Երախտաշատ Անահիտ Տէր Մինասեանի մահուան առիթով

14 de febrero de 2019

Մահը միշտ տխուր է: Մահեր կան որոնք ընկերոջ, բարեկամի, այս պարագային Ֆրանսայի հայկական համայնքին եւ Anahid Ter Minassianընդհանրապէս մեր ժողովուրդին համար, տխրութենէ անդին, կորուստի զօրաւոր զգացում մը կը յուշեն: Հասարակ տեղիք է ըսել, որ պիտի զգացուի իր բացակայութիւնը հայ կեանքի մէջ, ինչպէս կը կրկնուի զանազան առիթներով:

Անահիտ Տէր Մինասեան մեր պատմութեան եւ դատին իրազեկ եւ գիտական պատրաստութեամբ անձ էր, առանց բանտարկուած մնալու ամպիոններու ստուերին մէջ:

Իր խօսքը բեմի համար հնչած աւուր պատշաճի ճառ չէր: Ինչ որ կը բերէր, բերաւ, այդ ճշմարտութեան եւ իրաւունքի ձայնն էր:
Առաջին անգամ լսած եմ իր մասին աւելի քան կէս դար առաջ, Պէյրութի Համազգայինի գրախանութը, ուր գտայ ֆրանսական կարեւոր հրատարակութիւն ESPRIT պարբերականին մէջ իր հայկական հարցին նուիրուած յօդուածը: Այն օրերու հայկական հարցի եւ պատմութեան մասին նման հրատարակութիւններու մէջ յօդուածներ լոյս չէին տեսներ: Ցեղասպանութիւն եւ Հայկական Հարց ներազգային խնդիր էր, միջազգային համայնքը մոռացման դարակներու մէջ դրած էր Հայկական Հարցը, Ցեղասպանութիւնը, այդ բոլորին վրայէն նոր համաշխարհային պատերազմ մը անցած էր, Պաղ Պատերազմի տարիներ էին:

Եղեռնի 50ամեակ էր: Անահիտ Տէր Մինասեանի ESPRIT կարեւոր հրատարակութեան մէջ լոյս տեսած յօդուածը ոչ թէ քարոզչական կամ լրագրական տեղեկատուութիւն էր, այլ Հայկական Հարցի միջազգայնացման համար առնուած կարեւոր քայլ: Ճիշդ է, այդ օրերէն ի վեր օտար լեզուներով բազմաթիւ գիտական յօդուածներ եւ գիրքեր լոյս տեսան, բայց հիմա երբ կը յիշեմ Անահիտ Տէր Մինասեանի յօդուածը եւ անոր ձգած տպաւորութիւնը, գէթ այն սերունդին վրայ, որ բանակ չէր, կը տարուիմ ըսելու, յիսուն տարի առաջ Հայկական Հարցը այժմէականացուցած երիտասարդ պատմաբանին՝ «վարձքդ կատար»:Պէյրութի ԱԶԴԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը գացած էի, հոն յայտնեցին, որ այսօր մահացած էր Անահիտ Տէր Մինասեանը: Գիտէի որ հիւանդ էր, բայց քաջաբար կը պայքարէր, չէր դադրեր գործելէ, չէր կծկուեր զինք կրծող ցաւին վրայ: Կը շարունակէր գրել եւ խօսիլ: Այսինքն, մինչեւ իր վերջին շունչը մնաց իր գիտական կոչման եւ ազգային պատկանելիութեան հաւատարիմ եւ յանձնառու մտաւորական: Ոչ իր ակադեմական պատրաստութիւնը եւ ոչ տարիքն ու հիւանդութիւնը նուազեցուցին իր աշխատանքը եւ յամառ զոհաբերութեան ոգին:

Միամիտներու պէս պիտի չըսեմ, որ ազնիւ եւ անփոխարինելի էր Անահիտ Տէր Մինասեան, բայց պիտի վկայեմ, որ ան իր ժողովուրդին եւ գիտութեան ընծայեց իր լաւագոյնը:

Կը բնակէր Ֆրանսայի Ֆրէն քաղաքը: Ծնած էր 1933ին, ընդունուած եզրով «անհայրենիք» դարձած ընտանիքի մէջ (apatride): Ծնողքը զինք միայն եօթը տարեկանին դպրոց ղրկած են, որպէսզի նախ հայերէն սորվի: Օրինակելի նախանձախնդրութիւն մը… Պատմաբան, ան դասաւանդած է Ընկերային Գիտութեանց բարձրագոյն վարժարանին մէջ, նաեւ Փարիզի համալսարանը: Իր ուշադրութեան առանցքին գտնուած են Հայաստանը, հայութիւնը, Խորհրդային Միութիւնը եւ անոր փլուզման յաջորդող ժամանակշրջանները:

Անահիտ Տէր Մինասեան հայոց պատմութիւնը կրած է իր ծիներուն մէջ: Թոռնուհին էր մեր ԺԹ. դարու պատմութեան դժխեմ օրերուն առեւանգուած ակամայ հերոսուհի Կիւլիզարի, որ կ’ազատագրուի համաժողովրդական բողոքի ալիքի հետեւանք դատական որոշումով: Անահիտ Տէր Մինասեանի մայրը գիրքով մը պատմած է ցաւագին յիշողութեամբ այդ դրուագը, որուն ֆրանսերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ 1993ին. Les noces noires de Gulizar:

Դասախօսի պաշտօնի կողքին, Անահիտ Տէր Մինասեան մնայուն ներկայութիւն էր հայ կեանքին մէջ, Ֆրանսա եւ տարբեր երկիրներ: Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանի Անդրանիկ Հանրապետութեան, Հայաստանի եւ Կովկասի միւս երկիրներուն, եւ սփիւռքի մասին, եւայլն:

Կ’ուզեմ այս պահուն վեր առնել իր վաստակը՝ որպէս կտակ գալիք սերունդներուն, իր յանձնառու հաւատարմութիւնը իր ժողովուրդին, իր խանդավառ, անխոնջ եւ միշտ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը, հաւատարիմ գիտնականի որակին:
Օրինակելի հայ անձնաւորութիւն մըն էր Անահիտ Տէր Մինասեան:

Հիմա որ պիտի չլսուի իր ձայնը, պէտք է որ սերունդները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, զինք միշտ վերագտնեն ազգի ժառանգութիւն դարձած իր գիրքերուն մէջ, դիմագրաւելու համար գալիքը՝ իր կենսաոճը եղած անձնդիրի ապրումով:

Զինք ճանչցողները պիտի ըսեն՝ վարձքդ կատար: Անհաճոյակատար զգացումով:
Սերունդները որ կու գան օր մը պէտք է կարողանան ըսել՝ շնորհակալութիւն եւ կը շարունակենք գործդ: Այդ կ’ըլլայ ազգի իրաւ գնահատանքը: