«Արցախը երբեք պիտի չհամաձայնի վերադառնալ Ազրպէյճանի կազմ» կ՛ըսէ Զաթուլին

26 de noviembre de 2019

Ռուսիոյ Տումա­յի ԱՊՀ-ի գործե­րով, եւրա­սիա­կան հա­մարկման եւ հայրե­նա­կիցնե­րուն հետ կա­պե­րու յանձնա­խումբի նա­խա­գա­հի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Քոնսթանթին Զա­թուլին Ռուսիոյ պե­տա­կան պատկե­րասփիւռի կա­յա­նի հե­ռարձա­կուող «Փոզներ» յայտա­գի­րէն այլ հարցե­րու կողքին անդրա­դարձաւ արցա­խեան հիմնա­հարցին:
Փոզներ անդրա­դարձաւ վերջերս Զա­թուլի­նի` Արցա­խի բա­րե­կամնե­րու խորհրդա­ժո­ղո­վի ծի­րին մէջ Արցախ այցե­լութեան, ո­րուն պատճա­ռով ազրպէյճա­նա­կան արտա­քին գործոց նա­խա­րա­րութիւնը խիստ քննա­դա­տութեան ենթարկած էր զինք: Զա­թուլին յի­շե­ցուց, որ Փոզներ եւս այդպի­սի խնդի­րի առջեւ կանգնած էր, ո­րուն ի պա­տասխան` Փոզներ ը­սաւ, որ ինք պարզա­պէս լրագրող է, այլ ոչ թէ բարձրաստի­ճան պաշտօ­նեայ:
Անդրա­դառնա­լով Արցա­խի հարցին մէջ իր դիրքո­րո­շումին` Զա­թուլին նշեց, որ իր տե­սա­կէտնե­րը Արցա­խի հարցին մէջ ե­րէկ չեն ձեւաւո­րուած: «Իմ խո­րին հա­մո­զումս այս հարցին մէջ հե­տեւեալն է` Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագնա­պը կրնայ լուծուիլ այն բա­նի շնորհիւ, որ այդ հարցին մէջ կայ փոխզի­ջում: Ա­մէ­նէն ա­ռաջ Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հանրա­պե­տութիւնը, որ ինքն ի­րեն կը կո­չէ Արցա­խի Հանրա­պե­տութիւն, ա­նի­կա ոչ մէ­կուն կողմէ ճանչցուած է, սա­կայն գո­յութիւն ունի եւ կ՛ապրի, կ՛ուզեմ ը­սել, որ ան երբեք պի­տի չհա­մա­ձայնի, նոյնիսկ ձեւա­կան ձեւով վե­րա­դառնալ Ազրպէյճա­նի կազմ:
«Նոյնիսկ Խորհրդա­յին Միութեան փլուզումին ժա­մա­նակ Ազրպէյճա­նի տա­րածքա­յին ամբողջա­կա­նութեան ճա­նա­չումը նախկին Ազրպէյճա­նի խորհրդա­յին հանրա­պե­տութեան տա­րածքնե­րուն մէջ կը ձգձգուէր, ո­րովհե­տեւ արդէն այն ժա­մա­նակ` 1991 թուա­կա­նին, կ՛ընթա­նար տագնա­պի երրորդ տա­րին, եւ Ազրպէյճա­նը չէր վե­րահսկեր Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի ինքնա­վար մարզի տա­րածքը: Փո­խա­դարձ զի­ջումը որն է` պէտք է ճանչնալ Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի ինքնո­րոշման ի­րաւունքը եւ ա­նոր` Ազրպէյճա­նէն անկախ ըլլա­լու ցանկութիւնը, իսկ ա­տոր փո­խա­րէն Ազրպէյճա­նին պէտք է վե­րա­դարձուին այն շրջաննե­րը, ո­րոնք դուրս են Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի տա­րածքէն եւ զբա­ղե­ցուած են այժմ հայկա­կան ուժե­րու` Ղա­րա­բա­ղի ինքնա­պաշտպա­նութեան ուժե­րուն կողմէ: Այդ շրջաննե­րը 7-ն են, այս պա­րա­գա­յին խօսքը 5-ի մա­սին է, ո­րովհե­տեւ 2-ը` Քարվա­ճա­ռի եւ Քա­շա­թա­ղի շրջաննե­րը կ՛ա­պա­հո­վեն Հա­յաստա­նի հետ կա­պը»:
Անդրա­դառնա­լով արցա­խեան տագնա­պի հարցին մէջ Ռուսիոյ պաշտօ­նա­կան տե­սա­կէ­տին` Զա­թուլին նշեց, որ նախ կողմե­րը պէտք է հա­մա­ձայնին ա­ռանձին, եւ երկրորդ` այս հարցը պէտք չէ լուծուի զի­նուո­րա­կան ճամբով: «Ցաւօք, Ազրպէյճան օ­րէ օր կ՛աւելցնէ իր զի­նուո­րա­կան ծախսե­րը եւ հռե­տո­րա­բա­նութիւնը: Եւ ե­թէ կը յի­շէք` ապրի­լին սանձա­զերծուե­ցաւ 5-6 օ­րուան պա­տե­րազմ մը, որ յանգե­ցուց երկու կողմէն ալ մեծ թիւով կո­րուստնե­րու», աւելցուց ան:
Ինչ կը վե­րա­բե­րի իր Արցախ այցե­լութեան ազրպէյճա­նա­կան հա­կազդե­ցութեան, Զա­թուլին նշեց, որ ի­րեն հա­մար զարմա­նա­լի է այդ ա­մէ­նը, ո­րովհե­տեւ ազրպէյճանցի­նե­րու «աւագ եղբայրնե­րը»` թուրքե­րը, 1974 թուա­կա­նին բռնագրաւած են Կիպրո­սի մէկ մա­սը, սա­կայն թէ՛ Կիպրո­սի Հանրա­պե­տութեան, թէ՛ թրքա­կան Կիպրո­սի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կրնան հանգիստ երթալ-գալ, եւ ոչ ոք աղմուկ չի բարձրացներ: