Երեւանի համար “Խելացի Քաղաք” կոչուած ռազմավարութիւն պիտի մշակուի

28 de marzo de 2019

Erevan 12Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Հրաչեայ Սարգսեան «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի «Խելացի քաղաք» նախաձեռնութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան խորհրդատու Ֆրետ Սիթպոնի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան կողմէ մշակուած «Խելացի քաղաք» լուծումները ներկայացուեցան: Սոյն ծրագիրը տարբեր երկիրներու մէջ յաջողութեամբ ներդրուած են՝ ներառելով այնպիսի հնարաւորութիւններ, ինչպիսիք են հեռաձայնելու սպասարկման կեդրոնը, հեռաձայնի յաւելուածները եւ անհատական թուային օգնականը: Այս մասին կը հաղորդէ “Երկիր”-ը։

Հրաչեայ Սարգսեան տեղեկացուց, որ Երեւանի քաղաքապետարանը «Խելացի քաղաք» հայեցակարգի մշակման ուղղութեամբ պիտի ձեռնարկէ քայլերու, որոնք քաղաքային տնտեսութեան տարբեր ոլորտներուն «խելացի» լուծումներ ապահովելու համար գործնական ծրագիր պիտի դառնան:

Երեւանի քաղաքապետարանը համագործակցութեան առաջարկը կարեւոր կը համարէ։ Քաղաքապետի առաջին տեղակալը ըսաւ. «Ուրախ ենք, որ խելացի քաղաք ունենալու հարցով նոյն պատկերացումները ունինք եւ երեւանը այսօր աշխարհին զուգընթաց կը քալէ»։

Կողմերը պայմանաւորուեցան յառաջիկային քննարկել համագործակցութեան ուղղութիւնները: