Արմէն Սարգսեան: "Իւրաքանչիւր պետութեան լաւագոյն խորհրդանիշը անոր օրինապաշտ եւ օրէնքով պաշտպանուած քաղաքացին է”

05 de julio de 2018

Armen-SarkissianԻրաւունքի, օրէնքի ու արժանապատւութեան երաշխաւորութեամբ Հայաստանի մէջ ապրիլը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ երազանք, այլ՝ իրականութիւն: ՀՀ սահմանադրական դատարանին մէջ,  ՀՀ սահմանադրութեան եւ Պետական խորհրդանիշներու օրուան նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկին, այս մասին ըսաւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ օրէնքով ապրիլը ո՛չ թէ սոսկ անհրաժեշտութիւն եւ պարտականութիւն է, այլ ազատ մարդոց առաւելութիւնը, որոնք գիտեն իրենց եւ ուրիշներու իրաւունքներուն արժէքը:

«Պետական խորհրդանիշները բացարձակ արժէքներ են, որոնց նշանակութեան գիտակցումը եւ պատշաճ արժեւորումը կարեւոր նշանակութիւն ունին երկրի այսօրուան եւ վաղուան օրուան համար: Սահմանադրութիւնը կը համարուի երկրի օրինականութեան խորհրդանիշը, սակայն իւրաքանչիւր պետութեան լաւագոյն խորհրդանիշը անոր օրինապաշտ եւ միաժամանակ օրէնքով պաշտպանուած քաղաքացին է»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ իր ելոյթին ընթացքին նշեց նախագահը:

Ան ընդգծեց, որ սահմանադրութեան հերթական տարեդարձի օրը մենք կրնանք հպարտութեամբ արձանագրել, ոչ միայն ինքնիշխան, զարգացող եւ ժողովրդավարութեան ուղին ընտրած աներկբայ գոյութեան փաստը, այլ նաեւ միջազգային ասպարէզի մէջ անոր ինքնատիպ եւ բարձ վարկանիշին առկայութիւնը: «Այդ վարկանիշի բարձրացումը մեր բոլորի իրաւունքը եւ պարտականութիւնն է: Սահմանադրական արժէքները կրնան ապրող իրողութիւն դառնալ այն պարագային, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ այդ արժէքներուն կրողը ըլլայ»,- ըսաւ Արմէն Սարգսեան, աւելցելով, որ Սահմանադրութիւնը իրաւունքի ու պարտականութեան օրինական սահմանն է, որ կը զատէ թոյլատրելին անթոյլատրելիէն, կը գծէ այն իրաւական դաշտը, որուն ենթակայ են նաեւ մեր բարոյական արժէքները:

«Պէտք է մտածել եւ գործել ի շահ երկրի, օգտուիլ Սահմանադրութեամբ ընձեռուած հնարաւորութիւններէն եւ պաշտպանել սահմանադրութիւնը ու այդժամ երկիրը կը դառնայ աւելի լաւ, երկրի քաղաքացին աւելի վստահ, երկրի իշխանութիւնը աւելի պատասխանատու եւ աւելի վստահելի: Միասին պէտք է շարունակենք կառուցել քաղաքականապէս ու տնտեսապէս ներդաշնակ, քաղաքացիի եւ իշխանութեան փոխադարձ յարգանքին վրայ զարգացող Հայաստան»,- վստահեցուց նախագահ Սարգսեան: