Արքայազուն Չարլզ Քննադատած Է Տէր Զօրի Հայկական Եկեղեցւոյ Քանդումը

26 de noviembre de 2014

3_Charles

ԼՈՆՏՈՆ.- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19ին, Լոնտոնի Սուրբ Եղիշէ հայկական եկեղեցի այցելած Միացեալ Թագաւորութեան արքայազուն Չարլզը խստօրէն դատապարտած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «սրտաճմլիկ» ականահարումը ու քանդումը:

Հայկական եկեղեցի կատարած իր այցելութեամբ, արքայազուն Չարլզը փորձած է լուսարձակի տակ առնել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը:

Միացեալ Թագաւորութեան արքայազունը դիմաւորուած է Սուրբ Եղիշէ հայկական եկեղեցւոյ հովիւ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեանի կողէ: Ներկայ եղած են նաեւ Լոնտոնի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ Իրաքէն ժամանած Աւագ արք. Ասատրեան, որ արծարծած է տարածաշրջանին մէջ հայ քրիստոնեաներու խնդիրները: