ՀՅԴ 129րդ ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րութիւն Պուէ­նոս Այրէ­սի մէջ

Գօրծոն Դա­շակցութիւն, յա­րա­տեւ պայքար

03 de diciembre de 2019

Հա­րաւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի «Ա­հա­րո­նեան» Կեդրո­նա­կան Կո­մի­տէի նա­խա­ձեռնութեամբ եւ Պուէ­նոս Այրե­սի «Ա­րամ Մա­նուկեան» Կո­մի­տէի կազմա­կերպութեամբ, անցեալ Կի­րա­կի Նո­յեմբեր 30ին, «Խրի­մեան» Վարժա­րա­նի սրա­հին մէջ տե­ղի ունե­ցաւ ՀՅԴ 129ա­մեա­կի հանդի­սաւոր տօ­նա­կա­տա­րութիւնը՝ աւե­լի քան 200 ներկա­նե­րով:
Հանդի­սութեան ներկայ էին Ս. Գրի­գոր Լուսաւո­րիչ ե­կե­ղե­ցիի հո­գեւոր Հայր Սուրբ՝ Ա­րեն Շա­հի­նեա­նը, ՀՄԸ­Մի, ՀՕ­Մի, Հա­մազգա­յի­նի, Պա­տա­նե­կան Միւթեան եւ ՀՅԴ տարբեր մարմի­նե­րու ներկա­յա­ցուցիչներ:
Նախքան հանդի­սութեան սկսի­լը, «Մա­նուկեան» կո­մի­տէութեան շարքե­րը հա­մալրե­ցին 7 նո­րա­գիրներ: Երդման ա­րա­րո­ղութեան ներկայ գտնուե­ցան շրջա­նիս Կեդրո­նա­կան կո­մի­տէի ներկա­յա­ցուցիչնե­րը՝ ա­ռաջնորդութեամբ ընկեր Ժա­նիկ Քէ­չեան: Ուխտեալ ընկերներ/ուհի­նե­րուն կնքա­հայրն էր ընկեր Յա­կոբ Թա­պա­քեան: Ան իր ամփոփ խօսքով շեշտեց նո­րա­գիրնե­րուն դաշնակցութեան մի­ջո­ցաւ ազգին ծա­ռա­յե­լու յանձնա­ռութիւնը: Ան յորդո­րեց ա­նոնց՝ նուի­րումով եւ պատրաստա­կա­մութեամբ ծա­ռա­յել ազգին ու հայրե­նի­քին:

Հանդի­սութիւնը գործադրուե­ցաւ կո­կիկ եւ բաւա­կան բարձր մա­կարդա­կով։ Յայտա­գի­րին մէջ կար յուզիչ ներկա­յա­ցում ընկեր Գա­լուստ Ճանսսեան արտա­սա­նութեամբ:

Հե­տեւա­բար, խօսքը ուղեց «Ա­րամ Մա­նուկեան» Կո­մի­տէի հերթա­պահ, ընկեր Ա­կուսթին Ա­նա­լեան, որ կ՛ը­սեր. Այս ե­րե­կոյ, մենք կը նշենք տա­րե­դարձը Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշնակցութեան 129ա­մեայ ծա­ռա­յա­կան գործին:
Դաշնակցութիւնը իր ծնունդէն սկսեալ մինչեւ մեր օ­րե­րը ե­ղած է հայ ժո­ղո­վուրդի ա­զա­տագրա­կան պայքա­րի յա­ռա­ջա­պա­հը: Արցա­խի ա­զա­տագրա­կան պայքա­րին իր բե­րած անփո­խա­րի­նե­լի ներդրումով եւ ընդհանրա­պէս Հա­յաստա­նի ու Արցա­խի պե­տա­կա­նութեանց իր անվե­րա­պահ զօ­րակցութեամբ, Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւնը հաւա­տա­րիմ կը մնայ իր ա­ռա­քե­լութեան, եւ այդ նուի­րա­կան գործին այսօր մենք կը միա­նաք՝ ա­պա­հո­վե­լով ա­նոր շա­րունա­կա­կա­նութիւնը:
Այն օ­րը, երբ որ երդումը կա­տա­րենք, կ՛ըլլայ ա­ռա­ջի­նը՝ երկար տա­րի­նե­րու ազգա­նուէր գործունէութեան եւ մեր պա­հանջա­տի­րա­կան պայքա­րի ամբողջա­կան նուի­րա­բե­րումին։

Ժո­ղո­վուրդին ծա­ռա­յելն ու ժո­ղո­վուրդի ծա­ռա­յութեան գործն են, որ ի­մաստ կու տան Դաշնակցութեան գո­յութեան. ո­գի եւ սլացք կը ներշնչէ դաշնակցա­կան մարդոց, եւ վերջա­պէս՝ ծա­ռա­յութեան ու գործի արգա­սիքներն են, որ զանգուածնե­րը վերջ ի վերջոյ հե­տեւորդ ու հա­մա­կիր կը դարձնեն Դաշնակցութեան:
Դաշնակցութիւնը միշտ կայ. Պէտք է նշուած դէպքե­րը թող չա­փա­զանցութիւն չթուին կամ Դաշնակցութեան հաշւոյն անհա­մեստութիւն չարձա­նագրուին: Անցեա­լը կ՛ըլլայ չա­փա­նի­շը, անշուշտ: Բո­լո՛ր այն հանգրուաննե­րուն եւ ի­րա­դարձութիւննե­րուն վրայ, ո­րոնք հա­յութիւնը յուզած են, կամ
տագնապնե­րու դուռ բա­ցած են հա­յութեան մէկ մասնի­կին հա­մար, պի­տի տեսնենք, որ հոն ներկայ է Դաշնակցութիւնը տագնա­պի լուծման գործին մէջ իր բա­ժի­նը վերցնե­լու, իր ծա­ռա­յութիւնը մա­տուցե­լու հա­մար: Եւ մենք, հարգե­լով մեր անցեա­լը, ո­րո­շե­ցինք հանդի­սա­տես ըլլալ այն պատմութեան, սա­կայն այս ժա­մա­նակնե­րուն մէջ ըլլալ գլխաւոր դեմքեր:
Ժո­ղո­վուրդէն ծնած, եւ մեր ժո­ղո­վուրդի պայքա­րին ի խնդիր յա­րա­տեւող Դաշնակցութիւնը՝ հաւա­քա­կա­նին ծա­ռա­յող եւ հաւա­քա­կան մշա­կոյթի սկզբունքնե­րով ա­ռաջնորդուող կազմա­կերպութիւն է։ Այս ի­րա­կա­նութիւնը, այսօր, ա­ռօ­րեայ ի­մաստով փորձութեան կ՛ենթարկուի։ Գա­ղա­փա­րա­կան մեր կողմնա­ցոյցը երբեմն կը կորսնցնենք եւ մեր ուղղութիւնը կը ճշդենք անհա­տա­կան կարծիքնե­րու բա­նա­ձեւումով, փո­խա­նակ տեսնե­լու զա­նոնք մեր Ծրա­գի­րին ու կա­նոննե­րը։ Զգո՛յշ սի­րե­լի ընկեր/ուհի­ներ, չանհա­տա­կա­նացնէնք Դաշնակցութիւնը: Քայլ առ քայլ այն խնդի­րը մե­զի պի­տի տկա­րացնէ­Դաշնակցա­կա­նը՝ ո՛վ ալ ըլլայ ան, ՀՅԴ Ծրա­գի­րին եւ ա­նոր ժո­ղովնե­րէն բխած ո­րո­շումնե­րուն զի­նուո՛րն է։ Անդրա­դարձած են այս ի­րո­ղութեան նոյնիսկ Գէորգ Չաւուշի եւ Անդրա­նի­կի պէս պանծա­լի դէմքեր, եւ նկա­տած, որ չկայ անհատ, որ կը գե­րա­դա­սէ Դաշնակցա­կան ժո­ղո­վի գծած ուղին, եւ զայն գա­ղա­փա­րա­կան սկզբունքնե­րը։ Կառչած մնա՛նք այս ըմբռնումին, մա­նաւանդ՝ մութ եւ ծանր օ­րե­րուն։ Պաշտպա­նենք եւ պա­հա­կը ըլլանք Դաշնակցութեան կարգա­պա­հութեան, որ 129 տա­րի­նե­րու ընթացքին կուսակցութիւնը կանգուն պա­հող կա­րեւո­րա­գոյն սիւնե­րէն մէկն է ե­ղած։

Չ՛մոռնաք, որ Դաշնակցութիւնը ընկերվա­րա­կան սկզբունքնե­րը իւրա­ցուցած կազմա­կերպութիւն է, եւ իր ա­կունքնե­րը մարդու ի­րաւունքնե­րու ամբողջա­կան արդա­րութեան ծա­ռա­յե­լու հե­ռանկա­րով են ամրապնդուած։
Ա­յո՛, մեր պայքա­րը ազգա­յին է. այնքան ա­տեն որ մեր ազգա­յին ա­զա­տագրա­կան պայքա­րը չէ հա­սած իր արդար լրումին, մենք պարտաւոր ենք նուի­րա­բե­րուիլ ա­նոր, ո­րովհե­տեւ մեր մի­ջոցնե­րը հա­զիւ թէ բաւա­րար ըլլան ա­նոր հա­մար։ Սա­կայն, Դաշնակցութիւնը երբե՛ք չի կրնար լուռ մնալ մարդկա­յին ի­րաւունքնե­րու ոտնա­կոխման դի­մաց եւ երբե՛ք չի կրնար իր պայքա­րը տեսնել անջա­տուած այդ ի­րո­ղութե­նէն։ Ուրեմն մեր տեսլա­կա­նը վերջա­պէս ամբողջացնենք սի­րե­լի­ներ՝ Ա­զատ, Անկախ, Միա­ցեալ եւ Արդար Հա­յաստան կ՛ուզենք։

Այսօր, իւրա­քանչիւր դաշնակցա­կան մարմին ու դաշնակցա­կան ընկեր/ընկե­րուհի, խմբա­գիր, գործա­րար, ուսուցիչ թէ ուսա­նող, այսինքն մենք՝ պէտք է վե­րա­թարմացնենք մեր ընթացքը ու վե­րա­նո­րո­գենք մեր երթը՝ միշտ ու միշտ գլխաւոր չա­փա­նիշ ընտրե­լով ժո­ղո­վուրդի ծա­ռա­յութիւնը, հա­շիւ տա­լով, թէ ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ինչքա­նո՞վ ծա­ռա­յութիւն կը մա­տուցենք մեր ժո­ղո­վուրդին ու ա­նոր Դա­տին:
Հե­րոսնե­րու եւ նա­հա­տակնե­րու սխրանքը վկայ, դրօ­շը բարձրացնե՛նք, մեր ա­րեան կանչով ենթա­կայ՝ վեհ Դաշնակցութեան:
Վեր կաց ընկերներ/ընկե­րուհի­ներ, ա­մուռ շարք դառնանք, նոր ճա­կա­տա­գի­րը կերտենք, Հայ Դա­տի լուծման գործը անդա­դար շա­րունա­կենք, եւ ընկերվա­րութեան ճամբայ բա­նանք:
Միա­սին բռունցք վերցնե­լով, մէ՛կ նպա­տա­կի հա­մար, մէ՛կ դա­տի հա­մար ու մէ՛կ հայրե­նի­քի հա­մար, ծա­ռա­յե­լով տո­ղանցե՛նք դէ­պի յաղթա­նակ, մինչե՛ւ յաղթա­նակ: