Արցախի կարգավիճակը կարմիր գիծ է… Յատկապէս Ատրպէյճանական նկրտումներու պարագային

30 de julio de 2019

Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագնա­պին լուծման հե­ռանկա­րա­յին պատկե­րա­ցումնե­րուն մէջ Արցա­խի կարգա­վի­ճա­կին վերջնա­կան յստա­կեցման կա­րի­քը հայկա­կան կողմին ա­ռաջնա­հերթութիւնն է: Ինչպէս Հա­յաստա­նի արտա­քին գործոց նա­խա­րա­րութեան բանբեր Աննա Նաղտա­լեան շեշտեց, կարմիր գիծ մըն է, ո­րուն կա­պակցա­բար թիւր տպաւո­րութիւններ կան, թէ Հա­յաստան միա­կողմա­նի զի­ջումնե­րու իսկ պատրաստ է։
Ատրպէյճա­նի արտա­քին գործոց նա­խա­րա­րութեան բանբեր Լէյլա Ապտիւլաեւա­յի հա­կազդե­ցութիւնը՝ Նաղտա­լեա­նի յայտա­րա­րութեան, ե­կաւ յստա­կացնե­լու Պա­քուի իշխա­նութիւննե­րուն կե­ցուածքը՝ Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի վերջնա­կան կարգա­վի­ճա­կին յստա­կացման կա­պակցա­բար։ Ըստ ատրպէյճանցի բանբե­րին, նման հարց կրնայ քննարկուիլ միայն «Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի ատրպէյճա­նա­կան հա­մայնքին Լեռնա­յին Ղա­րա­բաղ վե­րա­դարձէն ետք»։
Մինչ Մինսքի խումբին հա­մա­նա­խա­գա­հութիւնը այս շրջա­նին ա­ռաւե­լա­բար իր ջանքե­րը ա­ռաւե­լա­բար կեդրո­նա­ցուցած է սահմա­նա­յին գի­ծին վրայ լա­րուա­ծութեան մեղմացման մի­տող քայլե­րու վրայ, Ապտիւլաեւա­յի այս յայտա­րա­րութիւնը կու գայ վերյի­շեցման կարգով, թէ Ատրպէյճա­նի հա­մար ա­ռաջնա­հերթութիւնը ատրպէյճանցի­նե­րու Լեռնա­յին Ղա­րա­բաղ վե­րա­դարձն է, եւ որմէ ետք միայն եւ անշուշտ բնիկ արցախցի եւ ե­կուոր ատրպէյճանցի­նե­րու մի­ջեւ թուա­յին յա­րա­բե­րակցութեամբ, կրնայ ո­րո­շուիլ Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի կարգա­վի­ճա­կը։ Այսինքն տո­ղա­տա­կի կ՛ը­սուի,որ ե­թէ վե­րա­դարձած ատրպէյճանցի­նե­րը չուզեն անկա­խութիւն եւ ո­րո­շեն ապրիլ Ատրպէյճա­նի գե­րիշխա­նութեան տակ, ա­պա Լեռնա­յին Ղա­րա­բա­ղի կարգա­վի­ճա­կը կը մնայ լայն ի­րաւա­սութիւննե­րով ինքնա­վար մարզի սահմաննե­րուն մէջ։
Արցա­խի պե­տութեան կա­յացման հո­լո­վոյթը անցաւ կրա­կի, պա­տե­րազմի եւ ինքնո­րոշման ու ինքնա­պաշտպա­նութեան ա­րիւնա­լի ա­զա­տա­մարտէ մո՝ հա­զա­րաւոր նա­հա­տակնե­րու ա­րեան գնով կերտուած յաղթա­նա­կով ամրագրե­լով ժո­ղո­վուրդնե­րու ինքնո­րոշման ի­րաւունքի արդար կենսա­գործումը։ Մինչ արցախցի­ներ մարտունա­կութեան բարձր ո­գիով պաշտպա­նե­ցին ի­րենց հայրե­նի հո­ղե­րը, ազրպէյճանցի­նե­րը՝ հո­գե­բա­նա­կան շատ հասկնա­լի հա­կազդե­ցութեամբ մը, կա­մո­վին լքե­ցին արցա­խեան ի­րենց բնա­կա­րաննե­րը եւ փո­խադրուե­ցան Ատրպէյճան՝ զաւթի­չի շատ բնա­կան ա­րարքով մը, երբ ի­րաւա­տէ­րը իր ի­րաւունքնե­րը կը պա­հանջէ եւ օ­տար գրաւո­ղը խոյս կու տայ։
Ա­սոր դի­մաց՝ Ատրպէյճան, եւ մի­ջազգա­յին անժխտե­լի վկա­յութեամբ իսկ, երկրին տա­րածքին ապրող հա­յե­րու դէմ գործադրեց ցե­ղասպա­նա­կան բնոյթի մաքրա­գործումներ՝ մայրա­քա­ղաք Պա­քուի, Սումգա­յի­թի եւ այլ քա­ղաքնե­րու մէջ, ջարդե­լով եւ սպաննե­լով քա­ղա­քա­ցին, պարզա­պէս ո­րովհե­տեւ հայ էր։ Մի­ջազգա­յին մա­մուլը, փորձա­գէտներ, օ­րուան խորհրդա­յին իշխա­նութիւննե­րը, նաեւ՝ մի­ջազգա­յին ընտա­նի­քը, «ցե­ղա­յին բնոյթի մաքրա­գործումներ» ո­րա­կե­ցին ատրպէյճա­նա­կան խուժա­նին կազմա­կերպած ջարդե­րը, ո­րոնց հե­տեւե­ցաւ մասսա­յա­կան վտա­րումը՝ հայ բնա­կիչնե­րուն ատրպէյճա­նա­կան քա­ղաքնե­րէն։
Անշուշտ պատմութիւնը մո­ռա­ցութեան չի տրուիր։ Մա­նաւանդ կա­րե­լի չէ խե­ղա­թիւրել փաստերն ու ա­պա­ցոյցնե­րը, թէ­կուզ ա­տի­կա ը­նե­լու փորձին հե­ղի­նա­կը Ատրպէյճա­նի կա­ռա­վա­րութիւնը թէ ազրպէյճանցի ոեւէ բարձրաստի­ճան պաշտօ­նա­տարն է։ Արցա­խի հանրա­պե­տութեան կարգա­վի­ճա­կը, ինչպէս Նաղտա­լեան շեշտեց, պէտք է ո­րո­շուի Արցա­խի բնիկ հայ բնակչութեան կողմէ։ Մնա­ցեա­լը իսկա­պէս դիւա­նա­գի­տութիւն է՝ իր քաշքշուկնե­րով, խուսա­նաւումնե­րով, շա­հե­րու բախմամբ եւ ռազմա­քա­ղա­քա­կան հա­շիւնե­րով։