեան նուիրուած միջեկեղեցական արարողութեան

20 de enero de 2015

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, բոլոր եկեղեցիները յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են եկեղեցւոյ միութեան աղօթքի շաբթուան: Aramk Iglesias

Այս շաբթուան ընթացքին, եկեղեցիներուն մէջ հոգեւորականներուն եւ ժողովուրդին մասնակցութեամբ յատուկ միջեկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ՛ունենան եւ քարոզներ կը խօսուին` շեշտելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:

Լիբանանի մէջ եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան բացումը կատարուեցաւ կիրակի, 18 յունուար 2015-ին, Պէյրութի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ: Միջեկեղեցական արարողութեան ներկայ էին հոգեւոր պետեր, առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Սոյն արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսը` իր կողքին ունենալով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը եւ միաբան հայրեր: