Արմէն Սարգսեան եւ Արա Բաբլոյեան քննարկեցին երկրին մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակը

29 de agosto de 2018

sarkissian_babloyanԵՐԵՒԱՆ.- 28 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի հանդիպումը: Հանդիպման նախաձեռնութիւնը եկած էր Ազգային ժողովի նախագահէն՝ երկրի ներքաղաքական դրութեան մասին յայտարարութեամբ, կը տեղեկացնէ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը։

Խորհրդարանի ղեկավարը Հանրապետութեան նախագահին տեղեկացուց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նախորդ օրը տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին կողմերը արձանագրեցին, որ հարցերու լուծման ուղղուած բոլոր քայլերը պէտք է ըլլան ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան, քաղաքական երկխօսութեան, բանակցութիւններու եւ քննարկումներու մթնոլորտի մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը, կարեւոր համարելով Սահմանադրութեան գերակայութեան հրամայականը՝ վերահաստատեց իր դիրքորոշումը, որ հարցերը կը լուծուին երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու միջոցով, որոնց ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կողմերը կը յարգեն՝ հետեւողականօրէն կատարելով այդ պայմանաւորուածութիւններուն միտուած գործողութիւններ, ընթացքին դասեր քաղելով եւ արձանագրելով յաջողութիւններ: