Գարեգին Բ. Կաթողիկոս պետութիւններու ղեկավարներուն կոչ ուղղեց իրերը անուանելու իրենց անունով եւ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

09 de mayo de 2015

karekin7 մայիսի երեկոյեան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ մասնակցեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած միջեկեղեցական արարողութեան:

Միջեկեղեցական արարողութիւնը  եզրափակուեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին պատգամով: Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս յայտնեց. «Եղեռնի տարողութեան եւ աշխարհի անտարբերութեան անհամատեղելի իրողութեան առջեւ մեր ժողովուրդը  անցնող 100 տարիներուն ընթացքին ամէնէն առաւել չափով քաղցն ու ծարաւը ունեցաւ արդարութեան: Ինչպէս առաջին դարերուն աշխարհի հզօրները մերժեցին ընդունիլ Յիսուսի յարութեան ճշմարտութիւնը, այնպէս ալ 100 տարիներու ընթացքին եղան Հայոց ցեղասպանութեան իսկութեան անժխտելիութիւնը ժխտողներ, անուրանալիութիւնը ուրացողներ: Պետութիւններու մասնաւոր շահերու եւ քաղաքականութեան զոհասեղանին բազմիցս ողջակիզուեցաւ մեր ժողովուրդի արդարութեան պահանջը, իսկ ժխտողականութիւնն ու անպատժելիութիւնը խրախոյս եղան ցեղասպանութեան նոր ողբերգութիւններու:

«Այսօր յիշելով Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակները, մենք կը յիշենք նաեւ նոյն ոճրագործին կողմէ մահուան ենթարկուած հարիւր հազարաւոր ասորի եւ յոյն քրիստոնեաները:

«Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման այս առիթով, մեր սուրբ նահատակներուն եւ զոհերուն յիշատակին առջեւ մեր յորդորն ու կոչն է, որ պետութիւնները եւ պետութեանց ղեկավարները չյապաղին իրերը անուանել իրենց անունով եւ ճանչնան ու դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Կ՛աղօթենք, որ աշխարհին մէջ վերջ գտնեն մարդկութեան դէմ իրագործուող յանցագործութիւնները, ցաւն ու տառապանքը, ժողովուրդներուն ու պետութիւններուն կեանքին մէջ հաստատուի ճշմարտապէս եղբայրութիւն, եւ խաղաղութեան ու համերաշխութեան մէջ յագենան արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունեցող բոլոր հոգիները»: