Արսէն Համբարձումեան. «Մեր հարցերը մեր երկրին մէջ պէտք է լուծել քաղաքակիրթ ճամբով»

20 de abril de 2018

arsen-hampartsoumian«Մեր հարցերը մեր երկրին մէջ պէտք է լուծել քաղաքակիրթ ճամբով», անդրադառնալով այս օրերուն Երեւանի մէջ ընթացող ցոյցերուն` յայտարարած է Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան:

Անոր համաձայն, անվիճելի է, որ Հայաստանի մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացի սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած իրաւունքներու շրջագիծին մէջ ազատ է իր կարծիքն ու տեսակէտը յայտնելու որեւէ հարցի առնչութեամբ:

Ժողովրդավարութեան պահանջն է, որ իւրաքանչիւրը արտայայտուելու եւ լսուած ըլլալու իրաւունք ունենայ:

Ըստ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին, տեսանելի դրական փոփոխութիւնները մեր երկրին մէջ անհրաժեշտութիւն են, եւ սահմանադրութեան փոփոխութեան գործընթացը անոր միտուած է:

«Նաեւ նոր սահամանադրութիւնը ակնկալիք ու հանրային պահանջ ձեւաւորած է փոփոխութիւններու համար, եւ ատիկա կը պարտաւորեցնէ բոլորին: Հայաստանին մէջ տեղի ունեցող ազատ հաւաքները եւ խաղաղ ցոյցերը այս առումով վկայութիւնն են մեր երկրի ժողովրդավարական հասունութեան: Անկախ հնչեցուող պահանջներէն եւ քաղաքական օրակարգի ընդունելի ըլլալ չըլլալու հանգամանքէն` գնահատելի է, որ կայ պայքարի ոգի»,- ըսած է ան:

Ըստ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին, կարեւոր է, սակայն, որ սկսած գործընթացները ճիշդ հունաւորուին: «Ժողովրդավարութեան սկզբունքին դէմ է վերջնագիրերով խօսիլը եւ ամենաթողութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք ցուցաբերելու զսպուածութիւն, զերծ մնալ սադրանքներէ եւ իրավիճակը լարելու փորձերէ: Պէտք է բացառել որեւէ բռնութիւն եւ պէտք չէ առիթ տալ արտաքին միջամտութիւններու: Մեր հարցերը մեր երկրին մէջ մենք պէտք է լուծենք քաղաքակիրթ ձեւով: Դիմակայութիւնը թշնամանքի պէտք չէ վերածուի: Հանգուցալուծումը պէտք է ըլլայ այնպիսին, որ մեր երկիրը ոչ թէ թուլանայ, այլ աւելի ուժեղ դուրս գայ այս իրավիճակէն»,- ըսած է Արսէն Համբարձումեան: