Աշոտ Ղուլեան

«Արցախը հետեւողական պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան կազմակերպիչները եւ իրականացնողները պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցին մէջ»

21 de enero de 2020

30 տա­րի ա­ռաջ կա­տա­րուած ո­ճի­րի անցքե­րը ուսումնա­սի­րե­լու ընթացքին պարզ ու մարդկա­յին հարց մը կը յա­ռա­ջա­նայ` ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ նոյն ժո­ղո­վուրդը ե­րեք անգամ ջարդի ենթարկուի մէկ քա­ղա­քի մէջ, ո­րուն հիմնա­քա­րե­րը իր ձեռքով դրած է. ըստ «Երկիր»-ին, Պա­քուի ջարդե­րու 30-ա­մեայ տա­րե­լի­ցին նուի­րուած` Հա­յաստա­նի եւ Արցա­խի Ազգա­յին ժո­ղովնե­րու միջխորհրդա­րա­նա­կան յանձնա­խումբի միա­ցեալ յա­տուկ նիստին ե­լոյթ ունե­նա­լու ընթացքին նշեց Արցա­խի Ազգա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ Ղուլեան: «Պա­տասխա­նը մէկ է` ստեղծա­գործ եւ ա­րա­րող հա­յը չէ սպաննած իր մէջ մարդա­սի­րութիւնը, չէ լքած իր ժա­ռանգութիւնը` ա­մէն անգամ յաղթա­հա­րե­լով իր ցաւը: Այն, ինչ որ տե­ղի ունե­ցած է Պա­քուի մէջ 1990-ին, յանցա­գործութիւն է մարդկութեան դէմ, կազմա­կերպուած եւ ի­րա­գործուած դրա­ցի պե­տութեան իշխա­նութիւննե­րուն կողմէ: Մէկ շա­բաթ շա­րունակ Պա­քուի հա­յութիւնը իր բնա­կա­րաննե­րուն, աշխա­տանքի վայրին, կրթա­կան եւ այլ հաստա­տութիւննե­րու մէջ ենթարկուած է նուաստացման, խոշտանգումնե­րու եւ ջարդի, ո­րոնց պատճա­ռով հա­րիւրաւորներ զո­հուած են, իսկ հա­զա­րաւորներ` տե­ղա­հա­նուած ու արտաքսուած:

Ցաւա­լի է, որ 30 տա­րի անց ալ Ազրպէյճա­նը կը շա­րունա­կէ իր անցեա­լին հանդէպ պա­տասխա­նա­տուութե­նէ խուսա­փե­լու վարքա­գի­ծը, յունուա­րեան դա­ժան օ­րե­րու սլաքնե­րը այլ ուղղութեամբ տա­նե­լու եւ ինքզինք իբրեւ զոհ ներկա­յացնե­լու մի­ջո­ցով: Հա­յա­տեա­ցութիւնը կը շա­րունա­կէ մնալ Ազրպէյճա­նի քա­ղա­քա­կա­նութեան գե­րա­կա­յութիւնը, արտա­յայտուե­լով անգամ կրթութեան, գի­տութեան, մարմնակրթութեան ու մշա­կոյթի ո­լորտնե­րուն մէջ:

Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան եւ Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան խորհրդա­րաննե­րու պատգա­մաւորնե­րը ընդունած են միա­ցեալ յայտա­րա­րութիւն, ո­րուն մէջ դա­տա­պարտած են 30 տա­րի ա­ռաջ Ազրպէյճա­նի մայրա­քա­ղաք Պա­քուի մէջ կազմա­կերպուած եւ ի­րա­կա­նա­ցած հա­յե­րու ջարդե­րը: 18 յունուա­րին յայտա­րա­րութիւնը միա­ձայնութեամբ ընդունուած է Հա­յաստա­նի Ազգա­յին ժո­ղո­վին մէջ կազմա­կերպուած` Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան եւ Արցա­խի Հանրա­պե­տութեան Ազգա­յին ժո­ղովնե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գործակցութեան միջխորհրդա­րա­նա­կան յանձնա­խումբի` Պա­քուի ջարդե­րու 30-րդ տա­րե­լի­ցին նուի­րուած միա­ցեալ յա­տուկ նիստի աւարտին: