Հրանդ Մարգարեան.

“Եթէ մենք չենք խօսիր Ղարաբաղի հողային ամբողջականութեան վերականգնման խնդրով, մեծ անպատեհութիւն է խօսիլ որեւէ զիջումի մասին”

27 de septiembre de 2017

Hrant_MarkarianՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան խօսեցաւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի յայտարարութեան մասին` հաստատելով, որ Արցախը ոչինչ ունի զիջելիք:

Ան ըսաւ. «Մենք մեր դիրքորոշումը վաղուց արտայայտած ենք: Եթէ Նալբանդեանը կ՛ըսէ, թէ Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը առաջնահերթ է, ուրեմն Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է որոշէ, ոչ` Նալբանդեանը:  Երկրորդ, եթէ մենք չենք խօսիր Ղարաբաղի հողային ամբողջականութեան վերականգնման խնդրով, շատ մեծ անպատեհութիւն է խօսիլ որեւէ զիջումի մասին:

«Յամենայն դէպս, կը կարծեմ, թէ այս փուլին զիջումներու մասին խօսիլը անխոհեմութիւն է: Մենք ունինք Ղարաբաղ, որ ունի սահմանադրութիւն, ժողովուրդը մէկ անգամ հանրաքուէ կատարած է, երկու անգամ սահմանադրութիւն հաստատած է, եւ Ղարաբաղը հողային պահանջ ունի, իր հողային ամբողջականութիւնը վերականգնելու համար, բայց ոչինչ ունի զիջելիք», հաստատեց Հրանդ Մարգարեան: