Սեդօ Պոյաճեան

Արցախը Հայաստանի անվտանգութեան թիկունքն է

13 de febrero de 2019

artsaj-1Ինչպէս Սօս Սարգսեան ըսած է, «Ձեզի համար Ղարաբաղը հողատարածք է, մեզի համար հայրենիք է»: Պատմական ճշմարտութիւն եւ քաղաքական տրամաբանութիւն կայ այս հաստատումին մէջ:

Եւ կայ աւելին: Արցախի պահպանումը աշխարհաքաղաքական պարտադրանք է եւ հայրենիքի անվտանգութեան ճիշդ ռազմավարութեան հրամայականն է: Այս բովանդակութեան մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան քաղաքական յստակ արժեւորումը կը կատարէ` հաստատելով, որ` «Արցախը նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիքն է»: Ազատ ու հայկական Արցախը, իր բոլոր ազատագրուած տարածքներով, թիկունքն է Հայաստանին: Առանց Արցախի` խոցելի է Հայաստանը, ինչպէս առանց Սիւնիքի` անպաշտպանելի է հայրենիքը:

Այսօր բանակցային ու այլ միջոցներով ճնշումներ կը բանեցուին հայրենի իշխանութեան վրայ, որպէսզի արցախեան հարցին «բարւոք լուծման» համար հայութիւնը զիջումներ կատարէ Արցախի հաշուոյն:

Ներկայ քաղաքական միջավայրը այն կացութիւնն է, որ ազգային առաջնորդը կը զանազանէ միամիտ ղեկավարէն, եւ յանդուգն ղեկավարը` կորաքամակ քաղաքական գործիչէն:

Քաղաքական, ապահովական եւ ռազմավարական մերկ ճշմարտութիւնը այն է, որ արցախեան հարցի խաղաղ հանգուցալուծման կողմնակից ըլլալով հանդերձ, մեր նպատակը սոսկ խաղաղութիւնը չի կրնար ըլլալ: Հայկական կողմին համար գերադասելին Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ պատմական արդարութիւնն է:

Մեր պետական այրերը իրաւունք չունին խաղաղութեան սիրոյն վտանգել հայրենիքը եւ զիջումներ կատարել` ի վնաս հայրենիքի անվտանգութեան ու պատմական արդարութեան:

Հակառակ մեր մշակութային հարուստ ժառանգութեան` մենք տակաւին քաղաքական ու զինուորական դասեր չենք քաղեր մեր պատմութենէն: Կը կարդանք մեր պատմութիւնը, բայց չենք սորվիր անոր փոխանցած փորձառութենէն: Նոյնը պէտք չէ պատահի անկախ Արցախին եւ ազատագրուած տարածքներուն պարագային:

Յատկապէս Արցախի պարագային, ուսանելի դասեր կան մեր նորագոյն պատմութեան քաղաքական գրականութեան մէջ: Բաւ է դիմել Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի ցուցմունքներուն, որոնք սեւով ճերմակի վրայ ու յստակօրէն դրուած են իր «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ» ուսումնասիրութեան մէջ, որ լոյս տեսած էր «Հայրենիք» ամսագրի 1927-ի 8-րդ համարին մէջ:

Ռուբէնի աշխարհաքաղաքական վերլուծումը կը պահէ եւ պիտի շարունակէ պահել իր այժմէականութիւնը: Կարդացէք զայն եւ պիտի գտնէք, թէ ինչո՛ւ արցախեան տարածք կարելի չէ զիջիլ, եթէ նպատակ ունինք պահելու ներկայ Հայաստանը եւ ապահովելու անոր անվտանգութիւնը:

Ռուբէն մեկնակէտ ունի քաղաքական այն մերկ ճշմարտութիւնը, որ` «Մեր հիւսիսի հարեւան Ազրպէյճանը, ըլլայ մուսաւաթ, ըլլայ կոմունիստ, բնաւ միտք չունի իր շահերը հայոց շահերու համադրութեամբ ղեկավարելու»:

Հետեւաբար, «Քանի որ հայ ժողովուրդը քաղաքական աննպաստ պայմաններու մէջ է դրուած, քանի Կուրի ձախ ափը գտնուող Ղազախի, Գանձակի, Ղարաբաղի եւ Ջիբրայէլի դաշտային մասերուն համար տնտեսական եւ ռազմական մեծ նշանակութիւն ունին լեռնային Գանձակ, Ղարաբաղ եւ Զանգեզուր, ուստի առնուազն այժմ պէտք է յիշեալ հայկական եւ հայաբնակ գաւառները միացնել Ազրպէյճանին: Եւ որովհետեւ Արաքսի ու Կուրի մէջ ինկած ամբողջ փոքրկովկասեան Հայաստանը կը ներկայացնէ տնտեսական մէկ միութիւն, եւ որովհետեւ նոյնիսկ ներկայ Հայաստանի հողերը պէտք են դաշտաբնակներու համար իբրեւ արօտատեղի, ուստի պէտք է ամբողջ Հայաստանը վերացնել եւ զայն կցել Ազրպէյճանին` ստեղծելու համար միապաղաղ երկիր մը Կասպից ծովէն մինչեւ Ղարս, ուր այժմ նստած են իրենց եղբայրակից համարուող թուրքերը»:

Մուսաւաթ, համայնավար թէ ալիեւեան Ազրպէյճան` վարքագիծը կը մնայ ու պիտի մնայ նոյնը: Այս վարքագիծը անցեալին պատճառ եղած է հայ-թաթարական ընդհարումներուն` Գանձակի, Զանգեզուրի, Ղարաբաղի ապստամբութեանց, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի պատերազմներուն: Նոյն վարքագիծը ներկայիս կը շարունակէ պատճառ ըլլալ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ազերիական նախայարձակումներուն:

Ինչպէս Ռուբէն դիտել կու տայ, «Այս ողորմելի իրողութիւնը նախատեսելով էր, որ Դաշնակցութիւնը չվարանեցաւ զէնքի դիմելու եւ պատերազմելու: Ան իր կռիւներով կրցաւ միայն շատէն քիչը փրկել` իր ձեռքին պահելով Դիլիջանն ու Զանգեզուրը»:

Այս վարքագիծին վերջնական կասեցման համար է, որ Դաշնակցութիւնը չվարանեցաւ իր բոլոր ուժերով մասնակցելու արցախեան ազատամարտին, որպէսզի Արցախը ազատագրուի եւ հայրենիքի անվտանգութիւնը ապահովուի:

Իրաւունք չունինք հայրենիքի անվտանգութիւնը սակարկութեան դնելու: Արցախեան հարցի լուծման որեւէ տարազ պէտք է մեկնի հայրենիքի անվտանգութեան նպատակէն, ոչ թէ` «խաղաղութեան» սկզբունքէն:

Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ