Արծուիկ Մինասեան. Շուկաներու ազատականացման համար պէտք է քայլ առնենք

09 de junio de 2018

ardzvig_MinasyanԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան, «Թերթ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, գնահատելով տնտեսական ներկայ վիճակը՝ ըսաւ, որ ունինք մրցակցային միջավայրի շատ լուրջ հարց: «Մեր տնտեսութեան մէջ գերիշխող դիրք ունեցողները շատ են, եւ կեդրոնացման աստիճանը չափազանց բարձր է, բան մը, որ չի նպաստեր տեղական արտադրութիւններու զարգացման, հետեւաբար, շուկաներու ազատականացման համար քայլ ունինք առնելու: Նախ պէտք է շուկայի ազատ մուտքի ապահովում, աջակցիլ տեղական արտադրութեան, որ անիկա մրցունակ ըլլայ միջազգային շուկայի մէջ», ըսած է նախարարը եւ խօսած փոքր ու միջին տնտեսութեան բեռնաւորուածութեան, տնտեսութեան նկատմամբ պատասխանատուութեան քիչ ըլլալուն եւ փտածութեան դէմ շեշտակի պայքարին կարեւորութեան՝ ոչ միայն պահանջարկի վրայ ազդելու, այլ նաեւ առաջարկի վրայ ազդելու գործողութիւններուն մասին:

Անդրադառնալով կառավարութեան ծրագիրին՝ թուային ցուցանիշներու բացակայութեան, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներուն, նախարարը ըսաւ, որ այնտեղ հանրութիւնը քննարկման հրաւիրելու առաջարկներ կան: Արծուիկ Մինասեան խօսեցաւ նաեւ արտահերթ ընտրութիւններէն Դաշնակցութեան ակնկալիքին շուրջ եւ ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է անկեղծ, ազնիւ, եւ իրենց մասնակցութիւնը կախեալ է հանրութեան վստահութենէն: