Արցախի մէջ մեկնարկեցին Հ.Յ.Դ. ճամբարները

17 de julio de 2017

CampamentoՎեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ար­ցա­խի պա­տա­նի­նե­րու ա­մառ­նա­յին հան­գիս­տի հա­ճե­լի ու ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը դար­ձած են Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան աշ­խար­հաս­փիւռ կա­ռոյց­նե­րու ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու կող­մէ Ար­ցա­խի տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւող բա­կա­յին ճամ­բար­նե­րը: ­Բա­ցա­ռու­թիւն չէ նաեւ այս տա­րին:

Յու­լիս 10ին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի Ա­շոտ ­Ղու­լեա­նի ա­նու­նը կրող դպրո­ցին մէջ, մեկ­նար­կած է 10-16 տա­րե­կան պա­տա­նի­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած ճամ­բա­րը, զոր նա­խա­ձեռ­նած է Հ.Յ.Դ. ա­րեւմ­տեան շրջա­նի ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը: ­Ճամ­բա­րի ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տու ­Վա­հէ ­Լե­փե­ջեան ար­դէն քա­նի մը ան­գամ մաս­նակ­ցած է Ար­ցա­խի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւող ճամ­բար­նե­րուն, իսկ խում­բի մնա­ցած ան­դամ­նե­րը շատ ե­ղած են Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ, իսկ ճամ­բար­նե­րու ծրա­գի­րով ա­ռա­ջին ան­գամ այս­տեղ են,- կը հա­ղոր­դէ «Ա­պա­ռաժ»:

Ըստ ­Վա­հէ ­Լե­փե­ջեա­նի՝ ճամ­բա­րի կազ­մա­կեր­պու­մը ու­նի քա­նի մը նպա­տակ­ներ: «Ա­ռա­ջին հեր­թին Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող հա­յե­րու հա­մար շատ լաւ ա­ռիթ է, որ­պէս­զի գա­լով այս­տեղ ի­րենց աչ­քով տես­նեն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին գիր­քե­րէ հայ­րե­նի­քի մա­սին սոր­ված­նե­րը: ­Միա­ժա­մա­նակ՝ այս­տե­ղի հա­յու­թիւ­նը պէտք է ի­մա­նայ, որ դուր­սի հա­յե­րը ի­րենց չեն մոռ­ցած, միշտ կը մտա­ծեն ի­րենց մա­սին եւ հնա­րա­ւո­րը կ­՛ը­նեն օգ­նե­լու հա­մար: Ն­պա­տակ­նե­րէն մէկն ալ մար­դոց տե­ղե­կաց­նելն է, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը իր ու­ժե­րը կը տրա­մա­րադ­րէ հայ ժո­ղո­վուր­դին օգ­նե­լու հա­մար»,- նշած է ան:

Ընդ­հան­րա­պէս ա­մէն ճամ­բար եր­կու շա­բաթ կը տե­ւէ` 10 օ­րո­ւան ճամ­բա­րա­յին եւ 4 օ­րո­ւան հան­գիս­տի ծրա­գի­րով: Այդ ըն­թաց­քին կը նա­խա­տե­սո­ւին հա­յոց պատ­մու­թեան, Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան, հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու ու­սու­ցում, մար­զա­կան խա­ղե­րու, մրցում­նե­րու կազ­մա­կեր­պում: Ն­պա­տակն է բա­րե­լա­ւել մարմ­նա­կան եւ մտա­ւոր ու­նա­կու­թիւն­նե­րը, ամ­րապն­դել հայ­րե­նի­քի հետ կա­պը: