Գերքաղաքականացուած մեկնաբանութիւններուն դիմաց

19 de febrero de 2019

contingente-a-SiriaՍուրիա մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ուղարկումը ինչպէս ներքին, նոյնպէս ալ միջազգային մակարդակի վրայ տեղի տուած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, մեկնաբանելով խումբը Սուրիա ուղարկելու որոշումը, յայտնած էր, որ հասկնալի է Սուրիոյ մարդասիրական իրավիճակին արձագանգելու այլ պետութիւններու ցանկութիւնը, եւ թէ Միացեալ Նահանգները կը կիսեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան շուրջ մտահոգութիւնները, այսուհանդերձ իրենք չեն պաշտպաներ Սուրիոյ զինուած ուժերու հետ ներգրաւուածութիւնը` անիկա ըլլայ քաղաքացիական անձերու օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով, թէ ռազմական ուղղուածութեան:

Ուաշինկթընը նաեւ չի պաշտպաներ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութիւնը այս առաքելութեան նպատակով: Մոսկուան գործակցած է Դամասկոսի վարչակարգին հետ` կոտորածի ենթարկելով քաղաքացիական անձեր եւ պատճառ դառնալով մարդասիրական աղէտի: Ռուսիան կը շարունակէ հանդէս գալ միջազգային մակարդակի վրայ այս վարչակարգին եւ անոր կապուած վայրագութիւններու պաշտպանութեան դիրքերէն:

Այս դիրքորոշումի միտք բանին այն է, որ հայկական խումբի ուղարկումը ողջունելի չէ, որովհետեւ այս ուղղութեան վրայ Երեւանը կը գործակցի Մոսկուայի հետ: Մնացեալը` կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան առաջադրանք, կամ մարդասիրական իրավիճակին արձագանգելու սկզբունք, պարզապէս կարգախօսային եւ զուտ ձեւակերպական բնոյթ ունին: Ընդգծելին ռուսական գործօնին կը վերաբերի:

Ռուսական մամուլը կ՛անդրադառնայ այս հարցով ամերիկեան հաւանական բացասական արձագանգներուն, Մոսկուային ունկնդիր մնալուն եւ Սուրիա խումբ ուղարկելու որոշումը անփոփոխ պահելուն: Եւ կ՛ընդգծէ այս պայմաններուն մէջ ամերիկեան օժանդակութեան նկատմամբ որեւէ յոյս չունենալը, նման կեցուածք եւ գործնական քայլեր Եւրոպական Միութենէն սպասելը` տրուած ըլլալով որ Ռուսիան աջակցելու աշխուժութիւն չէ ցուցաբերած մինչ այժմ:

«100 բժիշկներու եւ սակրաւորներու գործուղումը Աֆղանիստան, իբրեւ աջակցութիւն Միացեալ Նահանգներուն, լաւ է ու գովելի, իսկ նոյն բժիշկներու ու սակրաւորներու գործուղումը Սուրիա` գրեթէ յանցանք», կ՛եզրափակէ ռուսական մամուլը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը, յատկապէս ամերիկեան յայտարարութեան արձագանգելով կը յստակացնէր, որ Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները արդէն երկար ժամանակ է, որ  միասնաբար ջանքեր կը գործադրեն արձագանգելու Սուրիոյ մէջ  ընթացող մարդասիրական աղէտին, որ կ՛ուղեկցուի գաղթականներու եւ տեղահանուածներու զանգուածային ճգնաժամով:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բանաձեւած է նաեւ ազգային եւ պետական հայեցակէտերէ մեկնած այն բոլոր հիմնաւորումները, որոնք կ՛արդարացնեն Երեւանի որոշումը: Սկսելով պատմական տուեալներէ` նկատի ունենալով, որ Սուրիան ապաստան հանդիսացած է Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն, ապա համայնքի իրավիճակէն, բացատրելով Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու պարագան, յիշեցնելով, որ ամբողջ պատերազմի ընթացքին հայկական դիւանագիտութիւնը շարունակած է գործել Սուրիոյ մէջ, եւ նման որոշումով պիտի օժանդակէ նաեւ պատերազմական հետեւանքները կրող սուրիահայ համայնքին: Այս հիմնաւորումներուն մէջ կ՛ընդգծուի նաեւ այն, որ հայ մասնագէտներու խումբը իր աշխատանքները պիտի համակարգէ տեղւոյն վրայ գործող մարդասիրական միջազգային կառոյցներուն հետ:

Հայկական հիմնաւորումները բնականաբար կը նպաստեն բացատրելու համար Երեւանի որոշումը` ազգային-պետական շահերէ թելադրուած: Ներկայացուած բանաձեւին առաջին եւ վերջին բաժինները պատասխան են քաղաքականացուած արձագանգումներուն: Յստակօրէն կը յայտարարուի, որ Երեւանն ու Ուաշինկթընը երկար ատենէ ի վեր մարդկային աղէտի դիմագրաւման համար միասին աշխատանք կ՛իրականացնեն, հետեւաբար մէկ ուղղութեամբ քաղաքականացուած մեկնաբանութիւնը ճիշդ չէ. երկրորդ` հայ մասնագէտները տեղւոյն վրայ իրենց աշխատանքները պիտի համակարգեն ներգրաւուած միջազգային տարբեր կառոյցներու հետ: Այստեղ եւս խնդիրը մէկ ուղղուածութիւն չունի ուրեմն:

Նկատենք, որ առաջին անգամը չէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային ձեւաչափով խաղաղապահ առաքելութեան կը մասնակցի. այս անգամ մեկնաբանութիւնները գերքաղաքականացուած են պարզ այն պատճառով, որ գործուղման միջավայրը ռուսական ազդեցութեան գօտի է եւ Ուաշինկթընը քաղաքականօրէն հանգիստ պիտի չընկալէր նման որոշում մը: Պայմանագիրը երկկողմ է եւ կը տեղաւորուի միջազգային համաձայնագիրներու իրաւաչափութիւններուն մէջ:

Անպայման նկատի պէտք է ունենալ նաեւ այն փաստը, որ Երեւանը Հայաստանի սահմանամերձ երկիրներու մէջ` Իրաք, Լիբանան, այժմ նաեւ Սուրիա, կ՛իրականացնէ նման միջազգային առաքելութիւն, անիկա ըլլայ զինուորական թէ մարդասիրական բնոյթի:

Քաղաքականացուած մեկնաբանութիւնները ներքին թէ արտաքին առումով չեն բխիր պետութեան շահերէն: Պաշտօնական Երեւանի, այս պարագային արտաքին գործոց նախարարութեան բանաձեւումները հարցի մեկնաբանութեան, վերլուծման եւ առհասարակ քննարկման ընթացքին ուղենշային են:

«Ազդակ»