Արցախ այցելած չորս թուրք մտաւորականներու նկատմամբ հետաքննութիւն` նաեւ Թուրքիոյ մէջ

30 de noviembre de 2017

Intelectuales turcosԱրցախ այցելելու համար Ազրպէյճանի պահանջով միջազգային հետախուզման ենթակայ թուրք մտաւորականներու նկատմամբ հետաքննութիւն սկսած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:

Չաւուշօղլու յայտնած է, թէ իրաւական հոլովոյթները արդէն սկսած են, ու մտաւորականները կանչուած են դատարան` վկայութիւն տալու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը պնդած է, թէ չորս մտաւորականները հարցին առնչութեամբ հեռաձայնած են իրեն եւ նշած, որ տեղեակ չեն եղած, թէ իրենց կատարածը յանցանք է:

«Ես ըսի, որ այդ նոյն բանը իրենք պէտք է ըսեն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն: Ի վերջոյ, առաջին դասարանի երեխաներ չեն: Անոնք նամակ յղած են` նշելով, որ սխալած են ու տեղեակ չէին, որ այդ քայլը անօրինական է: Սակայն ասիկա թող դաս ըլլայ անոնց համար: Հոլովոյթը սկսած է», ըսած է Չաւուշօղլու` շեշտելով, որ Թուրքիան Ազրպէյճանի պէս երբեք պիտի չընդունի ոեւէ մէկուն` առանց Ազրպէյճանի արտօնութեան Արցախի տարածք մուտք գործելը:

Չորս մտաւորականներէն Ալի Պայրամօղլու նախապէս Պոլսոյ հայկական օրաթերթերէն «Ակօս»-ին տուած հարցազրոյցի մը մէջ նշած էր, որ զինք յատկապէս զայրացուցած է այն փաստը, որ Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազը շեշտած է, թէ այս մտաւորականները ունին հայամէտ դիրքորոշում եւ շահարկելով անոնց` Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ ունեցած դիրքորոշումը, կարծես փորձած է Թուրքիոյ ներքաղաքական վիճակը օգտագործելով` անոնց վրայ բարդել նաեւ Արցախի հետ կապուած այս մեղադրանքը:

«Ակօս»-ի խնդրանքով այս նիւթին վերաբերեալ մեկնաբանութիւն տուած էր նաեւ փաստաբան, իրաւական փորձագէտ, Պոլսոյ փաստաբաններու գրասենեակի նախկին նախագահ Եուճել Սայման:

«Այն իրողութիւնը, որ այս քաղաքացիներուն վերաբերեալ Պաքուի մէջ ձերբակալման ու կալանաւորման որոշում կայ, չի կրնար անոնց արտայանձնումի հիմք հանդիսանալ: Եթէ անոնց արարքը յանցանք է նաեւ ըստ Թուրքիոյ օրէնքներուն, անոնք այստեղ պիտի կրեն իրենց պատիժը: Ինթըրփոլով փնտռուիլը նոյնպէս այստեղ զանոնք ձերբակալելու եւ արտայանձնելու հիմք չի տար, սակայն ատիկա կրնայ տեղի ունենալ որեւէ այլ` երրորդ երկրի մէջ», ըսած էր Սայման: