Գերմանիոյ Կառավարութիւնը որոշած է Հայոց Ջարդերը Ցեղասպանութիւն կոչել

22 de abril de 2015

MerkelԳերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելն ու կառավարութիւնը արդէն համաձայնած են 1915-ի հայոց ջարդերը Ցեղասպանութիւն անուանել, անտեսելով Թուրքիոյ ճնշումները, գրած է գերմանական «Տիէ Վելթ» թերթը:

Գերմանիոյ կառավարութեան մամլոյ բանբեր Շթեֆան Զայպերթ Պերլինի մէջ յայտարարած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը կողմ է 20-րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցած հայերու զանգուածային սպանութիւններուն շուրջ վաւերացնել բանաձեւ մը, ուր արձանագրուած է հետեւեալը. «Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, հայերու ճակատագիրը պատմութեան մէջ զանգուածային բնաջնջումներու, ցեղային զտումներու, տեղահանութիւններու եւ այո` 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու օրինակ է»:

«Դաշնակցային կառավարութիւնը նեցուկ կը կանգնի բանաձեւին եւ անոր պատրաստութեան մէջ մեծ դեր ունի նախագահ Եոաքիմ Կաուք, որ 23 ապրիլին Պերլինի մայր տաճարին մէջ, յիշատակի աղօթքի ժամանակ, պիտի օգտագործէ Ցեղասպանութիւն բառը», յայտարարած է կառավարութեան խօսնակը:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր գերմանական «Սիւթէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ կը զօրակցի անոնց, որոնք կոչ կ՛ուղղեն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար դէմքերէն եղող Շթայնմայեր նշած է, որ ինք լաւ կը հասկնայ դրդապատճառներն ու զգացումները անոնց, որոնք կը պահանջեն ամրագրել ցեղասպանութիւն եզրը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն վերաբերեալ: Ան նոյն ատեն նշած է, որ հետզհետէ «բազմացող քաղաքական բանավէճերը այդ հարցին շուրջ կրնան բարդացնել կամ նոյնիսկ անկարելի դարձնել» Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ լուրջ ու ուղիղ երկխօսութիւնը:

Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Ֆրանց Եոզեֆ Եունկ իր կարգին յայտարարած է, որ իր կուսակցութիւնը մտադիր է հայերու զանգուածային սպանութիւնները ցեղասպանութիւն անուանել` անկախ Անգարայի բողոքներէն: «Մենք պիտի գտնենք ձեւակերպում մը, որ համապատասխան կերպով պիտի բնորոշէ ցեղասպանութեան փաստը, որ եղած է Թուրքիոյ մէջ 100 տարի առաջ», յայտարարած է ան` «Սաարպրիւքեր Ցայթունկ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Եունկ ըսած է, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը պէտք է ներառուած ըլլայ բնագիրին մէջ այն բանաձեւին, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի որդեգրէ Գերմանիոյ խորհրդարանը: Միաժամանակ ան վստահութիւն յայտնած է, որ այդ բառը իր խօսքին մէջ պիտի արտասանէ նաեւ Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուքը:

Ապրիլ 24-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկում տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու շուրջ:

Մինչ այդ, գերմանացի ակադեմականներ, մշակութային անձնաւորութիւններ եւ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ ստորագրեցին միացեալ բաց նամակ մը` ուղղուած Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամներուն` պահանջելով, որ ճանչնան Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու, ասորիներու, քաղդէացիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը:

Բաց նամակը ստորագրողներու շարքին են Գերմանիոյ մէջ Աւետարանական եկեղեցւոյ խորհուրդի ատենապետ Վոլֆկանկ եպս. Հուպըր, ընկերաբան-իմաստասէր Աքսել Հոնեթ, պատմաբաններ Նորպերթ Ֆրայ, Եոռն Լէոնհարտ եւ Եուրկեն Օսթերհամել, իմաստասէրներ Մանֆրետ Ֆրանք եւ Պեռնարտ Վալտենֆելս, մշակոյթի նախկին նախարար Միքայէլ Նաուման եւ մշակութային յիշողութեան մասնագէտներ Ալէյտա եւ Եան Ասման: