Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիր

Արմէն Ռուստամեան.”Ազրպէյճանի շարք մը փաստարկներ չէզոքացուեցան”

05 de diciembre de 2017

Rusdamian_ArmenՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանի կարծիքով` Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կարելիութիւններ կու տայ Եւրոպական Միութեան հետ խորացնելու նաեւ տնտեսական յարաբերութիւնները: Միաժամանակ, ան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին համաձայն գտնուեցաւ այն տեսակէտին, որ շրջանակային համաձայնագիրին մէջ տնտեսական հատուածը` Հայաստան-Եւրոպական Միութեան ընկերակցութեան  համաձայնագիրին հետ համեմատած, աւելի քիչ է:

Դիտարկման, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան ժամանակ ալ կը պնդէին, որ տնտեսվարողներու համար նոր շուկայ պիտի բացուի, սակայն այս հարցին մէջ խնդիրներ կան, Արմէն Ռուստամեան պատասխանեց. «Խնդիրները մենք մեր մէջ պէտք է փնտռենք, ի՞նչ կապ ունի այս կամ այն միութիւնը: Մենք ձեռք բերած ենք կարելիութիւն օգտագործելու Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկան, մենք ենք մեղաւորը, որ չենք կրցած այդ նոր իրավիճակին համապատասխանեցնել մեր տնտեսութիւնը: Չկայ միութիւն մը, որուն մէջ մտնես ու նոր կարելիութիւններ չունենաս, չկայ միութիւն մը, որուն մէջ մտնես ու քու  անկախութենէդ ինչ որ բաներ չսահմանափակուին, աշխարհին մէջ նման բան չկայ: Այս ամէնը նկատի ունենալով` պէտք է օգտուիլ այն դրականէն, որ կայ, իսկ առկայ բացասականն ալ չէզոքացնել, ինչ որ Հայաստանն ալ կը կատարէ: Կը կարծեմ` Հայաստանը Եւրոպական Միութեան հետ պիտի կարենայ խորացնել նաեւ տնտեսական համագործակցութիւնը»:

Արմէն Ռուստամեան նկատել տուաւ, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրին ստորագրումով Հայաստանի հակառակորդ Ազրպէյճանի շարք մը փաստարկները չէզոքացուեցան: Անոր համաձայն, Ազրպէյճան շարք մը քայլեր ձեռնարկած է, որպէսզի տապալի այս հոլովոյթը:

Պատգամաւորը նշեց, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  ընկերակցութեան համաձայնագիրը, որուն մէջ տնտեսական հատուածը  աւելի մեծ էր, չէ ստորագրուած ոչ թէ Հայաստանի, այլ Եւրոպական Միութեան պատճառով: Արմէն Ռուստամեանի դիտարկումով` Եւրոպական Միութիւնը յառաջացուց «Կամ, կամ»-ի վիճակը, որուն պատճառով ալ Հայաստանը ընտրեց իրեն համար կենսական նշանակութիւն ունեցող «կամ»-ը` տնտեսական յարաբերութիւնները խորացնելով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներուն  հետ: