Արցախի Բարեկամներու հանդիպումը Նախագահ Սարգսեանի հետ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 9 Հոկտեմբերին ընդունեց «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովի պատուիրակութիւնը՝ Ընկերվար միջազգայնականին մօտ ՀՅԴի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ:
Մ. Նալպանտեան տեղեկացուց, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Լատինական Ամերիկայի տարբեր երկիրներէ ճանչցուած անձնաւորութիւններ՝ խորհրդարանականներ, նախկին դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի հետ յարաբերութիւններու զարգացման ջատագովներ են: Խօսելով Ստեփանակերտի մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիք համաժողովին մասին՝ ան նշեց, որ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուելիք միջոցառման նպատակը Արցախի հետ միջազգային կապերու զարգացումն է:
Նախագահ Սարգսեան ողջունեց Լատինական Ամերիկայի բարեկամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն Հայաստան եւ Արցախ այցելութիւնը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով երկու երկիրներուն ի նպաստ անոնց գործունէութեան համար: «Ուրախ եմ, որ ձեր այցը կապուած է Արցախի հետ: Բոլոր այն երկրներում, որոնք դուք ներկայացնում էք, հանդիպել եմ հայերի, որոնք, յատկապէս Մեծ եղեռնից յետոյ, իրենց նոր հայրենիքն են գտել ու դարձել այդ նոր հայրենիքի լաւ քաղաքացիներ: Ի դէմս Հայաստանի, Արցախի եւ ողջ հայ ժողովրդի՝ դուք ունէք լաւ բարեկամներ: Բարձր եմ գնահատում ձեր վերաբերմունքը Արցախի նկատմամբ», նշեց նախագահը՝ արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթելով արցախեան համաժողովին:
Հանդիպման մասնակից համաժողովի պատուիրակները նշեցին, որ զիրենք կը միաւորէ հիացմունքն ու սէրը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին ասկէ ետք եւս շարունակելու աշխուժ ջանքերը՝ ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի: