Հադրութ

Արցախեան գինիի 5-րդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 15-ին

13 de agosto de 2018

VinosՀադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ, Սեպտեմբեր 15-ին, պիտի կայանայ Արցախեան գինիի հինգերորդ փառատօնը։ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ արդէն աւանդական դարձած այդ իրադարձութեան ծրագիրը պիտի ընդգրկէ արցախեան գինիի եւ գիւղատնտեսական տօնավաճառներ, արուեստի ցուցահանդէսներ, համերգ, ժամանցային հետաքրքրական ձեռնարկներ:

Գինիի տօնավաճառը բաց պիտի ըլլայ առաւօտեան ժամը 10։00-էն մինչեւ 20։00, իսկ համերգային ծրագիրը կը նախատեսուի կազմակերպել ժամը 15։00-էն։ փառատօնի հիւրերու եւ մասնակիցներու համար պիտի գործէ ինքնաշարժներու յատուկ երթուղի՝ Ստեփանակերտէն տող եւ հակառակ ուղղութեամբ:

Արցախեան գինիի փառատօնը 2014-էն կազմակերպուող ամենամեայ համապետական ձեռնարկն է, որ իր յարկին տակ կ՝ընդունի տասնեակ գինեգործներ Արցախէն եւ Հայաստանէն, մշակութային բազմաբնոյթ խումբեր եւ հազարաւոր հիւրեր: Փառատօնին կազմակերպիչն է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը: Գլխաւոր գործընկերը «Կատարո» գինիի գործարանն է։