Արցախը պէտք է խաղաղութեան հոլովոյթի առաջնային դերակատարը դառնայ

03 de marzo de 2018

eurocouncil_321827-էն 28 փետրուարին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Միշել Ռիվազի (Կանաչներ) եւ Լարս Ատաքթուսօ (ԵԺԿ) հիւրընկալեցին հանրային քննարկում` ականաւոր միջազգային գիտնականներու եւ դիւանագէտներու մասնակցութեամբ:

Քննարկման նիւթն էր «Միջազգային իրաւունքի զարգացումները, բանակցութիւններու կարգավիճակը եւ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու առաջարկները»:

Բանախօսներու շարքին էին ՄԱԿ-ի Ժողովրդավարական եւ անաչառ միջազգային կարգի աջակցութեան հարցերով անկախ փորձագէտ դոկտոր Ալֆրետ տը Զայաս, ամերիկեան Իրաւունքի համալսարանի Ուաշինկթընի իրաւագիտութեան դպրոցի դասախօս, Միջազգային հանրային իրաւունքի եւ քաղաքականութեան խումբի համահիմնադիր դոկտոր Փոլ Ուիլիըմզ, Ռուսիոյ պետական համալսարանի դասախօս դոկտոր Սերկէյ Մարքետոնով եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան: Ձեռնարկը միացեալ ջանքերով կազմակերպած էին Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը, «Թիւֆէնքեան» հիմնարկը եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը:

Գիտաժողովը հասաւ հետեւեալ եզրակացութիւններուն.

– Արցախը պէտք է դառնայ խաղաղութեան հոլովոյթի հիմնական դերակատար, այլ ոչ թէ առարկայ,

– Հաստատուած միջազգային իրաւական նախադէպերու հիման վրայ ժողովուրդները, որոնց շարքին արցախցիները, իրաւունք ունին անկախութիւն հռչակելու,

– Միջազգային իրաւունքը կ՛արգիլէ բռնի ուժով պատասխանել անկախութեան հռչակման,

– Արցախը լիարժէք պետութիւն է` ըստ «վաստկած ինքնիշխանութեան» հայեցակարգին, որովհետեւ անիկա ունի ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած իշխանութիւն, իր սահմաններուն նկատմամբ վերահսկողութիւն եւ գործող քաղաքացիական հասարակութիւն,

– Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ներկայութիւն ըլլայ Արցախի մէջ` անկախ անոր կարգավիճակէն,

– Միջազգային իրաւունքը որոշակի շրջանակ կ՛ապահովէ, բայց առանձինն չի կրնար ծառայել իբրեւ տագնապներու լուծման գործիք. տագնապներու լուծման գործընթացին մէջ կարելի չէ անտեսել քաղաքականութեան դերը,

– Վստահութեան մթնոլորտի ապահովումը առանցքային գործիք է հիմնահարցի վերջնական լուծման եւ խաղաղութեան հասնելու նպատակին,

– Հայատեացութեան սրումը եւ պատերազմի քաջալերումը անընդունելի են եւ պէտք չէ խրախուսուին. բռնութեան եւ ատելութեան հովանաւորչութիւնը արգիլուած է միջազգային իրաւունքով:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան ըսաւ հետեւեալը. «Արցախը միայն տագնապի անուն չէ. անիկա տարածք է, ուր մարդիկ կ՛ապրին: Այս մարդոց վիճակուած էր պայքարիլ իրենց ապրելու իրաւունքին համար»:

Ալեքսանեան շեշտեց, որ ուժեղ պետութիւն կառուցելու Արցախի վճռականութեան ապացոյցն է այն փաստը, որ երկիրը միակողմանիօրէն միացած է մարդու իրաւունքներու բազմաթիւ համաձայնագիրներու ինչպէս` Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային հռչակագիրը, Ժընեւի ուխտերը եւ Քաղաքացիական ու քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրը:

Խորհրդաժողովի մասնակիցները եկան համաձայնութեան, որ Արցախի ինքնակառավարուելու պահանջատիրութիւնը հիմնաւորուած է: