Երեւանեան Նիստը նոր հորիզոններ բացաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Առջեւ

08 de octubre de 2019

 

Ե­րեւա­նի մէջ տե­ղի ունե­ցաւ Եւրա­սիա­կան տնտե­սա­կան միութեան (ԵՏՄ) Բարձրա­գոյն խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստը, ո­րուն կը մասնակցէին ԵՏՄ անդամ պե­տութիւննե­րու ղե­կա­վարնե­րը եւ 3 հրաւի­րեալ երկիրնե­րու ա­ռաջնորդներ:
Ընդլայնուած կազմով նիստին պի­տի քննարկուէր ԵՏՄ-ի 2018-ի պիւտճէի կա­տա­րո­ղա­կա­նը, ԵՏՄ-ի 2020-ի պիւտճէն, ԵՏՄ-ի միասնա­կան ֆի­նանսա­կան շուկա­յի կազմաւորման հա­յե­ցա­կարգը, ԵՏՄ-ի ներքին շարք մը փո­փո­խութիւններ եւ Բարձրա­գոյն խորհուրդի յա­ջորդ նիստի վայրը:
Հա­յաստա­նի վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան` իբրեւ ԵՏՄ-ի նա­խա­գա­հող եւ հիւրընկա­լող երկրի ղե­կա­վար, ողջունե­լով նիստին մասնա­կիցնե­րը` նշեց, որ ի­րեն հա­մար մեծ պա­տիւ է հերթա­կան նիստի ընթացքին ներկա­նե­րը ողջունել Ե­րեւա­նի մէջ:
«Մեր կազմա­կերպութիւնը, որ արդէն 5 տա­րե­կան է, կը շա­րունա­կէ տա­րուէ տա­րի աւե­լի ա­մուր դառնալ: Ա­նի­կա արդէն ցոյց տուած է իր կենսունա­կութիւնը եւ գրաւչութիւնը` իբրեւ մի­ջազգա­յին հա­մարկումի միութիւն», ընդգծեց Հա­յաստա­նի վարչա­պե­տը:
Նի­կոլ Փա­շի­նեան ը­սաւ, թէ Հա­յաստա­նը այս տա­րի ԵՏՄ-ի նա­խա­գա­հող երկիրն է եւ բա­ցի միութեան անդամ երկիրնե­րու ղե­կա­վարնե­րէն, նիստին կը մասնակցին Սինկա­փուրի վարչա­պե­տը, Ի­րա­նի եւ Մոլտո­վա­յի նա­խա­գահնե­րը. «Ա­տի­կա մեր նա­խա­գա­հութեան խորհրդանշա­կան գա­գաթնա­կէտն է»:
Վարչա­պե­տը նշեց, որ ա­ռա­ջին անգամ նիստի շրջա­գի­ծին մէջ տե­ղի կ՛ունե­նայ մի­ջազգա­յին հա­մա­ժո­ղով` նուի­րուած Եւրա­սիա­կան մայր ցա­մա­քի տա­րանցման կա­րե­լիութիւննե­րուն: Ան վստա­հութիւն յայտնեց, որ այս ի­րա­դարձութիւնը պի­տի ծա­ռա­յէ իբրեւ արդիւնաւէտ հարթակ` ա­ռեւտրա­կան-տնտե­սա­կան կա­պե­րը ամրապնդե­լու եւ Եւրա­սիա­կան տա­րածքին մէջ գումա­կա­յին պատկե­րա­ցումներ մշա­կե­լու հա­մար:
Արդիւնաւէտ հա­մա­գործակցութեան հա­մար Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նը կա­րեւոր նկա­տեց ԵՏՄ-ի շրջա­գի­ծին մէջ աշխա­տուժի ա­զատ տե­ղա­շարժի հա­մար առկայ արգելքնե­րը վե­րացնե­լուն ուղղուած մի­ջոցնե­րը, ո­րոնք կը խո­չընդո­տեն աշխա­տուժի միասնա­կան շուկա­յի ձեւաւո­րումը:
Ա­նոր հա­մա­ձայն, ե­լեկտրո­նա­յին թուա­յին ստո­րագրութիւննե­րու փո­խա­դարձ ճա­նա­չումը հաւա­նա­կան մա­տա­կա­րարնե­րու` ե­լեկտրո­նա­յին ձեւա­չա­փով գնումնե­րուն անխո­չընդոտ մասնակցութիւնը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար նոյնպէս ա­ռանձնա­յա­տուկ ուշադրութիւն պա­հանջող ա­ռաջնա­հերթ հարցե­րէն է, եւ անհրա­ժեշտ է բո­լո­րին հա­մար ընդունե­լի լուծում գտնել:
Վարչա­պե­տը ը­սաւ, թէ հա­մարկումի գործընթա­ցը կ՛ըլլայ աւե­լի աշխուժ, ե­թէ մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը հա­մո­զուին, որ մեր աշխա­տանքին շնորհիւ ո­րո­շումներ կը կա­յա­ցուին զգա­յուն հարցե­րու վե­րա­բե­րեալ, ո­րոնք ա­նոնց կենսա­մա­կարդա­կի եւ աշխա­տանքա­յին պայմաննե­րու անմի­ջա­կան բա­րե­լաւման կը հասցնեն: «Վստահ եմ, որ այս ուղղութեամբ ի­րա­կա­նա­ցուող հե­տեւո­ղա­կան աշխա­տանքը թոյլ կու տայ մե­զի ո՛չ միայն արդիւնաւէ­տօ­րէն վե­րացնել խո­չընդոտնե­րը, այլեւ կը նպաստէ աւե­լի ամբողջա­կան հա­մարկման` հաւա­սա­րութեան, փո­խա­դարձ շա­հի եւ մէկզմէ­կու շա­հե­րու յարգանքի սկզբունքնե­րու հի­ման վրայ», ը­սաւ ան:
Վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան նշեց նաեւ, որ անհրա­ժեշտ կը նկա­տեն աշխուժացնել միա­ցեալ ջանքե­րը` ուղղուած ԵՏՄ-ի երկիրնե­րուն մի­ջեւ ազգա­յին արժոյթնե­րով հա­շուարկնե­րու անցման հա­մար բա­րենպաստ պայմաննե­րու ստեղծման. «Հա­կա­ռակ դրա­կան աշխուժութեան` կան ո­լորտներ, մասնաւո­րա­պէս, կա­զի շուկան, ուր ԵՏՄ-ի երկիրնե­րու ապրանքնե­րը աւանդա­բար կ՛ա­ռա­ջարկուին միութեան անդամ չհանդի­սա­ցող երկիրնե­րու ազգա­յին արժոյթով, եւ ազգա­յին արժոյթնե­րով փո­խա­դարձ գործակցութեան հա­մար դաշտի ա­ռաւե­լա­գոյն ընդլայնումը պէտք է ըլլայ մեր ա­ռաջնա­հերթութիւննե­րու շարքին»:
Փա­շի­նեան ը­սաւ, թէ այսօ­րուան հանդիպման օ­րա­կարգին վրայ նե­րա­ռուած է Միասնա­կան ֆի­նանսա­կան շուկայ ստեղծե­լու հա­յե­ցա­կարգի հարցը. «Ա­սի­կա ինքնին արդէն լուրջ քայլ է ընդհա­նուր ֆի­նանսա­կան տա­րածքի ձեւաւորման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ նա­խադրեալ է ԵՏՄ-ի ժա­մա­նա­կա­կից վճա­րա­հա­շուարկա­յին հա­մա­կարգի կա­ռուցման եւ ազգա­յին արժոյթնե­րով հա­շուարկնե­րու անցնե­լուն բա­րենպաստ պայմաններ ստեղծե­լու հա­մար»:
Վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան յայտնեց, որ Հա­յաստան կա­րեւոր կը նկա­տէ Եւրա­սիա­կան տնտե­սա­կան միութեան արտա­քին տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րութիւննե­րու աշխարհագրութեան ընդլայնումը: Ա­նոր հա­մա­ձայն, արդէն այս ա­միս ուժի մէջ կը մտնեն Ի­րա­նի եւ Չի­նաստա­նի հետ հա­մա­ձայնա­գիրնե­րը:
«Օգտուե­լով անկէ, որ այստեղ ներկայ է յարգե­լի պա­րոն Ռուհա­նին, ես կը ցանկամ վստա­հութիւն յայտնել, որ ԵՏՄ-ի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ ժա­մա­նա­կաւոր հա­մա­ձայնա­գի­րը կը ծա­ռա­յէ իբրեւ մղիչ ուժ մեր փո­խա­դարձ ա­ռեւտուրի հե­տա­գայ զարգացման հա­մար: Ա­տի­կա դրա­կա­նօ­րէն պի­տի ազդէ մեր երկիրնե­րու տնտե­սա­կան վի­ճա­կին վրայ` յաւե­լեալ արժէ­քի նոր շղթա­նե­րու լրացման եւ ստեղծման հա­շուոյն», ը­սաւ Փա­շի­նեան:

Փութին. «Ա­ռաջնա­հերթութիւն Է Ֆի­նանսա­կան Ո­լորտին Մէջ Հա­մա­միութե­նա­կան Կարգաւորման Ներդրումը»

Ռուսիոյ նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փութին հա­մա­ձայն է Եւրա­սիա­կան տնտե­սա­կան միութեան Բարձրա­գոյն խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին միութեան աշխա­տանքին մա­սին տրուած դրա­կան գնա­հա­տա­կաննե­րուն:
«Ա­նի­կա կա­յունութեամբ կը զարգա­նայ, ստեղծուած է ծաւա­լուն ընդհա­նուր շուկայ, որ յա­ջո­ղութեամբ կը գործէ: Եւրա­սիա­կան միութեան շրջա­գի­ծին մէջ հա­մարկումի հո­լո­վոյթնե­րը աւե­լի բա­րենպաստ ազդե­ցութիւն կ՛ունե­նան մասնա­կից երկիրնե­րու տնտե­սութիւննե­րու ա­ճին վրայ եւ կը նպաստեն մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու կենսա­մա­կարդա­կի բա­րե­լաւման», իր ե­լոյթին ընթացքին ը­սաւ ան:
Ռուսիոյ նա­խա­գա­հը ընդգծեց, որ միա­ժա­մա­նակ անդամ երկիրնե­րուն առջեւ նոր մարտահրաւէրներ կան, օ­րի­նակ, աւե­լի մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել ապրանքնե­րու եւ ծա­ռա­յութիւննե­րու ա­ռեւտուրի խո­չընդոտնե­րու վե­րացման, ո­րոնք առկայ են շուկա­յի տարբեր ո­լորտնե­րուն մէջ:
Ա­ռաջնա­հերթութիւննե­րու կարգին է նաեւ ֆի­նանսա­կան ո­լորտին մէջ հա­մա­միութե­նա­կան կարգաւորման ներդրումը, ընթա­ցիկ նիստի աւարտին կը նա­խա­տե­սուի այդ հարցին վե­րա­բե­րեալ հա­յե­ցա­կարգի հաստա­տում:
«ԵւրԱ­զես-ի ֆի­նանսա­կան շուկա­յին վե­րա­բե­րեալ փաստա­թուղթը պի­տի դառնայ ճա­նա­պարհա­յին քարտէս դրա­մատնա­յին եւ ա­պա­հո­վագրա­կան ծա­ռա­յութիւննե­րու, արժե­թուղթե­րու հետ կա­պուած գործարքնե­րու վե­րա­բե­րեալ ընդհա­նուր կա­նոննե­րու մշակման ու հաստատման հա­մար», ը­սաւ ան:
Ռուսիոյ նա­խա­գա­հը գո­հունա­կութեամբ խօ­սե­ցաւ նաեւ ուժա­նիւթի ո­լորտի միութե­նա­կան օ­րէնսդրութեան կա­տա­րե­լա­գործման մա­սին:
Փութին ընդգծեց, որ ԵՏՄ-ի պայմա­նա­գիրնե­րու աշխարհագրութիւնը միշտ կ՛ընդլայնի:
«Միաւո­րումը ա­ռարկա­յա­կան բա­նակցութիւններ կը վա­րէ քա­նի մը երկրի, ինչպէս նաեւ 20 մի­ջազգա­յին կա­ռոյցնե­րու եւ կազմա­կերպութիւննե­րու հետ: Ա­նոնց կարգին են Սերպիան, Իսրա­յէ­լը, Ե­գիպտո­սը: Շուտով ա­զատ ա­ռեւտուրի գօ­տիի վե­րա­բե­րեալ նոյնանման բա­նակցութիւններ պի­տի սկսին Հնդկաստա­նի հետ, որ մեծ շուկայ ունի եւ տնտե­սութեան զարգացման ա­րա­գութեամբ այսօր աշխարհին մէջ ա­ռա­ջինն է», յայտա­րա­րեց ան:
Ռուսիոյ նա­խա­գա­հը ը­սաւ, թէ 23-24 հոկտեմբե­րին Սո­չիի մէջ ա­ռա­ջին անգամ ըլլա­լով տե­ղի պի­տի ունե­նայ Ռուսիա-Ափրի­կէ վե­հա­ժո­ղո­վը, Եւրա­սիա­կան տնտե­սա­կան յանձնա­ժո­ղո­վը մտա­դիր է ստո­րագրել փո­խըմբռնման յուշա­գիր Ափրի­կեան միութեան հետ: