Արմէն Սարգսեան ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ

03 de marzo de 2018

Armen-Sarkissian_nuevo-presidenteՀայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ քուէարկութեամբ ընտրեց Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին վրայ Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկեց 90, դէմ` 10 պատգամաւոր: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ին, ըսած է Հայաստանի  Ազգային ժողովի ժամանակաւոր հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մելիքեան:

«Քուէարկութեան մասնակցած է 101 պատգամաւոր: Քուէատուփին մէջ եղած է 101 քուէաթերթիկ, որոնցմէ անվաւեր նկատուած է մէկ քուէաթերթիկ: Այսպիսով, Արմէն Սարգսեան ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ», ըսած է Մելիքեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է Նորընտիր Նախագահըa

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Ազգային ժողովին կողմէ երէկ հանրապետութեան նախագահ ընտրուած Արմէն Սարգսեանը, որ  Սահմանադրութեան համաձայն իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ հանրապետութեան նախորդ նախագահի լիազօրութիւններու աւարտին օրը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է Արմէն Սարգսեանը հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով, մաղթած յաջողութիւն եւ վստահութիւն յայտնած, որ Հայաստանի համար ապագայ տարիները պիտի ըլլան լաւագոյն ձեռքբերումներու  տարիներ:

«Յարգելի՛ պարոն Սարգսեան, սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու առիթով: Ասիկա, անշուշտ, շատ կարեւոր իրադարձութիւն է մեր ժողովուրդին եւ պետութեան կեանքին մէջ եւ շատ կարեւոր փուլ է խորհրդարանական ժողովրդավարութեան կայացման ճամբուն վրայ: Վստահ եմ, որ դուք լաւագոյնս պիտի կատարէք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պարտականութիւնները:

Այս ընթացքին ուշադրութեամբ հետեւելով ձեր հանդիպումներուն` ես ուղղակի համոզուած եմ, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ: Մինչեւ ձեր պարտականութիւններու ստանձնումը մնացած է քառասուն օր: Այս քառասուն օրերուն ընթացքին դուք ամբողջովին կրնաք ապաւինիլ իմ աշխատակազմի, մեր պետական կառոյցներու բոլոր պաշտօնեաներուն  աջակցութեան եւ տնօրինել այդ ժամանակը ինչպէս որ ուզէք, որովհետեւ այդ դժուար եւ պատուաբեր պարտականութիւնները կը կատարուին ի շահ մեր ժողովուրդին: Անգամ մը եւս սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհաւորանքին եւ բարեմաղթանքներուն համար:

«Պարո՛ն նախագահ, կրկին թոյլ տուէք ձեզ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր բարի եւ դէպի մեր հայրենիքի ապագան նպատակաուղղուած խօսքերուն համար: Աւարտելով հանդիպումները եւ ընտրուելով Հայաստանի Հանրապետութեան յաջորդ նախագահ` թոյլ տուէք նախ եւ առաջ իմ երախտագիտութեան խօսքս ըսել ձեզի` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ:

Անշուշտ, Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, Հայաստանի շատ աւելի խոր յարաբերութիւնները եւ պայմանաւորուածութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ, մասնակցութիւնը նոր բազմաթիւ միջազգային կառոյցներու մէջ եւ, ընդհանրապէս տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցող նոր դրական փոփոխութիւնները հիմք կու տան վստահութեամբ նայելու ապագային եւ ինծի մեծ լաւատեսութիւն կը ներարկեն, որ ապագայ տարիները` առնուազն եօթը տարին, որ ես պիտի ծառայեմ իբրեւ հանրապետութեան նախագահ, պիտի ըլլան աշխուժ աշխատանքի տարիներ», ըսած է նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեան: