Արդարութեան մարտիկը -Հայոց «Նեմեսիս»-ին հատու հարուածը

21 de noviembre de 2014
Միսաք Թորլաքեան (1888-1968). 

11_misak-torlakian-vazken-i_12-11-14Հայ ժողովուրդը օրեր առաջ ոգեկոչեց մահուան 46-րդ տարելիցը իր հերոսական ծնունդներէն Միսաք Թորլաքեանի, որ իր արժանաւոր տեղը ունի Հայկական Նեմեսիսի արդարադատ մարտիկներու անմահ փաղանգին մէջ:

12 նոյեմբեր 1968-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ, ութսուն տարեկան հասակին, ազգային հերոսը առյաւէտ փակեց ցաւատանջ իր աչքերը:

Թորլաքեան մանուկ տարիքէն զարհուրանքով տեսած էր ու ցմրուր ճաշակած էր դառնագոյն բաժակը թրքական պետութեան գործադրած հակահայ եղեռնագործութեան: Ապրած էր ժամանակաշրջանը ե՛ւ 1894-95 համիտեան կոտորածներուն, ե՛ւ 1909-ի Կիլիկիոյ աղէտին, ե՛ւ 1915-ի ցեղասպանական մեծ ոճիրին, ե՛ւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի վերապրած վերջին բեկորներուն դէմ թրքական բանակի 1918-ի արշաւանքներուն ու մինչեւ Պաքու հայկական ամէն շունչ եւ հետք հուրէ ու սուրէ անցընելու ահաւոր վայրագութեան:

Այդպէ՛ս Թորլաքեանի ցաւատանջ աչքերը բոցավառ էին ընդվզումի, ցասումի եւ վրէժի կայծերով, որոնք նոյնիսկ Պաքուի ջարդարար Պէյպուտ խան Ճիվանշիրի արդարահատոյց ահաբեկումէն ետք, մինչեւ մահ մշտարծարծ մնացին Միսաք Թորլաքեանի մօտ` պայքարելու համար ի խնդիր անճիտուած ազգին եւ բռնագրաւեալ հայրենիքին արդար հատուցման Մեծ Օրուան նուաճումին:

Թորլաքեան ծնած էր 1888-ին Կիւշանա (Տրապիզոնի շրջան): 8 տարեկան էր 1896-ին, երբ Տրապիզոնի հայութեան դէմ Համիտ շարժման մէջ դրաւ թուրք եւ քիւրտ խուժանը` հայ յեղափոխականները պատժելու պատրուակով հազարաւոր անզէն հայերու կոտորածը հրահանգելով: Մանուկ տարիքի ընդվզումը Թորլաքեանի մէջ յանգեցաւ ծառացումի եւ ըմբոստացման 1904-ին, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան առիթով Համիտ վերստին փորձեց արեան մէջ խեղդել ողջ Արեւմտահայաստանը: Քաջ ու խիզախ պատանին զինուորագրուեցաւ Տրապիզոնի հայ ապստամբ երիտասարդներու հրոսակախումբերուն` գիւղէ գիւղ շրջելով եւ անպաշտպան հայութեան տէր կանգնելով:

1908-ի օսմանեան սահմանադրութենէն եւ հայերու բանակ մուտքի արտօնութենէն ետք, Թորլաքեան կարճ ժամանակով զինուորական ծառայութեան մէջ մտաւ, բայց տեսնելով իթթիհատական իշխանութեան կողմէ շարունակուող հայատեաց խտրականութիւնն ու իրաւազրկումները` հեռացաւ բանակէն, միացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ, Ռոստոմի անմիջական ղեկավարութեան տակ ծաւալած ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներուն մասնակից դառնալով` լծուեցաւ Տրապիզոնի եւ Կովկասի միջեւ զէնքի փոխադրութեան ու թրքական անօրինութիւնները զինու զօրութեամբ սանձելու գործին:

1915-ին Թորլաքեան միացաւ հայ կամաւորական շարժումին եւ եղաւ առաջիններէն, որոնք ռուսական զօրքին հետ Արեւմտահայաստան մուտք գործեցին եւ անմիջապէս լծուեցան թրքական ցեղասպանութենէն վերապրող հայութիւնը հաւաքելու, պատսպարելու եւ պաշտպանելու փրկարար աշխատանքին: Եւ երբ լենինեան յեղաշրջման պատճառով ռուսական զօրքերը արագօրէն լքեցին ռազմաճակատները եւ «տուն» շտապեցին, Թորլաքեան իր մասնակցութիւնը բերաւ վերապրող արեւմտահայութիւնը թրքական զօրքի ներխուժման դէմ պաշտպանելու 1918-ի կռիւներուն` յատկապէս, Կարսի ճակատին վրայ, հայկական անխուսափելի նահանջի կազմակերպումին: Այնուհետեւ, երբ արդէն նահանջի ճանապարհ չկար եւ ողջ հայութիւնը մէկ մարդու պէս ծառացաւ ցեղասպանական իր ծրագիրը ամբողջացնելու եկող թրքական բանակին դէմ, Թորլաքեան Պաշ Ապարանի ճակատին վրայ կռուեցաւ Դրոյի յաղթական գունդին մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին Թորլաքեան նուիրուեցաւ արեւմտահայ գաղթականութեան պատսպարման աշխատանքներուն: 1919-ին Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք, յանուն թուրք ջարդարարները պատժելու «Նեմեսիս» գործողութեան իրականացումին, Թորլաքեան կուսացական որոշումով 1920-ին անցաւ Պոլիս, ուր լծուեցաւ կազմակերպական այդ գլխաւոր շրջանի վերականգնման աշխատանքներուն, յատկապէս` ՀՅԴ մարտական կառոյցի վերակենդանացումին:

Այդ շրջանին էր, 1921-ին, որ «Նեմսիս» գործողութեան Պատասխանատու մարմինին կողմէ Թորլաքեանին յանձնարարուեցաւ Պոլիս հաստատուած, մուսաւաթական Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար եղած եւ 1918-ին Պաքուի հայ¬թաթարական ընդհարումներու ժամանակ անզէն հայութեան կոտորածը կազմակերպած Պէյպուտ խան Ճիվանշիրի ահաբեկումը: Երուանդ Ֆնտքեան եւ Յարութիւնեան նշանակուած էին իր օգնականները: Թորլաքեան Ճիվանշիրի ահաբեկման դաշնակցական որոշումը գործադրեց 18 յուլիս 1921-ին` օր ցերեկով գետին փռելով արիւնարբու հրէշը: Ահաբեկման ականատես ֆրանսացի զինուորներ յարձակեցան Թորլաքեանի վրայ եւ, ծեծի տակ ձերբակալելով զինք, յանձնեցին Պոլսոյ մէջ Դաշնակից ուժերու ներկայացուցիչ անգլիական հոգատար իշխանութեան:

Անգլիական զինուորական դատարան մը կազմուեցաւ: Թորլաքեանի դատին պաշտպանութիւնը կատարեց Խոսրով Ներսէսեան, որ կուռ եւ հիմնաւոր փաստարկումներով դատարանին առջեւ մերկացուց Ճիվանշիրի ծանրագոյն յանցագործութիւնը: Դատարանը թէեւ յանցանք նկատեց գործուած ահաբեկչութիւնը, բայց արդարացուց Թորլաքեանը` նկատի ունենալով անոր հոգեկան եւ մտային հաւասարակշռութեան հասցուած հարուածը Ճիվանշիրի կողմէ:

Միսաք Թորլաքեան անպարտ արձակուեցաւ 22 նոյեմբերին, անցաւ Յունաստան եւ հոնկէ ալ` Ռումանիա, ուր մինչեւ 1952 թուականը մնայուն բնակութիւն հաստատեց եւ գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Դաշնակցութեան Պալքանեան կազմակերպութեան կեանքին մէջ:

Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, Գարեգին Նժդեհի եւ Դրոյի կողքին, Թորլաքեան կարեւոր ներդրում ունեցաւ Պալքաններու հայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու դժուարին գործին մէջ: Իսկ աշխարհամարտի աւարտին Թորլաքեան պատասխանատու մասնակցութիւն բերաւ Դրոյի նախաձեռնած հայ ռազմագերիները փրկելու աշխատանքներուն:
1952-ին Թորլաքեան անցաւ Մ. Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Քալիֆորնիա, ուր կուսակցական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալեց մինչեւ իր վերջին տարիները, երբ հիւանդութիւնը անկողնին գամեց անխոնջ մարտիկը:

Իր կեանքի վերջալոյսին Թորլաքեան լոյս ընծայեց իր յուշերը` «Օրերուս հետ» խորագրով:

1968-ին, երբ արդարութեան մարտիկը արդէն հիւանդանոցի մէջ պառկած էր մահամերձ, Մ. Նահանգներ կատարած իր շրջապտոյտի ընթացքին, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. երջանկայիշատակ հայրապետը հիւանդանոց այցի գնաց մահամերձ Թորլաքեանին եւ դաշնակցական աննկուն ահաբեկիչին արժանացուց ազգային հերոսի օրհնութեան:
Այդ օրհնութեամբ, առյաւէտ փակուեցան, 12 նոյեմբեր 1968-ին, ցաւատանջ եւ ցասկոտ աչքերը անմահ Միսաք Թորլաքեանի:

Ութսուն տարի ապրեցաւ Հայկական Նեմեսիսի արժանաւոր դէմքն ու դաշնակցական վրիժառուի անվեհեր ուխտաւորը, որուն կտակը եղաւ`
«Անհրաժեշտ է ճանչնալ թուրքի հոգին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ բացատրել մարդկութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ արիւնոտ իրադարձութիւնը` հայերու 1915-ի ցեղասպանութիւնը»:

November 15, 2014
Նազարէթ Պէրպէրեան