Դաւիթ Իշխանեան. “Քարոզարշաւին կանուխ սկսիլը չի համապատասխաներ ներքաղաքական պահանջներուն”

14 de enero de 2020

Հայկա­կան երկու պե­տութիւննե­րու յա­րա­բե­րութիւննե­րուն, 2020-ին տե­ղի ունե­նա­լիք Արցա­խի նա­խա­գա­հա­կան ընտրութիւննե­րուն եւ այլ հարցե­րու մա­սին “Թերթ”-ի թղթա­կից Ա­մա­լիա Ա­ռա­քե­լեա­նի հետ զրուցած է Արցա­խի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգա­մաւոր, նա­խա­գա­հա­կան թեկնա­ծու Դաւիթ Իշխա­նեան: Ըստ ա­նոր, 2019-ի սկիզբը կար լա­րուա­ծութիւն հայկա­կան երկու պե­տութիւննե­րու յա­րա­բե­րութիւննե­րուն մէջ, սա­կայն տա­րե­վերջին այդ լա­րուա­ծութիւնը ո՛չ միայն մեղմա­ցած է, այլ նաեւ` յա­րա­բե­րութիւննե­րը ջերմա­ցած են:

Բա­նակցա­յին գործընթա­ցին Արցա­խի մասնակցութեան մա­սին խօ­սե­լով եւ անդրա­դառնա­լով լրագրո­ղի այն տե­սա­կէ­տին, որ արդեօք հա­կա­սող չէի՞ն այն յայտա­րա­րութիւննե­րը, երբ վարչա­պետ Փա­շի­նեան մէկ կողմէ կ՛ը­սէ, թէ Արցա­խը պէտք է մասնակցի բա­նակցութիւննե­րուն, իսկ միւս կողմէ արտա­քին գործոց նա­խա­րարնե­րու հանդի­պումէն ա­ռաջ կը նշուի, որ Հա­յաստա­նի եւ Արցա­խի դիրքո­րո­շումնե­րը նոյնն են` Դաւիթ Իշխա­նեան ը­սաւ. “2016-ի ապրի­լեան ի­րա­դարձութիւննե­րէն ետք ա­տի­կա բնա­կան է, եւ Հա­յաստա­նի նոր իշխա­նութիւննե­րը, ստանձնե­լով ի­րենց պարտա­կա­նութիւննե­րը, Արցա­խի մասնակցութիւնը բա­նակցա­յին գործընթա­ցին լիարժէք ձեւա­չա­փով օ­րախնդիր դարձուցին, ա­տի­կա նաեւ Արցա­խի իշխա­նութիւննե­րուն ցանկութիւնն է, կարծես թէ, այդ գործընթա­ցին կը փորձեն նոր լիցք հա­ղորդել:

“Ինչ կը վե­րա­բե­րի այդ յայտա­րա­րութիւննե­րուն, կը կարծեմ` բա­նակցա­յին գործընթա­ցի լիարժէք ձեւա­չա­փի վե­րա­կանգնումը եւ տե­սա­կէտնե­րու ամրագրումը ի­րար հա­կա­սող չեն: Ես պէտք է այդ ա­մէ­նը ներկա­յացնեմ արցա­խեան կողմի տե­սանկիւնէն. վերջին 12 տա­րի­նե­րուն մենք ա­կա­նա­տեսն ենք արցա­խեան կողմի կարծր կե­ցուածքին, եւ ե­թէ հա­յաստա­նեան իշխա­նութիւննե­րը այսօր ունին նոյնա­կա­նա­ցուած տե­սա­կէտ Արցա­խի իշխա­նութիւննե­րուն հետ, բնա­կա­նա­բար, մենք կրնանք ողջունել, որ այդ տե­սա­կէտնե­րը կը հա­մընկնին կարծր կե­ցուածքով, եւ յոյսով ենք, որ այդ ա­մէ­նը ոչ միայն խօսքեր են, այլեւ գործնա­կան քայլե­րու պէտք է վե­րա­ծուին”, աւելցուց ան:

2019-ին բա­նակցա­յին գործընթա­ցին մա­սին խօ­սե­լով` Դաւիթ Իշխա­նեան յայտնեց, որ այդ մա­սին տա­րաբնոյթ մեկնա­բա­նութիւններ կան` երկու երկիրնե­րու ա­ռաջնորդնե­րուն, ինչպէս նաեւ արտա­քին գործոց նա­խա­րարնե­րու հանդի­պումնե­րու գնա­հա­տա­կաննե­րուն ա­ռումնե­րով. “Բայց կը կարծեմ, որ բա­նակցա­յին գործընթաց, իբրեւ այդպի­սին, ո­րա­կե­լը աւե­լի ճիշդ է, ո­րովհե­տեւ ինքնին այս կամ այն հանդի­պումը իբրեւ զուտ հանդի­պում ո­րա­կե­լը կ՛ե­րեւի թէ ի­րա­կա­նութեան չի հա­մա­պա­տասխա­ներ: Ը­սել, թէ բա­նակցա­յին գործընթա­ցին մէջ կայ յա­ռա­ջընթաց, այդքան ալ անկեղծ չէինք ըլլար, բայց այն, որ բա­նակցա­յին գործընթա­ցը փուլի մը ընթացքին յայտնուած է փա­կուղիի մէջ, այդ փա­կուղա­յին վի­ճա­կէն դուրս գա­լու պրպտումնե­րու մէջ ենք: Միանշա­նակ չեմ կի­սեր այն կարծիքնե­րը, թէ բա­նակցա­յին գործընթաց չկայ”:

Լրագրո­ղը հարցուց նաեւ 2020-ի նա­խա­գա­հա­կան ընտրութիւննե­րուն եւ այս գծով քա­րո­զարշաւին ժա­մա­նա­կէն ա­ռաջ սկսե­լուն մա­սին` նշե­լով, որ, ըստ Դաշնակցութեան, քա­րո­զարշաւին կա­նուխ սկսի­լը չի հա­մա­պա­տասխա­ներ ներքա­ղա­քա­կան պա­հանջնե­րուն եւ ընդհանրա­պէս այն մարտահրաւէրնե­րուն, ո­րոնց դէմ յանդի­ման կանգնած է երկի­րը:

Դաւիթ Իշխա­նեան, լրագրո­ղին խնդրանքով, խօ­սե­ցաւ նաեւ` իբրեւ նա­խա­գա­հա­կան թեկնա­ծու, իր կա­տա­րե­լիքնե­րուն եւ ծրա­գիրնե­րուն մա­սին:

2019 տա­րին արժեւո­րե­լով եւ 2020-էն ունե­ցած ակնկա­լութիւննե­րուն մա­սին խօ­սե­լով` Դաւիթ Իշխա­նեան ը­սաւ, որ անցնող տա­րին կը բնութագրէ իբրեւ ծանր տա­րի` գո­նէ հայկա­կան պե­տա­կա­նութեան հա­մար, ո­րովհե­տեւ մենք ո՛չ միայն շրջա­նին, այլ աշխարհին մէջ ա­կա­նա­տես ե­ղանք այնպի­սի վե­րա­դա­սաւո­րումնե­րու եւ զարգա­ցումնե­րու, ո­րոնք կրնան ազդել երկրի արտա­քին վտանգնե­րու դի­մա­կա­յե­լու դի­մադրո­ղա­կա­նութեան վրայ: