Գերապայծառ Հէքիմեան յայտարարեց թէ ինք որպէս եպիսկոպոսական նշանաբան ընտրած է «Սէր եւ ողորմութիւն» բառերը։

Արժանթինի Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Գերապայծառ Հէքիմեանի Թագադրութեան արարողութիւնը։

10 de octubre de 2018

Misa 1Անցեալ կիրակի 7 հոկտեմբերին, Պուէնըս Այրըսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կաթողիկէ համայնքի նոր առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Պօղոս Արք. Հէքիմեանի թագադրութեան արարողութիւնը որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պուէնըս Այրըսի արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Փոլի, այլ եպիսկոպոսներ, քահանաներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ , դիւանագիտական մարմնի անդամներ, հայ եւ օտար հաւատացեալներ։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ, նորընտիր եպիսկոպոսը դիտել տուաւ թէ այսօր եկեղեցին կը փայլի այն մարդոց հետ որոնք եկած են ուրախութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու նոր եւ սիրելի եպիսկոպոսին, հաստատելով թէ ինք «այստեղ է ծառայելու համար» ու թէ եպիսկոպոսները առաքեալներու յաջորդներն ու անոնց շարունակութիւնն են, որոնք պարտականութիւնը ունին իրագործելու Աստուծոյ իրենց յանձնուած առաքելութիւնը», ու ասկէ մեկնելով գերապայծառ Հէքիմիան ներկաներէն խնդրեց որ իրեն օգնեն իր այս պարտականութեան մէջ որպէսզի, ըսաւ Ան, ես ալ կարողանամ ձեզ օգնել։

Առաջնորդը անդրադարձաւ ապա անցած օրերուն Հռոմի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հանդիպումին ու զրոյցի մասին ապա շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նախ եւ առաջ իր նախորդին Արհիապատիւ Վարդան Արք Պօղոսեանին որ «ուղեկցածէ իմ հոգեւոր կեանքին, ինծի սորվեցնելով ըլլալ իսկական քահանայ» ըսաւ գերապայծառ Հէքիմեան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Սրբազան Քիսսակ Մուրատեանին որ կարելիութիւն չունեցաւ իր մասնակցութիւնը բերելու արարողութեան։ «Զայն կ՛անուանեմ որովհետեւ համամիութիւնը ու եկեղեցւոյ միութիւնը պիտի ըլլան իմ նպատակակէտս», յարեց Հէքիմեան արքեպիսկոպոսը եւ շեշտեց «Միութիւնը Յարուցեալի միակ եկեղեցւոյ։ Մենք պէտք է սիրենք զիրար, օգնենք զիրար ու շարունակենք միասին կերտել եկեղեցին, նախ հայ եկեղեցին ապա բոլոր դաւանանքները»։

Գերապայծառ Հէքիմեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր արժանթինահայրեուն ու իր ծուխին հաւատացեալներուն որոնք միշտ թիկունք կանգնած են իրեն, ապա յայտարարեց թէ ինք որպէս եպիսկոպոսական նշանաբան ընտրած է «Սէր եւ ողորմութիւն» բառերը, որոնք, ըսաւ Ան, պիտի ըլլան Աւետարանի լոյսերը՝ որ պիտի առաջնորդեն իր քայլերը, որպէսզի ինք իր կարգին առաջնորդէ հաւատացեալները՝ որպէս հայր եւ Հովիւ։

«Եպիսկոպոսը այն մարդն է որ պէտք է սորվեցնէ Աստուծոյ խօսքը» ըսաւ ապա գերապայծառ Հէքիմեան, դիտել տալով թէ «պէտք է նախ եւ առաջ ապրինլ այդ Խօսքը, ապրիլ Աւետարանը, օրինակ հանդիսանալով հօտին»։

Մեծ ողջագուրում ձեզի բոլորիդ։ Շատ բան կայ ընելիք։ Ասիկա ծանր խաչ մըն է, որ սակայն կը շալկեմ ուրախութեամբ, վստահ ըլլալով որ այդ կ՛առաջնորդէ դէպի Յարուցեալը» ըսաւ գերապայծառ Հէքիմեան եզրափակելով քարոզը։

/www.vaticannews.va