Դաշնակցութիւնը Ազատութեան Հրապարակին Վրայ «Լրջացէ՛ք» Կարգախօսով Հանրահաւաք Կատարեց

28 de mayo de 2019

ՀՅԴ Հա­յաստա­նի Գե­րա­գոյն մարմի­նին (ԳՄ) նա­խա­ձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, 23 Մա­յի­սին, Ա­զա­տութեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ունե­ցաւ հանրա­հաւաք՝ «Լրջա­ցէք» կարգա­խօ­սով: Հանրա­հաւա­քը վա­րեց «Երկիր Մե­դիա»ի քա­ղա­քա­կան բա­ժի­նի ղե­կա­վար Գե­ղամ Մա­նուկեան:
Ե­լոյթ ունե­ցան ԳՄի ներկա­յա­ցուցիչ Իշխան Սա­ղա­թե­լեան (տես՝ կողքի սիւնա­կը), ԳՄի անդամներ Արթուր Խա­չատրեան, Լի­լիթ Գալստեան, Տա­րօն Տօ­նո­յեան, ՀՅԴ Բիւրո­յի անդամներ Բե­նիա­մին Պճաքճեան եւ Արմէն Ռուստա­մեան:
Իշխան Սա­ղա­թե­լեան նշեց, որ ՀՅԴ Գե­րա­գոյն մարմի­նը իր գո­հունա­կութիւնը կը յայտնէ ՀՅԴ Հա­յաստա­նի կա­ռոյցի բո­լոր ընկերնե­րուն եւ հա­մա­կիրնե­րուն՝ ի­րենց զգօն, գի­տա­կից եւ պատրաստա­կամ պա­հուածքին հա­մար: Ըստ Սա­ղա­թե­լեա­նի՝ հանրա­հաւա­քին նպա­տակն է ի­րենց մտա­հո­գութիւննե­րու մա­սին բարձրա­ձայնե­լը:

 

Ակնարկ. Հրամայական Են Արտախորհրդարանական Հակակշռումի Գործողութիւնները

 

Ե­րէ­կուան հանրա­հաւա­քը, ըստ էութեան, զուտ պե­տա­կան դի­տանկիւնէ ` անհրա­ժեշտ գործո­ղութիւն էր երկրին մէջ կա­ռուցո­ղա­կան ընդդի­մութեան բա­նա­ձեւ ձեւաւո­րե­լու ուղղութեամբ:
Կա­յուն մե­ծա­մասնութեամբ գո­յա­ցած խորհրդա­րա­նով, միա­կուսակցա­կա­նութեամբ ընդգծուած կա­ռա­վա­րութեամբ եւ այժմ զտման գործընթա­ցէ անցնե­լու նա­խա­շե­մին գտնուող դա­տա­կան հա­մա­կարգով ղե­կա­վա­րուող երկրին մէջ արտա­խորհրդա­րա­նա­կան ընդդի­մութեան անհրա­ժեշտութիւնը կը զգա­ցուի:
Գործող սահմա­նադրութիւնը ընդդի­մութեան չա­փա­բա­ժիննե­րը, ի­րաւա­սութիւններն ու լիա­զօ­րութիւննե­րը ընդլայնե­լով խորքին մէջ կը մի­տէր հա­կակշիռ գործի­քա­կազմը հաստա­տութե­նա­կան հի­մունքի վրայ տե­ղադրել: Հա­կակշիռ թէ՛ ներխորհրդա­րա­նա­կան քննարկումնե­րու ու ո­րո­շումնե­րու եւ թէ՛ գործա­դիր-օ­րէնսդիր ի­րո­ղա­կան-ի­րաւա­կան հա­շուե­տուութեան յա­րա­բե­րակցութիւն յա­ռա­ջացնե­լով:
Ժո­ղովրդա­յին շարժման անմի­ջա­կա­նութեան մէջ ձեւաւո­րուած խորհրդա­րանն ու կա­ռա­վա­րութիւնը հե­ռու են սահմա­նադրա­կան ա­ռա­ջադրանքը ի­րա­կա­նացնե­լու կա­րե­լիութե­նէն: Յա­մե­նայնդէպս, միշտ չէ, որ ժո­ղովրդա­յին շարժման ազդե­ցութեան ներքեւ պի­տի ձեւաւո­րուին հե­տա­գայ Ազգա­յին ժո­ղովներն ու ա­նոնց հի­ման վրայ կազմուե­լիք կա­ռա­վա­րութիւննե­րը:
Բա­ցա­ռիկ այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ աւե­լի քան անհրա­ժեշտ է ուրեմն ձեւաւո­րել այնպի­սի մի­ջա­վայրեր, ուր հնչէ քննա­դա­տութիւնը, ուր սխալնե­րը ուղղե­լու բարձրա­ձայնումնե­րը ժո­ղովրդա­յին հնչե­ղութիւն ստա­նան կամ աւե­լի քա­ղա­քա­գի­տա­կան բա­նա­ձեւումով` աշխա­տի կա­ռուցո­ղա­կան ընդդի­մութիւնը:
Հանրա­հաւա­քա­յին նոր մշա­կոյթի ներկա­յացման ա­ռիթնե­րու ստեղծումը ուրեմն այս պա­րա­գա­յին կը բխի պե­տա­կան շա­հե­րէ եւ ըստ էութեան կը սա­տա­րեն սահմա­նադրա­կան հա­կակշռումի գործա­ռոյթնե­րուն. թէ­կուզ արտա­խորհրդա­րա­նա­կան հարթակնե­րու վրայ:
Մշա­կոյթի մա­սին է խօսքը, ուր տի­րա­պե­տող չէր ժո­ղովրդա­հա­ճո­յութիւնը եւ ա­տոր ա­պա­հովման հա­մար ի գործ դրուող կիրքը, սպառնա­լի­քի կո­պիտ ո­ճը: Ո­լորտա­յին մասնա­գի­տա­կան աշխա­տանքի հանրայնացման ե­ղա­նակն էր, որ կը կի­րարկուէր Ա­զա­տութեան հրա­պա­րա­կին վրայ: Կ՛աշխա­տէր քննա­դա­տել, նոր ուղի մատնա­ցոյց ը­նել, այլընտրանք ներկա­յացնել մե­թո­տա­բա­նութիւնը, որ հա­մո­զիչ էր իբրեւ կա­ռուցո­ղա­կան ընդդի­մութիւն:
Հաւա­նա­բար աննկատ չէր անցած որդեգրուած քա­ղա­քա­կիրթ այս ե­ղա­նա­կը. Ազգա­յին ժո­ղո­վի փոխնա­խա­գա­հը արձա­գանգե­լով Դաշնակցութեան կազմա­կերպած հանրա­հաւա­քին, զայն կ՛ողջունէր եւ կը գնա­հա­տէր իբրեւ քա­ղա­քա­կան բնա­կա­նոն գործընթաց:
Երբ քննա­դա­տութեան կ՛ընկե­րակցի այլընտրանքի տրա­մադրումը, ա­պա քննա­դա­տուո­ղը կամ այս պա­րա­գա­յին գործող մե­ծա­մասնութիւնը պարտի անպայման հա­շուի նստիլ ի­րեն ներկա­յա­ցուող ա­ռա­ջարկնե­րուն հետ:
Քա­ղա­քա­կիրթ աշխա­տե­լաո­ճի, կա­ռուցո­ղա­կան քննա­դա­տութեան կամ հա­կակշիռ ու այլընտրանք ստեղծող արտա­խորհրդա­րա­նա­կան այս աշխա­տա­կարգը ա­ռանցքա­յին դեր ու նշա­նա­կութիւն պէտք է ունե­նայ ընկե­րա­յին ցանցե­րու վրայ հանրա­յին քննարկումնե­րու ձեռնարկող վիրթուալ հա­սա­րա­կութեան հա­մար: Օգտա­գործուող այս ո­ճին հա­կոտնեայ ը­սե­լա­ձեւե­րով, մե­ղադրանքնե­րով եւ անհիմն զրպարտութիւննե­րով նիւթե­րու արտադրանքը ո՛չ միայն չեն նպաստեր ժո­ղովրդա­վա­րացման մի­ջոցնե­րու խիստ կա­րի­քը ունե­ցող գործող մե­ծա­մասնութեան, այլ ընդհանրա­պէս ամբողջ պե­տութեան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կարգի կա­յացման:
Ազգա­յին ժո­ղով-Ա­զա­տութեան հրա­պա­րակ ա­նուղղա­կի երկխօ­սութիւնը կը յա­ջո­ղի՞ լրացնել ստեղծուած սահմա­նադրա­կան բա­ցը` հա­կակշիռ հաստա­տութիւննե­րու աշխուժ աշխա­տե­լու ա­ռումով: Ներկայ պայմաննե­րուն մէջ այդ բա­ցը լրացնե­լը կա­խեալ է գործող մե­ծա­մասնութեան կամքէն:
Բա­ցա­ռա­պէս պե­տա­կան դի­տանկիւնէ` հրա­մա­յա­կան են արտա­խորհրդա­րա­նա­կան հա­կակշռումի գործո­ղութիւննե­րը: