Դաշնակցութիւնը ներկայացուց ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան իր նախագիծը

11 de agosto de 2018

ProgramaՀՅ Դաշնակցութիւնը մշակած է ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթներու իր նախագիծը:
Այս մասին՝ ըստ «Երկիրմեդիա»ի, 10 Օգոստոսին, նախագիծի շնորհահանդէսին ընթացքին յայտնեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչները:

«Մինչ այժմ գործող բոլոր իշխանութիւնները ազատական քաղաքականութեան տէր եղած են, եւ դրօշակ դարձած է «պետութիւնը վատ տնտեսավարող է, պետութիւնը պէտք է հեռու մնայ» խօսքը: Մենք այդ մօտեցումին դէմ ենք: Երբ ունինք շուկայի ձախողութիւն, այդ պարագային պետութիւնը պէտք է ինք տնտեսական գործունէութիւն իրականացնէ», նշեց գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան:

Ըստ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեանի՝ այս նախագիծը չէր կրնար հակասել Դաշնակցութեան նախորդ ծրագիրներուն: «ՀՅԴ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները» նախագիծին նպատակը այս հարցով դաշնակցութեան տեսլականը ներկայացնելն է:

«Այն օրէնսդրական փոփոխութիւնները, որոնք յառաջիկային կը սպասուին, վկայութիւնն են մեր կողմէ առաջարուած մօտեցումներու ճիշդ ըլլալուն: Անոնք կը վերաբերին գնագոյացման արդար համակարգէն մինչեւ եկամուտներու վերաբաշխման քաղաքականութեան», ըսաւ նախարար Արծուիկ Մինասեան:

Ըստ երկու նախարարներուն՝ իրենք որոշ հարցերու շուրջ համախոհութիւն ունին կառավարութեան միւս անդամներուն հետ, բայց իրենց գաղափարները ամբողութեամբ իրականութիւն դարձնելու համար անհրաժեշտ է գործադիրին մէջ լիարժէք մեծամասնութիւն ունենալ:

Նախագիծը այսօրուընէ կը ներկայացուի հանրութեան դատին: Շուրջ երկու ամսուան հանրային քննարկումներէ ետք անիկա պիտի ամփոփուի եւ պիտի ներկայացուի նաեւ նախագիծին վերջնական տեսքը: