Արեւմտեան Աւստրալիոյ նահանգի խորհրդարանի երեսփոխանը խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

03 de diciembre de 2019

Ա­րեւմտեան Աւստրա­լիոյ նա­հանգի խորհրդա­րա­նի ե­րեսփո­խան Փի­թըր Քաթսամպա­նի­սը հերթա­կան նիստի ժա­մա­նակ բարձրա­ցուցած է Հա­յոց ցե­ղասպա­նութեան ճա­նաչման հարցը:
Քաթսամպա­նիս ը­սած է, որ «երբեք պէտք չէ մոռնալ Հա­յոց ցե­ղասպա­նութեան վայրա­գութիւննե­րուն եւ սարսափնե­րուն մա­սին, ա­սո­րի­նե­րու եւ պոնտա­ցի յոյնե­րու ցե­ղասպա­նութեան մա­սին», կը տե­ղե­կացնէ Աւստրա­լիոյ Հայ դա­տի յանձնա­խումբը:
Ան նաեւ նշած է պա­տե­րազմի հե­րոս, աւստրա­լա­ցի Ճորճ Տէյվին Թրե­լո­րի մա­սին, որ ա­նընդհատ աշխա­տած է Յունաստա­նի հիւսի­սը` օգնե­լու հա­մար գաղթա­կաննե­րուն` զա­նոնք տե­ղաւո­րե­լով: «Ինչպէս եւ Թրե­լո­րի հիա­նա­լի ջանքե­րը` մենք եւս պէտք է միշտ յի­շենք հա­յոց, ա­սո­րի­նե­րու եւ պոնտա­ցի յոյնե­րու ցե­ղասպա­նութիւնը», ը­սած է ան:
Աւստրա­լա­հա­յե­րը շնորհա­կա­լութիւն յայտնած են Փի­թըր Քաթսամպա­նի­սին իր ե­լոյթին հա­մար: