Արամ Ա. Վեհափառ իբրեւ գլխաւոր բանախօս մասնակցեցաւ Յունաստանի կառավարութեան կազմակերպած միջազգային համագումարին

02 de noviembre de 2017

29-31 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին գու­մա­րո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի 2րդ ­մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րը՝ «­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ կրօ­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զա­նու­թիւն եւ խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թիւն» վեր­նա­գի­րով։ ­Հա­մա­գու­մա­րի հրա­ւէ­րը եւ կազ­մա­կեր­պու­մը ստանձ­նած էր ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։Aram Vehapar Grecia

Մի­ջազ­գա­յին սոյն հա­մա­գու­մա­րին, գլխա­ւոր բա­նա­խօս­նե­րու կար­գին, հրա­ւի­րո­ւած էր Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս,  որ իր արտասանած խօսքին յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց Միջին Արեւելքի կեանքին ու պատմութեան իւրայատուկ երեւոյթը կազմող ցեղային, կրօնական եւ մշակութային բազմազանութիւնը պահելու հրամայականը: Մեկնելով այս շեշտաւորումէն եւ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն` Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ.

1.Կեանքը աստուածատուր իրականութիւն մըն է: Մարդը կոչուած է պահելու եւ պաշտպանելու կեանքը. հետեւաբար, կեանքը ապականելու ձգտող որեւէ արարք մեղանչում մըն է Աստուծոյ նկատմամբ: Այս է ուսուցումը միաստուածեան երեք կրօններուն:

2.Բազմազանութիւնը Աստուծոյ ստեղծագործութեան իւրայատուկ երեսներէն մէկն է. ան հարստացուցիչ երեւոյթ է: Հետեւաբար Միջին Արեւելքի կրօնական, մշակութային եւ ցեղային բազմազանութիւնը պահելն ու զարգացնելը բոլորին հիմնական մտահոգութիւնը պէտք է դառնայ:

3.Ծայրայեղութիւնը մերժելի երեւոյթ մըն է բոլոր կրօններուն կողմէ: Որեւէ կրօն իրաւունք չունի իր արժէքներն ու ուսուցումները պարտադրելու: Արժէքներու եւ աւանդութիւններու գոյակցութիւնը հիմքն է ազգերու համակեցութեան:

4.Խաղաղութիւնը աստուածատուր իրաւունք է, սակայն ճշմարիտ ու մնայուն խաղաղութիւնը հիմնուած է արդարութեան վրայ:

Ապա, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան եւ յիշեց, որ կրօնական ծայրայեղութիւնը, արտաքին ուժերու միջամտութիւնը, ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց անտեսումը այլազան տագնապներ յառաջացուցած են շրջանին մէջ` հարցականի տակ առնելով մշակոյթներու ու կրօններու համակեցութիւնը: Միջին Արեւելքը լուրջ վտանգներու կրնայ ենթարկուիլ, եթէ իր ինքնութեան անբաժան մասը կազմող բազմազանութիւնը վտանգուի, յիշեցուց վեհափառ հայրապետը եւ կոչ ուղղեց, որ երեք միաստուածեան կրօններու առաջնորդները քաղաքական ղեկավարներու հետ միասնաբար դիմեն այնպիսի քայլերու, որոնցմով կարելի ըլլայ պահպանել Միջին Արեւելքի բազմազանութիւնը:

Հա­մա­գու­մա­րին մաս­նակ­ցու­թեան հրա­ւէ­րով՝ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան հա­մա­գու­մա­րի աշ­խա­տանք­նե­րուն, միա­ժա­մա­նակ մաս կազ­մե­լով ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան։

Համագումարին նաեւ կը մասնակցէր Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեան` իբրեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութեան պատուիրակութեան անդամ:

Հա­մա­գու­մա­րի նա­խօ­րեա­կին, ­Կի­րա­կի՝ 29 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը ներ­կայ գտնո­ւե­ցան պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք ըն­դու­նե­լու­թեան։

Այս ա­ռի­թով հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան փոխ-նա­խա­րար­նե­րու եւ կրօ­նա­կան հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու Եան­նի Ա­մա­նա­թի­տիիի եւ ­Թե­րենս ­Քո­ւի­քի հետ։ ­Նաեւ ե­կե­ղե­ցա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ Ա­ղեք­սանդ­րիոյ յոյն ­Թէո­տո­րոս ­Պատ­րիարք, ­Սեր­պիոյ ուղ­ղա­փառ Պատ­րիարք, Ալ­պա­նիոյ Ա­նաս­թա­սիոս Ար­քե­պիս­կո­պոս, ­Յու­նաս­տա­նի ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Սի­նո­տի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար, Ա­թէն­քի մէջ պա­պա­կան նո­ւի­րա­կի տե­ղա­կալ եւ այլ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։

Եր­կու­շաբ­թի՝ 30 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին հա­մա­գու­մա­րի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րեց Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ պրն. Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս, ինչ­պէս նաեւ ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղեց ­Յու­նաս­տա­նի ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­քե­պիս­կո­պոս Ե­րո­նի­մոս։

Հա­մա­գու­մա­րի օ­րա­կար­գին վրայ դրո­ւած նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ գլխա­ւոր բա­նա­խօ­սու­թեամբ հան­դէս ե­կաւ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս։

Կէ­սօ­րին, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը Ե­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սի յա­տուկ հրա­ւէ­րով ներ­կայ գտնո­ւե­ցան կէ­սօ­րո­ւան պաշ­տօ­նա­կան ճա­շին, իսկ ե­րե­կո­յեան նոյն­պէս յա­տուկ հրա­ւէ­րով Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տի ընթ­րի­քին, Աք­րո­փո­լիի թան­գա­րա­նի սրա­հին մէջ։