“Գերմանիան տեղեակ է այդ երկրին մէջ հաստատուած հայերու եւ ալեւիներու դէմ Թուրքիոյ մէջ ծրագրուող յարձակումներէն” կ՛ըսէ Փայլան

26 de diciembre de 2017

Paylan_ PatriarcadoԳերմանիոյ իրաւապահ մարմինները յայտարարած են, որ տեղեակ են Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի այն յայտարարութենէն, թէ Եւրոպայի շարք մը երկիրներու մէջ, մասնաւորաբար` Գերմանիոյ մէջ մահափորձեր կը նախապատրաստուին Թուրքիայէն այդտեղ հաստատուած անձերու, մասնաւորաբար հայերու եւ ալեւիներու դէմ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ իրաւապահ մարմինները գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ին յայտնած են, որ կ՛ուսումնասիրեն հաւանական յարձակումներու վերաբերեալ տուեալները:

«Տեղեակ ենք վերոնշեալ վտանգէն, անհրաժեշտ աչալրջութեամբ կ՛ուսումնասիրենք կացութիւնը: Սակայն իրավիճակի եւ պաշտպանական միջոցներու ձեռնարկման մասին այլ մանրամասնութիւններ չենք կրնար տրամադրել», կ՛ըսուի գերմանական իրաւապահ մարմիններու յայտարարութեան մէջ:

Փայլան գերմանական լրատուամիջոցի մը հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ մահափորձերու մասին տեղեկութիւն ստացած է արտերկրեայ հետախուզական մարմիններէն, սակայն չի կրնար նշել անոնց աղբիւրը: «Միայն կրնամ ըսել, որ անոնք շատ վստահելի տեղեկութիւններ են», ըսած է ան: Երեսփոխանը նշած է, որ Եւրոպայի եւ գլխաւորաբար Գերմանիոյ մէջ այս տեղեկութենէն ետք որոշ անձեր պաշտպանութեան տակ առնուած են:

Փայլան նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները, որոնց հանդիպած ու խօսած է իր ունեցած տուեալներուն մասին, խոստացած են անհրաժեշտ միջոցներուն ձեռնարկել:

Փայլան «Կազեթետուվար» կայքի լրագրողին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին վերահաստատած է այդպիսի ծրագիրի մը գոյութիւնը` աւելցնելով. «Այս պահուս կը գործեն մահափորձերը կատարելու պատրաստուող երեք անձեր»:

Թուրքիոյ մէջ հետապնդումներու պատճառով Գերմանիա հաստատուած հայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ «Տէօչէ Վելլէ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ինք եւս տեղեակ է Փայլանի յայտնած հետախուզական տուեալներէն, որոնք իսկապէս լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն:

Ան յայտնած է, որ խնդիրին առնչութեամբ համապատասխան մարմիններու հետ համագործակցութեան մէջ է: «Թող Թուրքիան անհրաժեշտ ամէն բան ընէ իր քաղաքացիները պաշտպանելու համար», ըսած է ան:

Խնդիրին մասին խօսած է նաեւ Գերմանիոյ ալեւիական միութիւններու համադաշնակցութեան ղեկավար Եըլմազ Քահրամանը, որ նշած է, թէ իրենք շատոնց տեղեակ պահուած են սպառնալիքին վերաբերեալ: Ան ընդգծած է, որ գերմանաբնակ ալեւիները թրքական ծայրայեղական կազմակերպութիւններու թիրախն են: