Արթուր Խաչատրեան. «Դատարանները քաղաքականացնելը կը յանգեցնէ սահմանադրական ճգնաժամի»

06 de agosto de 2019

ՀՅԴ Հա­յաստա­նի ե­րի­տա­սարդա­կան միութիւնը 1 օ­գոստո­սին մո­մա­վա­ռութիւն կազմա­կերպած է Ե­ռաբլուրի մէջ: Միութիւնը միա­ժա­մա­նակ պատրաստա­կա­մութիւն յայտնած է ա­ջակցե­լու պաշտպա­նութեան նա­խա­րա­րութեան` անհրա­ժեշտութեան պա­րա­գա­յին շուրջօ­րեայ հսկո­ղութիւն կա­տա­րե­լու Ե­ռաբլուրի տա­րածքին մէջ:
«Ա­ռա­ջին լրա­տուա­կան»-ին հետ ունե­ցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հա­յաստա­նի Գե­րա­գոյն մարմի­նի անդամ Արթուր Խա­չատրեան շեշտած է, որ պէտք է կանխուին նման ե­րեւոյթնե­րը: «Իր զազրե­լիութեամբ եւ սրբապղծութեամբ արտա­ռոց ե­րեւոյթ է», ը­սած է ան:
Անդրա­դառնա­լով այն դի­տարկման, թէ Դաշնակցութիւնը քննա­դա­տեց գործող իշխա­նութիւնը` սահմա­նադրա­կան ճգնա­ժա­մի մէջ յայտնուե­լուն հա­մար, Ա. Խա­չատրեան բա­ցատրած է, որ խօսքը սահմա­նադրա­կան ճգնա­ժա­մի մա­սին չէ, այլ այն մա­սին, որ փորձ կը կա­տա­րուի դա­տա­րաննե­րը քա­ղա­քա­կա­նացնե­լու, ինչ որ պատճառ պի­տի դառնայ սահմա­նադրա­կան ճգնա­ժա­մի: «Մենք` եօ­թը կուսակցութիւննե­րով հա­մա­խո­հութեամբ ընդունե­ցինք այդ յայտա­րա­րութիւնը, ո­րովհե­տեւ դա­տա­կան հա­մա­կարգին առնչուող այն զարգա­ցումնե­րը, ո­րոնք տե­ղի կ՛ունե­նան երկրին մէջ, չեն կրնար մեզ չմտա­հո­գել: Դա­տա­կան հա­մա­կարգի անկա­խութիւնը շատ կա­րեւոր է երկրին զարգա­ցումը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար», շեշտած է ան:
ՀՅԴ Հա­յաստա­նի Գե­րա­գոյն մարմի­նի անդա­մը` անդրա­դառնա­լով ՀՅԴ-ի կողմէ կազմա­կերպուած «Դե­ղին քարտ Ե­րեւա­նի քա­ղա­քա­պե­տին» նա­խա­ձեռնութեան, նշած է, որ ի­րենք դժգոհ են քա­ղա­քա­յին իշխա­նութիւննե­րուն աշխա­տանքէն, Ե­րեւա­նի մէջ ոչ մէկ ակնա­ռու փո­փո­խութիւն նկա­տե­լի է, տրուած խոստումնե­րը չեն յարգուած, աղբա­հա­նութիւնը խայտա­ռակ վի­ճա­կի մէջ է, չեն լուծուած նաեւ վե­րե­լակնե­րու, կա­նա­չա­պատման խնդիրնե­րը, չէ բա­րե­լաւուած երթեւե­կութիւնը:
Ան ընդգծած է, որ վերլուծած են տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նութիւնը եւ յանգած այն եզրա­կա­ցութեան, որ կան մտա­հո­գիչ բազմա­թիւ հարցեր: